Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանուկները Խխունջնե՞ր Դարձած Են

February 8, 2014
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

khekhountchԸստ աւստրալիական ուսումնասիրութեան մը, ներկայի մանուկները շատ աւելի նուազ եւ նուազ երկար կը վազեն, քան իրենց ծնողները` նոյն տարիքին: Այս ուսումնասիրութիւնը կ՛ընդգրկէ հարուստ երկիրներու բոլոր մանուկները, մանչեր եւ աղջիկներ:

Այս եզրակացութեան հասնելու համար 50 տարբեր ուսումնասիրութիւններ կատարուած են 1964 եւ 2010 թուականներու միջեւ: Անոնք չափած են տոկունութիւնը 9-17 տարեկան, 28 տարբեր երկիրներու մէջ ապրող (մեծամասնութեամբ հարուստ երկիրներ) աւելի քան 25 միլիոն մանուկներու:

Աւստրալիացի մասնագէտներու խմբակ մը վերլուծած է այս ուսումնասիրութիւնները: Ան մանուկներուն ֆիզիքական վիճակը բաղդատած է` ըստ երկու չափանիշներու:

– Որքա՞ն հեռաւորութիւն անոնք կրնան կտրել տուեալ ժամանակի մը մէջ (5-15 վայրկեանի միջեւ):

– Որքա՞ն ժամանակէն անոնք կը կտրեն տուեալ հեռաւորութիւն մը (800 մեթրէն 1600 մեթրի միջեւ):

Արդիւնք` ներկայի մանուկները շատ աւելի նուազ եւ նուազ երկար կը վազեն, քան` 30 տարի առաջուան մանուկները:

* * *

Պատճառներ` յաւելեալ ծանրութիւն եւ նուազ ֆիզիքական աշխատանք

Մանուկներուն իրագործումները սկսած են նուազիլ 1975 թուականէն սկսեալ: Ըստ աւստրալիական ուսումնասիրութեան, այս երեւոյթին գլխաւոր երկու պատճառներն են` մանուկներուն աւելցող ծանրութիւնը եւ անոնց ֆիզիքական նուազ աշխատանքներ կատարելը:

Այս ուսումնասիրութիւնը ահազանգ մըն է առողջապահութեան մասնագէտներուն համար: Պէտք է կարենալ դարձեալ մարդոց շարժիլ տալ, այլապէս ներկայի սերունդը կամ անոր յաջորդող սերունդը նուազ երկար պիտի ապրի: Այս երեւոյթը բնաւ չէր պատահած մարդկութեան պատմութեան մէջ:

Պզտիկ տարիքէն մարզանքը կարեւոր է

Փոքր տարիքէն սկսիլ շարժիլը «առողջապահական դրամագլուխ» մը կը կուտակէ: Այսինքն մենք կը շինենք դրական կէտերու խումբ մը, որ մեզի պիտի ծառայէ հետագային, չափահաս տարիքին: Մարզանքի շնորհիւ` մենք կը խուսափինք աւելորդ ծանրութենէ, առանձնաշնորհութիւնը տալով ոսկորներու տոկունութեան եւ մկանային ուժին:

Որքան մենք շարժինք մեր փոքր տարիքին, այնքան առիթը կ՛ունենանք շարժուն չափահասներ դառնալու: Մարզանքի սէրը փոքր տարիքէն կը զարգացուի:

 

Ֆէյսպուքի 12 Տարեկան Մրցակիցը

facebookՆիքոս 12 տարեկան պատանի մըն է, որ կը յաճախէ Յունաստանի Թեսալոնիքի քոլեճը: Ան շատ կը սիրէ իր ազատ ժամերը համակարգիչին առջեւ անցընել: Եւ առանց որեւէ մէկ դաս առնելու` ան 9 տարեկանին արդէն սկսած է համակարգիչի ծրագիրներ պատրաստել:

