Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թախիծը Հենրիկ Մալեանի «Եռանկիւնին»-ին Մէջ

January 30, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

«Եռանկիւնին»-ը (1967) հայկական շարժապատկերի անկիւնադարձային ստեղծագործութիւններէն մէկն էր: Թերեւս եւ` գլխաւորը: Այդ շրջանի  ազգային խլրտումներուն մասին յաճախ հրապարակաւ խօսուած է, յատկապէս` Սօս Սարգսեանի նուիրուած ձեռնարկներուն ընթացքին: Այստեղ կ՛ուզեմ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել ժապաւէնի գեղարուեստական յատկանիշներուն վրայ:  Յօդուածը ընդլայնումն է այն գաղափարներուն, որոնք արտայայտուեցան Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք տեղի ունեցած քննարկման ընթացքին:

«Եռանկիւնին»-ը նկարուած է սեւ ու ճերմակ, հակառակ անոր որ գունաւոր ժապաւէններ արտադրելու հմտութիւնը զարգացած էր արդէն տարիներէ ի վեր: Այս կրնայ միջոց մը ըլլալ Ա. Այվազեանի յօրինած պատումին  (1) տալու վաւերագրական վկայութիւն մը ըլլալու պատրանքը: Քննադատական ըլլալու համար պէտք չէ մոռնալ, սակայն, որ «Եռանկիւնին» ի բնէ պատկերաւոր պատում մըն է: Մալեանի պատումը արտասանուած է մանուկ Յովիկին «բերնով»:

Մուտք

1Ժապաւէնը կը սկսի դիտուած երկինքէն, հեռուէն: Գիւմրին կը տեսնենք  լայն պաստառի վրայ: Այդտեղ կը տիրապետեն իրարու վրայ անկանոն դարձուած հիւղակները: Կը տեսնենք հին, տոհմիկ  քաղաք մը, ուր տուները իրար մերուած են «օրկանիք» կապերով: Մալեան չէ անտեսած հպանցիկ ցոյց տալ «Ղարա Ղուլ»-ը, բլրան գագաթէն հսկող ցարական ամրոցը: Այդ մռայլ կառոյցը պատկերաւոր  ակնարկ մը` ռուսական ակնբախ ներկայութեան «Ալեքսանտրապոլ»-ի մէջ  (2): Լայն ոսպնեակով առնուած այդ պատկերին մէջ հատուկենտ կը ցցուին համեմատաբար բարձրայարկ նոր շէնքեր եւ գործարաններ: Այսինքն` նոր աշխարհի տակաւին ոչ տիրական ներխուժումը Գիւմրի:

Քամերան դանդաղ կը մօտենայ «գետնին»: Եւ մենք ի վերջոյ կրնանք զատորոշել փոքրիկ գորշ եռանկիւն մը: Դարբնոցը, որ թաղուած է  Գիւմրիի հանրածանօթ «Վարպետաց» թաղի մէջ, եւ մաս կը կազմէ Գիւմրիի օրկանիք հիւսքին, անոր «կենսաձեւին»:

Դարբնոցին մէջ կը տիրէ սենեկային կիսամութը: Երբեմն կը տեսնենք քուրայի բոցը:  Թերեւս կը խորհրդանշէ այն սրբազան «կրակ»-ը, որ վարպետները իրենց հետ բերած են կորուսեալ Երկրէն: Բայց բոցը  փոքր է: Անոր պլպլոցը կը դողայ, երբ դարբնոցին հոգեկան աշխարհը փոթորկի: Դարբնոցին հոգեկան աշխարհը անառիկ բերդ մը չէ:

Դարբնոցին մէջ կեանքի կշռոյթը հանգիստ է: Դանդաղ  թերեւս, բայց` ոչ միապաղաղ, ոչ ձանձրալի: Իրադարձութիւնները շատ սովորական են: Ոչ մէկ արտակարգ պատկեր: Դէպքերն ու պատկերները սովորական են, այո՛, բայց` ոչ աննշան կամ անիմաստ: Այս մօտեցումը կամ ոճը Մալեանի արուեստին հիմնական յատկանիշներէն մէկն է:

