
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումները:
Արձանագրուած արդիւնքները պիտի կրկնեն նախորդ տարեշրջանի աւարտականը` նկատի ունենալով, որ Լիբանանեան բանակն ու Սատաքա ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը:
Նախորդ տարեշրջանին այս մրցաշարքին տիտղոսակիրը` Լիբանանեան բանակը 3-2 արդիւնքով յաղթեց Ղըպէյրիին, մինչ նախորդ տարեշրջանի ախոյեան Սատաքա «Էյ. Եու. Սի. Ի.»-ին` 7-5 արդիւնքով:
Նշենք, որ երկու մրցումներն ալ տեղի ունեցան «Էմիլ Լահուտ» մարզահամալիրին մէջ:


