Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան Այցելեց Ազգային Սուրէն Խանամիրեան Քոլեճ

February 13, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

khanamirՉորեքշաբթի, 12 փետրուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճին համար տօնական ու խնդութեան օր էր, որովհետեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ վարժարան:

Սրբազանը դիմաւորուեցաւ վարժարանի մնայուն բարերար Միրէյ Խանամիրեանի, հոգաբարձութեան, Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներու, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, պաշտօնէութեան, աշակերտներուն, ծնողներուն եւ շրջանի պատկան մարմիններուն կողմէ: Ապա վարժարանի սրահին մէջ ներկայացուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը` սրբազանը ծանօթացնելու վարժարանի աշխատանքներուն:

khanamir1Այս առիթով խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան, որ մեծ ուրախութեամբ բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր, որ իր ընտրութենէն հազիւ քանի մը ամիս ետք այցելեց իր տունը, որպէսզի մօտէն ծանօթանայ իր զաւակներուն: Ան ըսաւ. «Օրհնաբեր այս այցելութիւնը խթանիչ ուժ է եւ քաջալերանք բոլորիս, որպէսզի յաւելեալ կորովով եւ նուիրուածութեամբ շարունակենք մեր կրթական գործը` հայ աշակերտը հայ դպրոցին մէջ տեւաբար հայ եւ յաջողակ պահելու համար»:

Աշակերտներուն կողմէ խօսք առաւ Թ. կարգէն աշակերտուհի մը, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ` «մենք քաջ կը գիտակցինք, որ դուք ձեր գուրգուրանքին եւ հովանիին ներքեւ պահելով մեր վարժարանը, մօտէն կը հետաքրքրուիք մեր բոլոր հարցերով, ինչպէս նաեւ ձեր այցելութեամբ` ծանօթանալով մեր վարժարանի առօրեային եւ աշակերտներուն, կու գաք վստահեցնելու, թէ` դուք ձեր օրհնաբեր ներկայութեամբ կը սատարէք վարժարանի վերելքին»: Ան խոստացաւ նաեւ առաջնահերթութիւն նկատել հայ դպրոցն ու հայեցի դաստիարակութիւնը, ինչպէս նաեւ տէր կանգնիլ հայոց լեզուին, մշակոյթին, գրականութեան եւ պատմութեան, որպէսզի Մեսրոպ Մաշտոցի ջահը անմար պահենք:

Գեղարուեստական յայտագիրով աշակերտները ներկայացուցին «Հայաստան», «Մահապա», «Լորտ Պրայընզ քոթզ էպաութ արմինիընզ», «Մեսրոպաբոյր» կտորները, ինչպէս նաեւ հանդէս եկան «Մայրիկ» նազպարով:

Յայտագիրի աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ գոհունակութեամբ շնորհաւորեց աշակերտներն ու պատասխանատուները պատրաստուած հանդիսութեան համար, որ ապացոյց մըն էր վարժարանի յարկին տակ տարուած աշխատանքներուն: Ապա ան մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ աշակերտներուն հետ, պատուիրեց անոնց լաւ սորվիլ բոլոր դասերը, սակայն նախապատուութիւն տալ հայերէնին, որովհետեւ` «ինչ որ հայկական է, թանկագին է», ուրեմն անհրաժեշտ է կառչած մնալ ու տէր կանգնիլ հայկականին: Սրբազանը խոստացաւ աշակերտներուն նաեւ, իր հովուապետական գաւազանով դառնալ այն բարի հովիւը, որ պիտի առաջնորդէ իր հօտը դէպի ապահով ափեր:

Աւարտին, սրբազան հայրը շրջեցաւ դասարանները` մօտէն ծանօթանալու աշակերտներու աշխատանքներուն եւ առօրեային:

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Հազը Եւ Անոր Պատճառները» Նիւթով Դասախօսութիւն

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռայի Պատրիարքին Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։