«Եռանկիւնին»-ին ներքին տարածութիւնը շատ փոքր է: Դերակատարներուն թիւը` միայն 5: Եօթը` նկատի առած Լիւբայի եւ որմնազդ զետեղող տղուն կարճ միջամտութիւնները: Սահմանափակ  տիպարներու եւ փոքր ոլորտի (միքրոքոզմ) ընդմէջէն լայն ընդհանրացումներու հասնելու ձգտումը նոյնպէս բնորոշ է Մալեանի ոճին:

Դարբնի արհեստը  շեշտուած առնական է: Գլխաւոր հինգ դերակատարները  եւ իշխող բարոյականը բացառապէս արական են: «Եռանկիւնին» թերեւս կ’ուզէր այդպիսով ցոլացնել տիրող նիստ ու կացի նահապետական բնոյթը:

Յաջորդական գրոհներ եւ կորուստներ

Դարբնոցի այդ փոքր աշխարհ առաջին «ներխուժողը» կ՛ըլլայ ջութակը, որ թերեւս կը մարմնաւորէ եւրոպական մշակոյթն ու արուեստը: Բայց ժապաւէնի պատգամաբեր հերոս երեխան «լսողութիւն» չունի: Յովիկին երաժշտական խլութիւնը կրնայ թարգմանուիլ որպէս մերժում (3): «Նոթաներով» նուագուած այդ խորթ երաժշտութիւնը ոչինչ կ՛ըսէ նաեւ վարպետներուն: Ջութակը կ՛անհետանայ առյաւէտ: Կը մնայ դարբիններուն տխուր  «Շաբաթ իրիկուն»-ը: Երգ մը, որ յստակ համքեարական,  ծիսական բնոյթ ունի: Ես նոյնիսկ կ՛ակնկալէի, որ վարպետները շաբաթ իրիկուն թափուր սալը ծեծեն Արտաւազդի շղթաները ամրացնելու համար:

Միով բանիւ, առաջին ռաունտին մէջ տոհմիկը կը վտարէ օտարամուտը:

Երկրորդ գրոհը կու գայ արդիականութենէն: Դարբնոցին կից վեր կը սլանայ նոր կառուցուած գործարանին ամրանիստ ծխնելոյզը: Առաջին օդանաւը յոխորտացող աղմուկով  կը ճեղքէ Գիւմրիի երկինքը: Վարպետները դուրս կ՛ելլեն եւ աչքերը յառած երկնքին` հարց կու տան. արդեօք հարկ կա՞յ ձեւափոխելու իրենց խեղճուկ բուխերիկը: Իմա` նոյնինքն եռանկիւնը:  Ժամանա՞կն է յարմարելու նոր պայմաններուն …

Կը սկսինք զգալ, թէ հետզհետէ աւելի դժուար կը դառնայ անտեսել արտաքին աշխարհի ներխուժումը: Օդանաւը քիչ ետք կ՛առեւանգէ Գասպարը: Այդ կ՛ըլլայ դարբնոցին առաջին նիւթա-բարոյական կորուստը: Գասպարը առասպելական լուղորդի համբաւ ունէր: Այդ մասին` աւելի ուշ:

Երրորդ գրոհողը կ՛ըլլայ օտարազգի աղջիկը, Լիւբան(4) , որ կը դիւթէ դարբնոցին ամէնէն հուժկու անդամը: Իմա՛ երիտասարդութիւնը: Մկոն կը հեռանայ Գիւմրիէն (իմա հայութենէն): «Եռանկիւնին» կրէ իր երկրորդ նիւթա-բարոյական պարտութիւնը:  Թերեւս հետաքրքրական է նշել, որ Մալեան  Գիւմրին լքող Մկոյի կերպարին համար ընտրած է ոչ հայ դերասան մը` Պաւել Արսիանոֆ:

Ապա կու գայ մեծ ալիքը, համաշխարհային պատերազմը: Այդ մասին աւելի ուշ:

Արտաքին աշխարհի հմայքը

2Առ ի հակադրութիւն դարբնոցի կիսամութ ներքինին եւ դարաւոր ատաթի յամր ռութինին, արտաքին աշխարհը միշդ լուսաւոր է, եռուն եւ այժմէական: Այդտեղ տեղի կ՛ունենան աղմկոտ տօնակատարութիւններ, պատերու վրայ փակցուած այլազան որմազդները ստէպ կը նորոգուին: Կեանքը արագ կ՛ընթանայ դէպի ապագայ:

