«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պայէրն Միւնիխի ֆրանսացի յառաջապահ Ֆրանք Ռիպերի վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Արսենալի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումին:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 19 փետրուարին` Անգլիոյ մէջ:
Ռիպերի, որ թեթեւ վիրաբուժութեան մը ենթարկուեցաւ, շուրջ երկու շաբաթ պիտի բացակայի դաշտերէն, յայտնեց «Պունտըսլիկա»-ի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ բազմած Պայէրն Միւնիխ:


