Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անաւարտ Պահեր» Կ՛ապրինք Հայերս. Միսաք Ուլնեցի – Միսաք Սիսեռեանի «Անաւարտ Պահեր» Երկին Հրատարակման Առթիւ

February 3, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

Anavard-BaherՄեծ եղեռնէն վերապրած եւ ականատես բազմաթիւ հայորդիներ, իրենց յուշերը թուղթին յանձնելու հնարաւորութիւնը ունեցած են: Այս պատճառով անոնց յաջորդող սերունդները իրազեկ դարձած են պատահած ողբերգութեան մանրամասնութիւններուն: Բացառիկներէն է Միսաք Ուլնեցիի յուշագրութիւնը, որ բանաստեղծութիւններու փունջով մը կը հասնի մեզի: Հեղինակը զանոնք ձօնած է նահատակուած իր մօր եւ քոյրերուն: Ուլնեցի իր կեանքի ամբողջ օրերուն ապրած է այդ պահերը, որոնք անաւարտ ըլլալ կը թուին մինչեւ հիմա, այնքան ատեն որ Հայկական հարցը իր արդար լուծումը չէ գտած:

Բանաստեղծութիւններու այս գիրքին` «Անաւարտ պահեր»-ուն լոյս ընծայումը յանձն առած է հեղինակին թոռը` Հրաչ Սիսեռեան: Գիրքը լոյս տեսած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողմէ 2013-ի վերջաւորութեան: Խմբագրութիւնը կատարած է տոքթ. Երուանդ Քասունին, որ յառաջաբանով մը պայծառօրէն ներկայացուցած է հեղինակն ու գործը: Յարգելի խմբագիրը անհրաժեշտօրէն անդրադարձած է նաեւ Միսաք Ուլնեցիի հեղինակած «Պատմութիւն Զէյթունի» երկին, անոր պատմագիտական կարեւորութեան համար: «Անաւարտ պահեր» գիրքին վերջին երեք էջերուն մէջ կը գտնենք Միսաք Ուլնեցիի կենսագրական գիծերը, որոնց ընդմէջէն ընթերցողը կ՛իմանայ, թէ ան 1914-ին Համա կ՛աքսորուի եւ օսմանեան բանակի պարենաւորման գրասենեակը կ՛աշխատի` շնորհիւ իր օսմաներէն լեզուին տիրապետած ըլլալուն: Ուլնեցի Մեծ եղեռնի ամբողջ արհաւիրքը կ՛ապրի` միեւնոյն ատեն անհրաժեշտ ծառայութիւններ մատուցելով իր տառապեալ հայրենակիցներուն: Առաջին քերթուածէն մինչեւ վերջինը Հայոց ցեղասպանութեան սարսափները կ՛արտայայտեն, ինչպէս նաեւ` հեղինակին վիշտը, որ անդարմանելի է: Իւրաքանչիւր տողին մէջ ան իր խոր ցաւը կու լայ: Կարգ մը տեղեր կը հանդիպինք յուսահատութեան արտայայտութեան, բայց եւ այնպէս գոյատեւելու վճռակամութիւնը զօրաւոր ըլլալով իր մէջ` ան կ՛ըսէ.

«Մենք բոլորս հասկցած ենք, քանի կ՛ապրինք,
չենք մոռացեր:

Միսաք Ուլնեցի օրերու դառնութիւնը ճաշակած ատեն անորոշ ապագայի մը սոսկումով կ՛ապրի ու իր «Այրած երազներուս», էջ 65, բանաստեղծութեան մէջ հետեւեալ ձեւով կ՛արտայայտուի.

«Օրը կ՛ըլլայ իրիկուն, արեւամուտ եւ ունայն»:
….
«Միայն մոխիր կայ հիմա, ոչ մէկ երազ, ոչ թռչուն,
Երազներս այրեցան, կայծակնահար, մոխրացան:
Մարած օճախ մ՛է հոգիս, արդ աւերակ, ցիր ու ցան»:

Վիշտի, սոսկումի, յուսահատութեան (Անվե՜րջ աշուն, Հիւա՜նդ աշխարհ, էջ 41) եւ յոյսի միջեւ տարուբերող մտածումներն են որ կը տեսնենք տողերուն մէջ: Այսուհանդերձ, աղօթքն ալ իր բացառիկ տեղը կը գրաւէ իբրեւ մխիթարանք եւ ապագայի յոյս «Զանգակները կը ղօղանջեն», էջ 61 եւ «Տէ՛ր, դուն պահէ», էջ 33, հատուածներուն մէջ:

Իր դառնութեան մէջ հեղինակը կը քերթէ նաեւ անցեալի անոյշ յուշերուն մասին` «Ու կը մսիմ հին յուշերուս ցաւը սրտիս» բանաստեղծութեամբ, յիշելով լաւ օրերու խաղաղ կեանքը:

Հեղինակը Մեծ եղեռնի ահաւոր պատկերներ կը պարզէ իր քերթուածներուն մէջ: Որբացած մանուկներու, կիներու եւ ծերերու տառապանքին տակ անոր գրիչը կը հիւծի: Ուլնեցի կ՛ողբայ իր մայրն ու քոյրերը, որոնք իրմէ հեռու վայրագ թուրքերուն ձեռքերուն մէջ կորսուեցան ու նահատակ դարձան:

Այս բոլորէն ետք, յոյսը շուտով կը վերականգնի հեղինակին սրտին մէջ: Մահուան ճիրաններէն մազապուրծ` Միսաք Ուլնեցի կարծէք կրկին կը ծնի, կրկին հայ ուսուցիչ եւ դաստիարակ կը դառնայ նոր սերունդին ջամբելու համար հայեցի կրթութիւն, Հալէպի մէջ: Սակայն տակաւին պահերը կը մնան անաւարտ…

 

 

 

 

Նախորդը

Մոռացութեան Ենթարկուած Հայ Տաղանդի Մը` Ժան Դարբինեանին Մասին

Յաջորդը

Սուրիական Օրագրութիւն – 39

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.