Յովիկը հմայուած է Հոլիվուտի զաւեշտական թամաշայով: Մենք նոյնիսկ կը տեսնենք այն «պլազէ» բազմաչարչար  պատկերը, ուր ամերիկացի բազմավաստակ կատակերգակ Հարոլտ Լոյտ կախուած է ժամացոյցի սլաքէն (1923, Սէյֆթի Լասթ): Հեգնա՞նք, հաւանաբար:

Վարպետ Մկրտիչը, որ «մաքուր հայերէն » կը խօսի, կարօտաբաղձ յուշեր ունի իր Ամերիկայի մէջ անցուցած իր տարիներէն: Յուշերը կը պատմէ Յովիկին: Երեխայ մը, որուն դաստիարակութիւնը հաւաքաբար ստանձնած են վարպետները:

Ժապաւէնի «առասպելական հերոս» Գասպարը կ՛երազէ օդանաւով թռչիլ դէպի օտար ափեր: Արդիական ճարտարագիտութիւնն ու արտաքին աշխարհը կը հմայեն զինք: Գասպար անշուշտ «Մկրտիչ» մը չէր: Մնացեալ երկու Մկրտիչները կը մնան պատնէշին վրայ:

Առասպելին փլուզումը

Այս դրուագը կը ներկայացնէ «Եռանկիւնին» ժապաւէնին մէջ ամէնէն պատկերաւոր լեզուով արտայայտուած գաղափարը: Գասպար, որ կը վայելէր լուղորդի առասպելական համբաւ, կը տեսնենք վարէն վեր դիտուած, դէպի երկինք բարձրացող աստիճաններու գագաթին: Ձեւով մը` դրուած բարձր պատուանդանի վրայ: Գասպար բարձրաձայն, յոխորտալից կ՛երգէ եւ կը գովէ իր գլուխը: Բայց երբ կը մտնէ գետին մէջ, անմիջապէս կը պարզուի, որ լողալ իսկ չի գիտեր: Յովիկը զինք կը փրկէ խեղդուելէ: Գասպար խեղճացած կ՛երդնու, թէ Սեւ ծովը իսկապէս անցած է: «Շատ դժուար օրերէ անցանք», կ՛աւելցնէ Գասպար` առանց երդուելու: Արհաւիրքը վաւերական է, սուտ երդումի հարկ չկայ (5):

Քամերան, որ աստիճաններու պատկերին մէջ անշարժ էր եւ հերոսը կը դիտէր վարէն վեր, կը սկսի դառնալ թրջուած եւ խեղճացած Գասպարին շուրջ, Գասպարի մակարդակին վրայ: Այսինքն պատահարին կը փորձէ նայիլ իրապաշտօրէն եւ զայն դիտել բոլոր անկիւններէն:  Քամերայի այս պտոյտը գեղարուեստական գեղեցիկ գիւտ մըն է: Բայց քամերայի շարժումներու եւ քատրերու կառոյցին գեղարուեստական որակը եւ ոճը նոյն մակարդակին վրայ չէ պահպանուած ժապաւէնի ընթացքին: Մալեան յաճախ կը դիմէ բանաւոր պատումի, մինչդեռ ժապաւէնի լեզուն հարկ է որ ըլլայ պատկերաւոր:

Պատկերաւոր է սակայն Գասպարին «առասպելակիր» դերակատար ըլլալու խորհրդանիշը: Գասպարը յաճախ իր ձեռքին ունի խոշոր պայտ մը: Ձիու սմբակին վրայ չկարենալ տեղաւորուելու չափ խոշոր: Այդ պայտը յատկապէս կ՛երեւայ վարպետներու խմբանկարին մէջ: Խմբանկարը վաւերագրական պատմագրութեան պատրանքն է, որ վերածուած ժապաւէնի պաշտօնական որմազդին: Ֆրունզիկ պայտը բարձր բռնած է, որ բոլորը անպայման նկատեն: Ինչպէ՞ս հասկնալ այդ … Բայց չէ՞ որ պայտը կ՛ամրացնեն տան մուտքին որպէս թալիսման: Մեզմէ շատեր կը պահեն ձիթենիի ճիւղ եւ կամ` կապոյտ աչք: Սնոտի միջոցներ, որոնք կրնան տալ հոգեկան հանգստութիւն: Գասպարին պատիր հերոսութեան առասպելը կը պատկանի այդ դասին: Բայց պիտի ուզէի՞ր, որ քու կախած պայտդ մէկը յանկարծ աղբաման նետէր …

