Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մօրս` Վիքթորիա Հաւաթեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

February 1, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Victoria-HavatianՔառասուն օրեր առաջ «Ազդակ»-ի ընթերցող մը եւս պակսեցաւ… Սակայն փառք Աստուծոյ` բաժանորդ մը չպակսեցաւ:

Սիրելի՛ մայրս, թոռնիկդ, զոր դպրոցէն վերադարձին անհամբեր կը դիմաւորէիր, ու թերթը, զոր նոյն անհամբերութեամբ կը սպասէիր, դարձեալ միաժամանակ կը հասնին:

Ակի մայր պողոտայէն անցնող ինքնաշարժները կը շարունակեն երթեւեկել, ու յաճախ ճամբեզրին զետեղուած աղբամանները անտեսելով` մարդիկ աջ ու ձախ կը սերմանեն իրենց կերած ու խմածներուն դատարկ շիշերն ու աղբերը: Մէկ խօսքով` կեանքը կը շարունակուի ինչպէս որ էր: Իսկ դուն այժմ կը քնանաս յաւիտենական քունով: Չես ուրախանար այլեւս գեղեցիկ երեւոյթներու ի տես, ոչ ալ կը նեղուիս` տգեղ երեւոյթներէն…

«Ազդակ»-ը կարդացողներ կան, թոռնիկդ ալ սկսած է վերնագիրները կարդալ: Թաղն ալ մաքուր կը պահենք քո՛ւ բծախնդրութեամբդ: Կարծես բան փոխուած չէ, եւ դուն տակաւին մեզի հետ ես: Սեղանին վրայ են տակաւին պատրաստած համեղ միրգերդ, ինչպէս նաեւ կարգ մը պահածոներդ, որոնք կնիքդ կը դնեն եփած ճաշերուն վրայ ու նոյն անուշ բոյրն է, որ կը սփռուի տան մէջ համատարած:

Կարծես իսկապէս բան մը չէ փոխուած…

Պարզապէս եկեղեցական արարողութիւն, հոծ բազմութիւն, ցաւակցութիւն յայտնող հարազատներ ու բարեկամներ, որուն համար շնորհակալ ենք բոլորէն: Ու Աստուծոյ կամքով ամէն ինչ բնական ընթացքի մէջ կը մտնէ ու` «ջուրն իր ճամբան ինք կը գտնէ», ինչպէս յաճախ դո՛ւն կ՛ըսէիր…

Քանի մը տարի առաջ, երբ վերադարձար դպրոցի ամավերջի հանդէսէն, որուն ես չէի կրցած ներկայ ըլլալ, ու հարցուցի, թէ ինչպէ՞ս էր հանդէսը, ըսիր, որ շատ լաւ էր եւ վայել ազգային վարժարանի: Թեման սրտիդ խօսած էր, որովհետեւ ինքնութիւնդ կազմող բաղադրիչներով հայկականով ու ազգայինով ընթացած էր յայտագիրը:

1957 թուականին բեմ բարձրանալդ «Որդեսպան մօր» դերով, մեծ յանդգնութիւն համարուած է այդ օրերուն…

Ապա Այնճարի «Գարակէօզեան» հաստատութեան մէջ, իբրեւ օգնական բուժքոյր ծառայած ըլլալդ, նախնական դարմանումներ կատարելով գիւղի մանուկներուն, կեանքին յատկանշական մէկ բաժինն էր, մինչեւ սեփական ընտանիք ու զաւակներ խնամելդ…

Հետագային` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ դպրաց դասի դպրուհի ու Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի «Կոմիտաս» երգչախումբի անդամ եւ վերջապէս «Երգ երգոց»-ի մնայուն ակնդիր-ունկնդիր ըլլալդ, ճաշակդ բաւական նրբացուցած էին…

Շատ ուրախ էիր եւ հոգեպէս բաւարարուած` քանի որ նախասիրութիւններէդ պատառիկներ հրամցուած էին բեմին վրայ:

Յաճախ ձեռնարկներէ վերադարձիդ կը տրտնջայիր կազմակերպական տեսութիւններու եւ կամ անբաւարար ներկայութեան համար:

Այդ օր ուրախ էիր նաեւ այդ տարուան առատ հունձքին համար: Առաւել ուրախ էիր շրջանաւարտներէն ու մրցանակակիրներէն շատերը սերնդակիցներուդ թոռները ըլլալուն համար: Զանոնք ճանչցած էիր իրենց անուններէն եւ յիշած դպրոցական օրերդ, երբ նոյն այդ անունները կրողները դասընկերներդ ու խաղընկերներդ էին…

Սիրելի՛ մայրս, կը ցաւիմ, որ ֆիզիքապէս ներկայ պիտի չկրնաս ըլլալ թոռնիկներուդ աւարտական հանդէսներուն: Սակայն այս անգամ սերնդակիցներէդ շատեր պիտի ուրախանան երբ անուններէն ճանչնան աւանդապաշտ ընտանիքի թոռնիկներդ…

Սիրելի՛ մայրս, յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ. այնքան ատեն, որ թոռներուդ շրթներուն կը հնչեն քու սորվեցուցած ոտանաւորները, աղօթքներն ու դաստիարակիչ հեքիաթները…

Այնքան ատեն, որ կը յիշենք տեղին համեմատ` արտասանած ասացուածքներդ…

Այնքան ատեն որ կը կիրարկենք գործելակերպի իւրայատուկ ոճդ եւ գործելու առաջնահերթութեան կարգդ…

Կը հետեւինք առողջապահական սննդականոնի տուած ցուցմունքներուդ…

Կը վաստկինք արդար աշխատանքով, կը տնտեսենք ու կը խնայենք` «նեղ օրուան համար»… բարձիդ տակէն գտանք փոքրիկ գումարներ` իւրաքանչիւրին վրայ գրուած առիթ ու թուական, որոնք պէտք է շատոնց ծախսած ըլլայիր… Անոնք թէեւ այսօր կաթիլ-կաթիլ ծով չեն կազմեր, սակայն անոնց կազմած լճակը` ի յիշատակ հոգւոյդ հանգստութեան` կը նուիրենք նախասիրած հաստատութիւններուդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ մայր:

Քեզ միշտ յիշող որդիդ`
ՍԵԴՕ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Նախորդը

Կարպիս Եսայեան (Մահուան Տարելիցին Առիթով)

Յաջորդը

Ծնողք Ըլլալ Կը Նշանակէ Զաւակներուն Պահապան Հրեշտակ Ըլլալ…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.