ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի միջմասնաճիւղային երկրորդական խումբերու (97-98-ի ծնունդ) մրցաշարքը կիրակի, 9 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ կը հասնի իր աւարտին, երբ ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ աւարտական հանգրուանի մրցումը:
Ինչ կը վերաբերի նախորդ շաբաթավերջին կատարուած մրցումներուն, Նաւասարդեան 3-2 արդիւնքով յաղթեց Դանիէլ Վարուժանին, Սերոբ Աղբիւր` Լէյլաւանին (8-1) եւ վերջապէս Սարդարապատ` Եղիշէ Չարենցին (2-0):
Նշենք, որ շաբաթ, 8 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, նախքան կիսաւարտականի մրցումները պիտի կատարուի Ա. հանգրուանէն յետաձգուած Դանիէլ Վարուժան – Եղիշէ Չարենց մրցումը:
Ստորեւ` կիսաւարտականի մրցումներուն յայտագիրը.
| ԺԱՄ | |
| Սերոբ Աղբիւր – Նաւասարդեան | 16:30 |
| Սարդարապատ – Աղբալեան | 18:30 |
……………………………………


