Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցւոյ Մասնակցութիւնը Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Տասնմէկերորդ Ժողովին

February 5, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Nareg-Srpazan-Hama-adenabed28 յունուարէն 1 փետրուար 2014 Քոթայամի մէջ (Հնդկաստան), Հնդիկ ուղղափառ եկեղեցւոյ Պասիլիոս Թոմա Փաւլոս Բ. կաթողիկոսին հրաւէրով, գումարուեցաւ Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ (ոչ քաղկեդոնական) եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան տասնմէկերորդ ժողովը:

Հայ եկեղեցին իր հայրապետական երկու Ս. աթոռներով մասնակցեցաւ այս աստուածաբանական երկխօսութեան: Յանուն Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Յովակիմ եպս. Մանուկեանը եւ Շահէ վրդ. Անանեանը: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, որ նաեւ կարտինալ Քուրթ Քոխի հետ ժողովին համաատենապետութիւնը վարեց:

Յունուար 28-ին Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները առանձին հանդիպում ունեցան եւ քննարկեցին իրենց եկեղեցիներուն առնչուած միջեկեղեցական հարցեր:

29 յունուարէն 1 փետրուար յանձնաժողովը քննարկեց «Ծէսը, Ս. պատարագը եւ ուխտագնացութիւնը քրիստոնէութեան առաջին հինգ դարերուն` որպէս եկեղեցիներուն միջեւ եղած հաղորդութեան ու հաղորդակցութեան ազդակ» նիւթը:

Nareg-Srpazan-Hntignerou-Gatoghigosin-HedՅունուար 29-ին Պասիլիոս Թոմա Փաւլոս Բ. կաթողիկոս պաշտօնական ընթրիքով պատուեց յանձնաժողովին անդամները: Ընթրիքի ընթացքին Նարեկ սրբազան ողջոյնի խօսք ուղղեց եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն ողջոյնները փոխանցեց նորին սրբութեան եւ Հնդկաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ:

Յունուար 30-ին կարտինալ Քուրթ Քոխ եւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան առանձին հանդիպում ունեցան: Սրբազանը Արամ Ա. կաթողիկոսին եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց Ֆրանչեսկոս պապին. առաւել, ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ 15-17 յունուարին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին կազմակերպած «Ժընեւ-2» ժողովի նախօրեակին կայացած խորհրդաժողովի ընթացքին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի բանալի դերակատարութեան: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Սուրիոյ կացութիւնը, քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումը 2015-ին:

Նոյն օրը, կարտինալ Քուրթ Քոխ եւ Նարեկ սրբազան քաղաքավարական այցելութիւն տուին Հնդկաստանի ասորի ուղղափառ Պասիլիոս Թոմա Ա. կաթողիկոսին:

Նարեկ սրբազան Հնդկաստանի երկու արեւելեան ուղղափառ հոգեւոր պետերուն` Պասիլիոս Թոմա Փաւլոս Բ. կաթողիկոսին եւ Պասիլիոս Թոմա Ա. կաթողիկոսին փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները:

Յունուար 31-ին ժողովականներ Ս. Յովհաննէս եկեղեցի եւ Հնդիկ ուղղափառ եկեղեցւոյ ձեռագրատունը այցելեցին. իսկ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու պատգամաւորները հանդիպում ունեցան Ուղղափառ համացանցային լրատուական գործակալութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան տասներկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 24-31 յունուար 2015-ին, Վատիկանի մէջ:

 

Նախորդը

Ազատ Բեմ – Տեսակէտ. Ի Շահ Հայութեան

Յաջորդը

Սերպ Պիսեք Նշանակուեցաւ Անսարի Մարզիչ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.