Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ ֆրանսական «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Փարիզի մէջ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուիլ այնպիսի կառավարութեան մը հետ, որուն կ՛իշխէ Հըզպալլան:
Անդրադառնալով Հարիրիի դէմ մահուան սպառնալիքի գոյութեան հարցին` Ժեմայէլ յայտնեց, որ ինք եւս ստացած է նման սպառնալիքներ, աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական բոլոր անձնաւորութիւնները վտանգի ենթակայ են: «Սակայն համոզուած եմ, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի մօտիկ ապագային պիտի վերադառնայ Պէյրութ», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ ընդգծեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը իրենց շարքերը վերակազմակերպելու կարիքը չունին, որովհետեւ անոնք մնայուն եւ հետեւողական կերպով կը խորհրդակցին ազգային եւ ոչ թէ անձնական նպատակներու շուրջ:


