Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ձեռք Երկարենք» Յայտագիրը` 5 Տարեկան

February 13, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

5 տարի առաջ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին նախաձեռնութեամբ սկսաւ «Ձեռք երկարենք» յայտագիրը, որուն հիմնական նպատակը եղաւ ըլլալ լոյս մը խաւարին մէջ, փակուած դրան փոխարէն բաց դուռ մը, յուսահատութիւնը անտեսելով յոյս սփռող միջոց մը, կեանքի ժխտական երեւոյթներուն ի հեճուկս բացուած դրական էջ մը: Յայտագիրը իր 37 յայտագիրներուն ընդմէջէն իր կարելին ըրաւ ծառայելու այս նպատակին: Արդարեւ, իւրաքանչիւր յայտագիրի ընթացքին ներկայացուեցաւ օժանդակութեան կարիք ունեցող պարագայ մը, հիւանդութենէն տառապող մը, որ կարիք ունի աջակցութեան` իր վատ վիճակէն դուրս գալու, բուժուելու եւ երբեմն մահուան ճիրաններէն փրկուելու համար: «Ձեռք երկարենք»-ը ձեռք երկարեց կարիքաւորին, երիտասարդին, մօր կամ հօր, մանուկին, ծերունիին` փորձելով նուիրատու ունկնդիրներուն ճամբով թեթեւցնել անոնց ցաւը, բուժել վէրքը, լուծումներ գտնել բազմաթիւ հարցերու եւ դժուարութիւններու: Յայտագիրին յաջողութեան հիմնական երաշխիքը հանդիսացան ընթերցողները, որոնք տուեալ պարագային մասին տեղեկանալէ ետք իրենց նուիրատուութեան ճամբով օժանդակեցին անոնց:

Յայտագիրին 5-րդ ամեակը եղաւ իւրայատուկ, արդարեւ, հաղորդավար Մարալ Հարպոյեանը հիւրընկալեց Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը, Մարալ Տէյիրմենճեանը, Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեանը, Նազիկ Քեզեճեանը, Սիլվա Քիւրքճեանն ու Թորոսեան վարժարանի աշակերտները:

37-րդ յայտագիրին պարագան ճեմարանական Յակոբն էր, որ ներկայիս համալսարանական է, ան ինքնաշարժի արկած ունեցած է եւ 7 ամիսէ ի վեր անկողինին կը ծառայէ: Ան ենթարկուած է երկու վիրաբուժական մեծածախս գործողութիւններու, եւ բժիշկները յոյս յայտնած են, որ մարզանքներով եւ դեղերով, ան վերագտնէ իր առողջութիւնը «Ձեռք երկարենք»-ի Յակոբին նուիրուած յայտագիրին ընթացքին գոյացաւ 16 միլիոն լ. ոսկի, սակայն տակաւին պահանջքը մեծ է, եւ Յակոբ կարիք ունի օժանդակութեան:

Յայտագիրին ընթացքին նաեւ ընթերցուեցան Յակոբի ուսուցիչներուն եւ դասընկերներուն կողմէ վկայութիւններ ու սրտի խօսքեր, որոնցմէ ոմանք կը ներկայացնենք ստորեւ:

Ճեմարանի երկրորդական բաժնի երեք տարիներուն ունեցայ Յակոբը իբրեւ աշակերտ: Ան իմ վրաս անջնջելի տպաւորութիւն ձգած է, որպէս լրջամի՛տ տղայ, որ չի՛ վստահիր միայն իր բնատուր ուշիմութեան, այլ հետեւողական, կազմակերպ, յամառ ու բծախնդիր աշխատանքով կը դիմէ դէպի նպատակ մը, որուն ընտրութիւնն ալ ինք կատարած է: Թուլութիւնը, ինքնահաճ մօտեցումը անծանօթ են Յակոբին նման զօրաւոր անհատականութիւն ունեցողին. եւ երբ ես իմացայ ցաւալի արկածին մասին, որ զինք առժամաբար գամած է աթոռին, բարձրաձայն ըսի. «Իմ ճանչցած Յակոբս անպայմա՛ն ոտքի կ՛ելլէ կրկին»: Յաջողութի՛ւն, Յակոբ:

ՇԱՂԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
24-1-2014, Պէյրութ

Յակոբը շատ բծախնդիր, պարտաճանաչ եւ աշխատասէր աշակերտ մըն էր:

Անհոգութեամբ չէր մօտենար հարցերուն եւ լաւագոյնին կը ձգտէր:

Առողջութիւն եւ բարի ապաքինում կը մաղթեմ իրեն, իսկ ծնողքին, քրոջն ու եղբօրը` ուժ ու կորով, համբերութիւն եւ տոկալու կամք:

ՆԵԼԼԻ ԿԷՕՆԻՒԼԵԱՆ

 

Սիրելի՛ Յակոբ,

Ճեմարանի ութերորդ դասարանի աշակերտները, քեզի կը մաղթեն` առողջութիւն, յաջողութիւն, երջանկութիւն, խաղաղութիւն եւ երկար կեանք: Կը յուսանք, որ կը լաւանաս:

ԳԱՐԻՆ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ

 

Քեզի կը մաղթեմ առողջութիւն, երջանկութիւն. կը յուսամ, որ շուտով կը լաւանաս եւ կը վերադառնաս ակումբ կրկին խմբապետ դառնալու համար:

ՀԱՅԿ ԱՒԵՏԻՍ

 

Կամք ունեցիր, զօրաւոր եղիր եւ կեանքիդ մէջ մի յանձնուիր, պայքարիր, որպէսզի արդիւնք ստանաս: Մենք միշտ քովդ ենք եւ քեզի կ՛ուզեմ ըսել` կամենալը կարենալ է: Յաջողութիւն:

ՎԱՐԱԳ-ԿԱՅԾ

 

Կը մաղթենք, որ շուտով լաւանաս ու առողջանաս, ու վերադառնաս քու ուրախ եւ հանգիստ կեանքիդ: Կը մաղթենք նաեւ, որ մնաս ուրախ:

ՀԵՐԱ ՏԷՏԷԵԱՆ

 

Սիրելի՛ Յակոբ, կը մաղթեմ, որ շուտ լաւանաս եւ ունենաս քու նախկին առողջութիւնդ եւ կեանքդ: Բայց բնաւ մի՛ յուսահատիր, որովհետեւ ամէն բան ունի իր լաւ լուծումը: Կը մաղթեմ նաեւ յաջողութիւն եւ շուտափոյթ ապաքինում:

ԼԱԼԷ ՉԱՓԱՐԵԱՆ

 

ՈՒԹԵՐՈՐԴ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԿՈՂՄԷ

Նախորդը

«Յուսաբեր»-ի Հիմնադրութեան 100-ամեակ Եւ Այս Առիթով Կազմակերպուած Եգիպտահայ Մամուլի Ցուցահանդէսը

Յաջորդը

Գիրք, Ուր Հեղինակն Ու Ընթերցողը Կը Միանան

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.