Անոր ամէնէն մեծ յաջողութիւնը կը կոչուի «Թեք իզ կէյմ» (թեքնոլոժին խաղ մըն է): Այս կայքէջը կարելիութիւնը կու տայ համացանցին  վրայ խաղալու, հեքըրզներէն (համակարգիչի «ծովահէններ», կայքահէններ) պաշտպանուած:

* * *

Նիքոս որոշած է զարգացնել այս գաղափարը: Այս ձեւով, ան առաջարկած է Կուկըլ կայքէջի պատասխանատուներուն` նոր կայքէջ մը, «Թեք իզ սոշըլ» (թեքնոլոժին ընկերային է):

Այս կայքէջին ընդմէջէն, ֆէյսպուքի նման, ընկերներ իրարու կապուած պիտի ըլլան. շղթայի մը օղակներուն նման, կը բացատրէ Նիքոս: Սակայն «լայք» (կը սիրեմ) նշանին կողքին ան աւելցուցած է «Տիսլայք» (չեմ սիրեր):

Նոյն ատեն Նիքոս յղացած է նաեւ ուրիշ ծրագիր մը, որ հեռու կը պահէ գէշ նպատակներ ունեցող անձերը:

Համակարգիչի հզօր պատասխանատուներուն դիմաց` 12 տարեկան «փոքրիկ» հանճա՞ր մը. մենք անշուշտ «լայք» պիտի դնենք:

 

Գիտէի՞ր, Թէ…

Թի. ռեքս հոյամողէսին թեւերը այնքան կարճ էին, որ ան չէր կրնար իր քիթը քերել:
Թի. ռեքս հոյամողէսին թեւերը այնքան կարճ էին, որ ան չէր կրնար իր քիթը քերել:
Աշխարհի ամէնէն մեծ սքէյթպորտը դպրոցական փոխադրակառքի մը չափ մեծ է:
Աշխարհի ամէնէն մեծ սքէյթպորտը դպրոցական փոխադրակառքի մը չափ մեծ է:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Մեղուները 5 աչք ունին:
Մեղուները 5 աչք ունին:

 

 

 

 

 

 

 

 

  • Մարդկային մարմինը շատ չնչին քանակով ոսկի կը պարունակէ:
  • Քոլոմպիոյ մէջ խորոված մրջիւնները շատ սիրուած սնաք մըն են:
  • Աշխարհի ամէնէն մեծ սքէյթպորտը դպրոցական փոխադրակառքի մը չափ մեծ է:
  • Բժիշկներ կրցած են սրտի մկան մը շինել մարդկային մորթէ:
  • Ջայլամները կրնան լողալ, բայց չեն կրնար թռչիլ:
  • Ֆինլանտայի մէջ գոյութիւն ունին 180,000 կղզիներ. այսինքն կղզի մը` իւրաքանչիւր 30 բնակիչի համար:
  • Թայուանի մէջ աղբահաւաք փոխադրակառքերը երաժշտութիւն կը սփռեն մարդոց յիշեցնելու համար աղբը դուրս հանելու պահը:
  • Կարգ մը մրջիւնները զիրար կը լզեն հիւանդութիւններէ պաշտպանուելու համար:

 

Ինչո՞ւ Կարգ Մը Անձեր
Աւելի Արագ Կը Վազեն

vazkՈւրիշներէ աւելի արագ վազելը ձիրք մըն է, լաւ գծել գիտնալու կամ երաժշտութիւն նուագելու նման: Ապա աշխատանքն է, որ պիտի զարգացնէ այս ձիրքը:

Շատ բարձր մակարդակի մարզիկներուն պարագային, իրենց կարողութիւններուն 30 առ հարիւրը կու գայ իրենց ծիներէն, այսինքն` իրենց հասակէն, ծանրութենէն, մկաններէն, մարմնի կառավարումէն, մնացած 70 առ հարիւրը փորձերու կը պարտին:

* * *

100 մեթր վազքի պարագային, մարզիկները յատուկ վազքի մը ձեւը կը գործածեն, ճանկերու թեքնիքը: Այսինքն անոնք ամէն քայլի միայն իրենց ոտքին առջեւի բաժինը գետին կը դնեն: Այս վազքը ընդօրինակուած է կատուներու ընտանիքին պատկանող անասուններէն, ինչպէս` յովազը: Մարզիկներուն կօշիկներուն ծայրերը օժտուած են պզտիկ երկաթի կտորով մը, որպէսզի անոնց ոտքերը հաստատուն մնան գետնին վրայ: Անոնք շիտակ կը վազեն եւ իրենց թեւերը կը գործածեն իրենց հաւասարակշռութիւնը պահելու համար:

* * *

Ըստ վազքի մրցումին (100 մեթր, մարաթոն…), փորձերը տարբեր կ՛ըլլան: Մկանները նոյն ձեւով չեն շարժիր: Կը գործածուին նաեւ վազքի տարբեր թեքնիքներ: Մարաթոն վազողները պիտի աշխատին երկար տոկալ, 2 ժամ, ժամական 20 քմ արագութեամբ: Աւելի կարճ հեռաւորութիւններու պարագային, վազողը պէտք է «պայթեցուցիչ» ըլլայ, այսինքն` շատ արագ ընթանայ:

 

Ծնունդի Պահուն, Բոլորս
Հաւասար Չափո՞վ Խելացի Ենք

khelatsiԱյո՛, մենք բոլորս նոյն կարողութիւնները ունինք: Ծնունդին, բոլոր ուղեղները ունին 100 միլիառ նէօրոն (բջիջներ, որոնք կարելիութիւնը կու տան տեղեկութիւններ ստանալու, վերլուծելու եւ շինելու): Իսկ բոլոր մանուկներուն այս նէօրոններէն 10 առ հարիւրը իրարու կապուած են: Օրինակի համար, լեզուի (խօսակցութեան) նէօրոնները տակաւին չեն աշխատիր. երեխան տակաւին չի կրնար  խօսիլ: Նոյն ձեւով, ան տակաւին չի կրնար կարդալ, գրել, հաշուել… Կամաց-կամաց այդ բոլոր կապերը պիտի հաստատուին:

* * *

Իւրաքանչիւր անձ իր ուղեղը «կը շինէ»: Այս «շինութիւնը» կը յառաջանայ ըստ իր շուրջը գտնուող տարրերուն (ընտանիք, ձայներ, տեսարան…): Չինաստանի մէջ երեխայ մը նոյն կապերը պիտի չզարգացնէ, ինչպէս` Գերմանիա ապրող երեխայ մը: Նոյն ձեւով, ծնունդին, տարբերութիւն չկայ աղջիկներուն եւ մանչերուն միջեւ: Սակայն ըստ իւրաքանչիւրի ճաշակին, անձնաւորութեան… ուղեղը պիտի զարգանայ տարբեր ձեւով:

* * *

Մանուկները քիչ թէ շատ արագ կը սորվին: Անոնք երբեմն դանդաղ կը սորվին, սակայն` շատ լաւ կը սորվին: Մենք անդադար կը զարգացնենք մեր ուղեղը, հետեւաբար` մեր խելացութիւնը, ամէն տարիքի: Ոչինչ վերջնական է:

 

Ժամանց

Ո՞ր ծաղիկը ունի ամէնէն երկար կոթը:
Ո՞ր ծաղիկը ունի ամէնէն երկար կոթը:
Կրնա՞ս գտնել նկարին մէջի 16 անբնական մանրամասնութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել նկարին մէջի 16 անբնական մանրամասնութիւնները:

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու ինքնաշարժները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու ինքնաշարժները:
Իւրաքանչիւր տուփիկ դիր իրեն համապատասխանող տեղը` տախտակին մէջ, յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Իւրաքանչիւր տուփիկ դիր իրեն համապատասխանող տեղը` տախտակին մէջ, յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (8 Փետրուար 1964)

Յաջորդը

Էջեր Հալէպահայու Մը Օրագրէն – ԺԵ.

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.