Վերադառնանք դէպի ապաառասպելացման թատր: Յովիկ դառնօրէն յուսախաբուած է: Բայց կը պահպանէ երեւոյթները, այսինքն` պատրանքը: Գասպարը չի դիմակազրկեր նոյնիսկ իր սրտակից ընկերոջ քով: Յովիկին ընկերը (որմազդ փակցնող անանուն տղան, Ժիրայր Աւետիսեան), շատ կը փափաքէր սորվիլ ծովեր ճեղքող լողաձեւի գաղտնիքը: Ի տարբերութիւն Գասպարին, ընկերը շատ դիւրին կը խոստովանի, թէ ինք կը լողայ «ինչպէս որ պատահի»: Ընկերոջ սուտ-պատրանքը անհատական է: Անոր խոստովանութիւնը ծանր հետեւանքներ չէր կրնար ունենալ: Մինչդեռ Գասպարին առասպելի պատրանքը հաւաքական է, մաս կը կազմէ Գիւմրիի էթոսին: Կը խորհրդանշէ  գոյատեւութեան ոգին: Գոյատեւելու կամքը կարելի կը դարձնէ «ծովեր ճեղքել»: Խոստովանութիւնը կրնայ տանիլ հաւաքական յուսալքման:

Գասպար-առասպելը շուտով տառացիօրէն կը թռչի ու կը հեռանայ եռանկիւնէն: Այսինքն կը զեղչուի Յովիկին դաստիարակութիւնը հաւաքաբար ստանձնած վարպետներու շարքէն: Յովիկ պատրանաթափ է: Բայց պատրանաթափ չէ՛ Գիւմրին: Այլ խօսքով, Գիւմրին (իմա՛` տոհմիկ հայը) կը շարունակէ հաւատալ առասպելներու, որոնք պատմականօրէն չեն հիմնաւորուած: Խիզախ նկատողութիւն մը` վաթսունական թուականներու մթնոլորտին մէջ:

Խիզախ` գուցէ եւ այսօր: Թուրիտական համալսարանաւարտ ուղեցոյցներէն մէկը տակաւին երէկ կը պնդէր, թէ Հայկ Նահապետ պատմական անձնաւորութիւն է: «Մենք այդպէս կը հաւատանք» , պատասխանեց իմ առարկութեանս:

«Հիմնադրական առասպելներու» քննական ուսումնասիրութիւնները թափ առին յատկապէս Պենետիքթ Անտերսոնի 1983-ին հրատարակուած «Երեւակայական հաւաքականութիւններ» աշխատութենէն ետք: Մալեան որպէս արուեստագէտ կրնար միայն զգալ հարցին գոյութիւնը եւ ցոյց տալ անոր անդրադարձը մանուկ հերոսի հոգեկան աշխարհին վրայ: Յովիկ աւելի սիրեց Գասպարը, երբ վերջինը իջաւ պատուանդանէն եւ այդպիսով աւելի «մարդացաւ»: Մանուկը չէր կրնար մտահոգուած ըլլալ ազգային առասպելներու ընկերա-պատմա-փիլիսոփայական ստուգաբանութեամբ: Այդ տառապանքը սահմանուած է չափահասներուն:

Համաշխարհային Պատերազմ

6«Եռանկիւնին»-ին մէջ կը լսենք պատերազմի ոտնաձայնը միայն: Կը տեսնենք տագնապը մարդոց դէմքերուն վրայ: Յովիկի ննջարանի պատուհանէն կ՛երեւի սեւ մուխը, որ կը պատէ  եկեղեցւոյ գմբէթը (Գիւմրիի Եօթը Վէրքը): Կը լսենք Յովիկին հօր ձայնը` «Պատերազմը խաղ չէ, որդի՛»: Մալեան ժուժկալ է: Հանդիսատեսը գիտէ, թէ կորուստը այնքան մեծ էր, որ Հայաստան պարտադրուեցաւ հապճեպ մարդուժ ներածել սփիւռքէն …

«Եռանկիւնին» ցոյց կու տայ յստակ հակասութիւն ռուս զինուորներու եւ գիւմրեցիներու կեցուածքներուն միջեւ: Ռուսական ջոկատը կը մօտենայ դարբնոցին խանդավառ երգերով,  մարտական կուռ, միահամուռ եւ վստահ քայլերով: Անոնք կը հաւատան յաղթանակին:

Հայ զինկոչիկներու թափօրը անկազմակերպ է: Քայլերը` անհաստատ եւ պարտադրուած: Առաջնորդ սպան ստէպ կը ստուգէ ներկայութիւնը: Մտահոգութիւնները զուտ անձնական են: «Քլօխդ ցած պահի վուրդի», կ՛ըսէ մայր մը: «Լաւ հագնուէ,  յանկարծ չմրսես», կ՛ըսէ միւսը: Դէպի անորոշութիւն եւ աղէտ քալելու մտավախութիւնը ակնյայտ է բոլոր դէմքերուն վրայ, ի բացառեալ այն տարիքոտ սպայէն, որ երիտասարդ տղաքը կ՛ուղարկէ ճակատ, բայց ինք կը մնայ իր տան վառարանին մօտ:

Ռուբիկ Մաթեւոսեան յանկարծ կը սկսի խանդավառ երգել «Զարթիր լաօ»-ն, բայց ոչ ոք կ՛ընկերակցի իրեն: Այնպէս կը թուի, թէ ոչ ոք նոյնիսկ կը լսէ զինք:

Այս կէտը չէր կրնար վրիպած ըլլալ Մոսկուայի աչքէն: Կարելի չէ հաւատալ, ինչպէս քննարկման ընթացքին թելադրուեցաւ, թէ ռուս քննիչը չէր հասկցած հայերէն ռազմերգին նշանակութիւնը:

Մալեան պատերազմը կը պատկերէ որպէս համատարած աղէտ: Ռուբիկին երգը կը լսենք հեռուէն` որպէս «ձայն բարբառոյ յանապատի», մինչ  շոգեկառքը հայ ռազմակոչիկներու փոքրիկ խումբը կը տանի դէպի անդիմագիծ ունայնութիւն: Պատկերին մէջ ոչինչ կայ բացի շոգեկառքէն, գորշ հողէն եւ մոխրագոյն երկինքէն: Միայն երեք կառք քաշող հզօր վայրաշարժը պէտք էր, որ կարենար սուրալ: Մինչդեռ անոր ընթացքը դանդաղ է: Մեքենան չի շտապեր «թնդանօթի միսը» հասցնել ճակատ:

Հումորը

«Եռանկիւնին»-ին հումորը ծանր է, նոյնիսկ` սեւ:  Առ երեւոյթ ծիծաղաշարժ պատկերներու ենթախորքին մէջ կայ ողբերգական կացութիւն: Կու տամ երեք ակնառու օրինակներ.

Երաժշտական ականջ չունեցող Յովիկին ելոյթը տառապալից է նախ իրեն, ապա վարպետներուն եւ մեզի համար: Երբ Գասպար դիտել կու տայ, թէ Յովիկ նուագելու սկսելէ առաջ չէր «լարած» ջութակը, «ինձ համար միեւնոյնն է» տխուր կ՛ըսէ երեխան: Յովիկ խոր ցաւով կը գիտակցէր, թէ ջութակը իրեն համար չէր: Պատրանքը այստեղ ալ վարպետներն են, որ կը պահպանեն: Մանաւանդ Գասպարը պատրանք-հերոսը: Տխուր է վարպետներուն ճիգը` պահելու համար իրենց «տգիտութիւնը»: Նշանակալից է այն, որ իր ձանձրոյթը ծածկելու յատուկ ճիգ ցոյց չի տար միայն վրացի վարպետը: Այդ տեսարանը ձեւով մը նախերգանքն է աւելի ուշ եկող մեծ պատրանաթափման:

«Հարստեսի» տեսարանին մէջ հսկայ Մկոյին կողքին կը յայտնուի կարճուկ Լիւբան, որ ոչ միայն ճերմակ բադիկի պէս կը քալէ, այլեւ շպարուած է քոմիք ժապաւէններու հերոսուհիներու նմանութեամբ:  Տիտան-թզուկ զոյգը ծիծաղաշարժ կրնար ըլլալ այլուր: Բայց այստեղ ոչ ոք կը խնդայ: Մթնոլորտը ծանր է որովհետեւ միութիւնը խորթ է: Յովիկ ի զուր կը փորձէ փրկել կացութիւնը: Մթնոլորտը ծանր է, նաեւ անոր համար, որ բարի, անոք, աման լուացող  խեղճ աղջիկ մը կ՛ենթարկուի վարպետներու լուռ դատապարտութեան:

Վարպետները դժուար ընտրանքի առջեւ են: Անոնք պէտք է որ շարժին սովորութեան հակառակ: Այս գաղափարը արտայայտուած է վարպետներու դանդաղ քայլերով Վարպետաց փողոցի ցից զառիվերն ի վեր: Գեղագիտական պատկերաւոր այլ լուծում մը:

Սեւ հումորը ներկայ է նոյնպէս Գասպարի անկման տեսարանին մէջ: Մատ մը երեխան խեղդուելէ կը փրկէ դեռ պահ մը առաջ յոխորտացող տղամարդը: Աստիճաններու գլխուն թառած պոռոտախօսը կը վերածուի գետի եզերքին ծուարած թրջուած մուկի: Բայց մթնոլորտը ծանր է: Խեղդուող Ֆրունզիկի զաւեշտական շարժումները խղճահարութիւն կը յառաջացնեն, ոչ ծիծաղ: Այդտեղ կը խեղդուի Գիւմրին ոգեւորող առասպելը:

Մթնոլորտը քիչ մը աւելի թեթեւ է զագսի տեսարանին մէջ, ուր բոլոր վարպետները կը յամառին իրենց ստորագրութիւնը դնել տոմարին մէջ: «Բաւական է» կը բողոքէ յառաջագած տարիքի,  ոչ բարետես, տունմնայ պաշտօնեան (6): Բայց ինչո՞ւ էին վարպետները խանդավառ: Ինչ կը տօնէին տոհմիկ ֆայթոնները: Մկոյի անդարձ կորո՞ւստը: Չէ՞ որ այդ ամուսնութիւնը պիտի հեռացնէր Մկոն Գիւմրիէն (7) :

Այս թախծոտ մթնոլորտին մէջ հարց կու տամ. ո՞ւր է Լենինականցիի առակի կարգ անցած հումորը : Այսքան խոշոր բացակայութիւն կարելի չէ պատահական մոռացկոտութեան վերագրել: Ջիգեարխանեանի եւ Վանոյի առօրեայ խօսակցութեան մէջ կան սրամիտ դարձուածքներ: Բայց անոնք աւելի դառն ժպիտ կը յառաջացնեն, քան` լիաթոք ծիծաղ: «Մաքուր հայերէն» խօսող Սօս Սարգսեանի տիպարը չափազանցեալ լուրջ է: «Եռանկիւնին»-ին մէջ ոչ մէկ պատկեր կամ խօսք կը յառաջացնէ լիաթոք ծիծաղ: «Եռանկիւնին» էլեկիա մըն է, ողբերգ մը, նուիրուած երբեմնի Գիւմրիին:

Յովիկ կը լքէ «Եռանկիւնին»

7Գիւմրին եղած է մշակութային եւ մտաւորական եռուն կեդրոն: Տուած է բազմաթիւ անուններ: «Եռանկիւնին»-ին մէջ այդ կողմը պատկերաւոր արտայայտուած է որմազդներու միջոցով: Գիւմրին լեռներու ետին կորած հիւղաւան մը չէր: Այլ խօսքով, երկրորդական, նոյնիսկ համալսարանական ուսում ստանալու համար որեւէ երեխայ պարտադրուած չէր հեռանալ: Յովիկին հեռացումը ունի խորհրդանշական իմաստ:

Յովիկ ոչ միայն կը հեռանայ Գիւմրիէն, այլեւ` դարբիններէն (8): Պատկերաւոր լեզուով արտայայտուած ան չի գիտեր, թէ ճիշդ ո՞ւր անոնք դադրեցան հետեւելէ իրեն, այսինքն` հովանաւորել զինք: Հեռացումը տեղի կ՛ունենայ աստիճանաբար, որպէս արդիւնք Յովիկի հասունացման: Պատանին կ՛արժանանայ անկախութեան, իր կեանքը տնօրինելու իրաւունքին: Կը վայելէ դարբիններուն օրհնութիւնը, որովհետեւ չի մերժեր տոհմիկ ժառանգը: Այդ ժառանգը պիտի կազմէ իր հոգեւոր աշխարհին ենթահողը: Յովիկ թախիծով կը պատմէ Գիւմրիի մասին, որովհետեւ այդ գեղեցիկ աշխարհը դատապարտուած էր դառնալու անցեալի յուշ:

Նոթեր

(1) «Հայֆիլմ սթիւտիօ». 84 վայրկեան. բեմագրութիւնը` Ա. Այվազեան, քամերա` Ս. Իսրայէլեան, երաժշտութիւն` Է. Բաղդասարեան: Ուստա Մուկուչ` Ա. Ջիգեարխանեան, Գասպար` Մ. Մկրտչեան, Մկրտիչ`  Ս. Սարգսեան, Մկօ` Փ. Արսիանոֆ, Յովիկ` Մ. Յովսէփեան, Լիւբա` Ի. Ալապինա, եւ որմազդ փակցնող տղայ` Ժիրայր Աւետիսեան

(2) Առանց մեկնաբանութեան. կը լսենք, թէ ամրոցը սեփականաշնորհուած է եւ պիտի շահագործուի  որպէս զբօսավայր:

(3) Կարելի՞ է արդէօք հաւատալ, թէ երաժշտութեան դասատուն չէր նկատած Յովիկին այդքան ակնյայտ երաժշտական խլութիւնը:

(4) Լիւբա միակ իգական կերպարն է: «Լիւբա» ռուսերէնով գրեթէ տառացիօրէն կը նշանակէ «սէր»: Բայց սիրող աղջկան ներկայութիւնը կարճ է եւ աղէտալի: Սիրոյ ժխտական դերին եւ առհասարակ ժապաւէնին մէջ կիներու բացակայութեան կարելի է տալ անախորժ մեկնաբանութիւններ:

(5) Խորհրդային Հայաստանի շարժապատկերին մէջ Եղեռնի թերեւս առաջին ուղղակի ակնարկութիւնները: Ձորի Միրոն, Նահապետը եւ այլ գործեր  եկան  աւելի ուշ:

(6) Իգական սեռի ժխտական կերպար մը եւս: Պաշտօնեան անբարեհաճ տղամարդ մը չէ՞ր կրնար ըլլալ …

(7) Շարք մը առասպելական եւ հեքիաթային հերոսներ հմայուած են օտար կիներով: Այդ  կապը ներկայացուած է որպէս աղէտալի հետեւանքներ ունեցող մոլորութիւն:

(8) Կը հեռանայ նոյնպէս զինք հմայած աղջիկէն: Ո՞վ չէ ունեցած պատանեկան անցողիկ ցնորքներ: Նկատելին այն էր, որ գեղեցկուհին դուրս չեկաւ պատշգամ գոնէ վերջին անգամ տեսնելու համար Յովիկը: Իգական տիպարը` նորէ՞ն ժխտական… Այդ տարիքի՞ն իսկ…

Ծանօթ.-   Համազգայինի թատերական յանձնախումբը պատրաստած է «Սինէ քլապ»-ի ծրագիր մը, որ պիտի սկսի այս ամիս:  Ցոյց պիտի տրուին հայ եւ օտար, գեղարուեստական եւ վաւերագրական ժապաւէններ: Ցուցադրութիւններէն ետք տեղի պիտի ունենայ քննարկում: Կը յուսանք, որ շարժապատկերի պատկերաւոր լեզուն հաւաքաբար վերծանելու ունակութիւնը տեղ գտնէ մեր մշակութային կեանքին մէջ:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

53 Տարի Առաջ. Այցելութիւն` Կամալ Ապտել Նասըր Հիւսէյնի

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.