Երէկ` կիրակի, 26 յունուարին, Նոր Սիս շրջանի ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ շրջանի ննջեցեալ եւ նահատակ համակիրներու եւ ընկերներու յիշատակի ոգեկոչում:
Նախ շրջանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ապա հոգեսուրճ մատուցուեցաւ շրջանի «Ազիրեան» ակումբի «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ:
Մկօ Խտըրլարեան արտասանեց օրուան խօսքը եւ շեշտեց այս համեստ ձեռնարկին կարեւորութիւնը` յայտնելով, որ պարտաւոր ենք շրջանի բոլոր նահատակներու յիշատակը վառ պահել, որովհետեւ անոնց թափած արեամբ նոր սերունդը ինքզինք հպարտ կը զգայ եւ խիզախօրէն կը նայի ապագային` ուխտելով ՀՅ Դաշնակցութեան ճամբով ծառայել ազգին:


