
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբը արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` յաջորդական երկու պարտութենէ ետք:
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, որուն ընթացքին դաշտը ողողուած էր ՀՄԸՄ-ի համակիրներով, հիւր կազմը` Պըժժէ, բաւական պայքարելէ ետք դաշտին տիրոջ` ՀՄԸՄ-ի դէմ, ի վերջոյ տեղի տուաւ անոր դիմաց 84-82 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ իր այս յաղթանակը արձանագրեց երկարաձգման ընթացքին` նկատի ունենալով, որ մրցումը աւարտեցաւ 73-73 հաւասարութեամբ (24-16, 43-33, 62-55 եւ 73-73):
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտերը նշանակեցին Հայկ Քորճեան եւ Թերենս Լիթըր (23-ական), ապա յաջորդաբար Ճասթին Կրէյ (16), Ճօ Ղաթթաս (11), Ռուտի Ֆարրաժ (9) եւ Սեւակ Քեթենճեան (2): Իսկ Պըժժէէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Էյվըրի Եոնաթըն (23), բայց եւ այնպէս անոր կազմը կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը:
Ռիատիի նման իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց Սաժես, որ 81-74 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մութթահետը:
Շանվիլ Ամշիթէն կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը` 79-73 արդիւնքով:
Վերջապէս, 3-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, Թատամոն 96-72 արդիւնքով յաղթեց Հուփսի:
Նշենք, որ 3-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Պըժժէ եւ Հուփս ցարդ յաղթանակ չեն կրցած արձանագրել:


