Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ռոյ Հոճսըն կը վայելէ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղարին` Ալեքս Հոռնի զօրակցութիւնը` նկատի ունենալով, որ վերջինս կը յայտնէ, որ Հոճսըն 2014-ի Մոնտիալէն ետք ալ պիտի մնայ իր պաշտօնին վրայ եւ իր կազմին հետ պիտի մասնակցի Եուրօ-2016-ի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի մէջ` մասնակցելով անոր զտումի մրցումներուն:
Երէկ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին Հոռն ըսաւ, որ իր անձնական կարծիքով, Հոճսըն սքանչելի ձեւով կը կատարէ իր պաշտօնը, հետեւաբար պէտք է մնայ մարզիչ:
Նշենք, որ Հոռն այն չորս անձերէն մէկն է, որ 66 տարեկան Հոճսընը նշանակեց Անգլիոյ մարզիչ:


