Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

June 24, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ  պիտի անդրադառնայ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններուն:

ԿՆՈՋԱԿԱՆ շարժումը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց յառաջիկայ երեքշաբթի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, ամբողջ Լիբանանի տարածքին աշխատանքը 5 վայրկեանի համար կասեցնելու` բողոքելու համար Լիբանանի կառավարութեան մէջ իգական սեռի պատկանող նախարարներ չնշանակելու կեցուածքին դէմ:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Իսրայէլի մնայուն ներկայացուցիչը երէկուան նիստին ընթացքին շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժերը Ղաժար գիւղաքաղաքէն պիտի չհեռանան, այնքան ատեն որ Հըզպալլա կը շարունակէ զինուիլ եւ հզօրանալ: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ Իսրայէլ լրիւ գործադրած է ՄԱԿ-ի թիւ 425 բանաձեւը:

ԺԱՄԱԱ իսլամիէ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Մասրի յայտնեց, որ շարժումին կողմէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի նախագահած կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելը կախեալ է կառավարութեան մշակելիք աշխատանքային ծրագիրէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ ընդդիմութիւնը ժողովրդավարական բոլոր քայլերուն եւ միջոցներուն պիտի դիմէ` երկիրը փրկել կարենալու համար նորակազմ կառավարութենէն:

ԸՍՏ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն, հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ սահմանամերձ շրջանը հանդարտ է եւ սովորական մթնոլորտ կը տիրէ այդ շրջանին մէջ:

ԼԻՊԻՈՅ փոխանցման շրջանի ազգային խորհուրդի նախագահ Մուսթաֆա Ապտել Ժալիլ յայտնեց, որ իրենք յստակ տեղեկութիւններ ունին անյայտ կորսուած  իմամ Մուսա Սատըրի մասին` աւելցնելով, որ եթէ Լիբանանի կառավարութիւնը պահանջէ զանոնք, ապա իրենք պատրաստ են այդ գծով օժանդակելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դէմ Մուսթաքպալ հոսանքի ուղղած սպառնալիքները պատճառ պիտի չդառնան, որ իրենք կասեցնեն բարեկարգումի իրենց ծրագիրները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ, երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ նշեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը պիտի ընդդիմանայ կառավարութեան կողմէ գործադրուելիք հաւանական որեւէ վրէժխնդրական քայլի:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միասնականութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Ֆատի Աուար յայտնեց, որ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը կառավարութեան մէջ ներկայացնելու առումով ստեղծուած հարցը լուծուած կարելի է նկատել: Ան շեշտեց, որ հաւանական է, որ Մարուան Խայրէտտին Արսլանի ներկայացուցիչը ըլլայ նորակազմ կառավարութեան մէջ:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթին տրուած այցելութեան ընթացքին ոչ մէկ պայման կամ պահանջ ներկայացուցած է նորակազմ կառավարութեան աշխատանքին առումով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ երկրին մէջ առարկայական եւ շինիչ ընդդիմութեան մը գոյութիւնը օգտակար է բոլոր կողմերուն համար:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ ինք համաձայն է Թրիփոլին ապազինելու առաջարկին, սակայն պէտք է այդ զէնքին հարցը անջատել Դիմադրութեան զէնքէն, որուն նպատակը Լիբանանի պաշտպանութիւնն է` թշնամի Իսրայէլի դէմ:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն յայտնեց, որ համադաշնակցութիւնը պիտի ուղղուի փողոց, եթէ կառավարութիւնը անմիջապէս չդիմէ լիբանանցի աշխատաւորներուն եւ պաշտօնեաներուն աշխատավարձերուն պարագային յաւելումներ յատկացնելու նախաձեռնութեան:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Նոր Միջին Արեւելքի ծրագիրը կը միտի արաբական աշխարհը բաժնել համայնքային տարբեր պետութիւններու:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի ընդունեց հանրային փոխադրութեան ինքնաշարժներու վարորդներու սենտիքայի նախագահ Պասսամ Թլէյսը, որուն հետ քննարկեց սենտիքային պահանջները: Հանդիպումէն ետք Սաֆատի յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են սահմանադրական եւ օրինական մեքանիզմ մը մշակելու` օժանդակելու համար հանրային փոխադրութեան մարզին:

ԵՐԷԿ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պէյրութի Քոլայի կամուրջին տակ «Լիբանանեան համայնքային վարչակարգի տապալման» շարժումը տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին շարժումին անունով խօսք առնելով` դոկտ. Սամահ Իտրիս կիրակի, 26 յունիսին լիբանանցիները հրաւիրեց ժողովրդային հերթական ցոյցին` ի խնդիր Լիբանանի մէջ ժողովրդավարական, քաղաքացիական եւ աշխարհիկ պետութեան հաստատման: Վերահաստատուեցան շարժումի գլխաւոր նպատակները` համամասնական դրութեան հիման վրայ ընտրական օրէնքի որդեգրում` համայնքային բաժանումէն դուրս, անձնական հարցերու վերաբերեալ քաղաքացիական միացեալ օրէնքի որդեգրում, փտածութեան խորհրդանիշներուն դէմ պայքար եւ ընկերային արդարութեան հաստատում:

 

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ՕՊԱՄԱՅԻ ՀԵՏ

Յաջորդը

ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։