
Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ակումբներուն պատասխանատուներն ու ներկայացուցիչները, երէկ յատուկ հանդիպում մը ունենալէ ետք Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հետ, հրապարակեցին հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Մենք` Ա. դասակարգի ակումբներս, կը զօրակցինք Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ անոր նախագահին` Ուալիտ Նասսարին, կտրուկ կերպով մերժելով բոլոր այն քննադատութիւնները, որոնց կ՛ենթարկուի ան` կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ:
«Մենք կը մերժենք այդպիսի արարքներ, որոնք կ՛ըլլան ի հեճուկս լիբանանեան պասքեթպոլին:
«Կը մաղթենք, որ բոլոր տեսակի լրատուամիջոցները դրական ձեւով մօտենան եւ աշխատին ի շահ Լիբանանի եւ մասնաւորաբար պասքեթպոլին»:


