Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑԻ ԵՒ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

March 10, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծ շուքով այս տարեշրջանին ալ նշուեցաւ Վարդանանցը` Ազգային Աբգարեան վարժարանին մէջ: Երեքշաբթի, 2 մարտ 2011-ին Ծաղիկէն` Զ. կարգի աշակերտները, գործադրեցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը` խմբային արտասանութեամբ, Վարդանանցի երգերով եւ կենդանի պատկերով, որուն աւարտին` վարժարանի տնօրէնուհի Գեղանի Էթիմեզեան բացատրեց, թէ դարեր ետք ինչու կը տօնենք Վարդանանցը, եւ ինչ պէտք է ընել, որ հաւատարիմ մնանք Վարդանանց Ուխտին: Աշակերտներուն նուիրուեցան Վարդանանցի Խորհուրդը ներկայացնող մեծադիր նկարներ:

Չորեքշաբթի, 3 մարտ 2011-ին` Ազգային Աբգարեան վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները հրաւիրուած էին ներկայ գտնուելու Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի կազմակերպած Վարդանանց տօնակատարութեան, Յակոբ Տէր Մելքոնեան սրահ, իսկ տարրականի եւ մանկապարտէզի աշակերտներն ու իրենց ծնողները մէկտեղուած էին վարժարանին հանդիսասրահը` «Ուրախ Բարեկենդանի» տօնակատարութեան: Ծնողները ծպտած էին տարրականի աշակերտները, մինչ մանկապարտէզի աշակերտները գրեթէ անճանաչելի դարձած էին իրենց այլազան հագուստներով եւ դիմայարդարումով:

Երգն ու պարը, մանաւանդ ուրախ տրամադրութիւնը կը գերիշխէր: Մայրերը կը փայլէին` գունագեղ  մանեակներով, զորս նուիրած էին իրենց զաւակները: Ճոխ էր յայտագիրը, որմէ անմասն չմնացին նաեւ ծնողները, զանազան խաղերու իրենց մասնակցութեամբ:

Խամաճիկները կը վարէին յայտագիրը: Փուչիկներ, մրցանակներ համակած էին ներկաները խինդով ու ծիծաղով:

Հանդիսութեան աւարտին աշակերտներն ու ծնողները հիւրասիրուեցան այլազան անուշեղէններով: Անհրաժեշտ էր նախապատրաստութիւնը` պահեցողութեան օրերուն:

Ծնողք-դպրոց գործակցութեան ծիրին մէջ դիտուած` այս տարեշրջանի Բարեկանդանը` քայլ մը առաջ իրագործում մըն էր:

Նախորդը

ՆՈՐ ԱՒԱՐԱՅՐ

Յաջորդը

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ՔՈԼԷՃԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.