Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինաս Գոճայեանի «Մորմոքող Անցեալի Արահետներով. Ուխտագնացութիւն Դէպի Պատմական Հայաստան» Գիրքին Շնորհահանդէսը

January 17, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

minasԿազմակերպութեամբ  «Կամար» պարբերաթերթի խմբագրակազմին, երէկ` հինգշաբթի, 16 յունուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ  սփիւռքահայ մանկավարժ, հրապարակագիր, կրթական մշակ Մինաս Գոճայեանի նորագոյն գործերէն` «Մորմոքող անցեալի արահետներով. Ուխտագնացութիւն դէպի պատմական Հայաստան» խորագրեալ գիրքին շնորհահանդէս-գինեձօնը` ներկայութեամբ կրթական մշակներու, մտաւորական դէմքերու, հոգեւոր հայրերու եւ գրասէր ազգայիններու հոծ բազմութեան:

«Կամար»-ի խմբագրապետ Ժիրայր Դանիէլեան բացումը կատարեց ձեռնարկին` ողջունելով ներկաները ու յատկապէս` Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան առաջին քարտուղար Վարդան Ադամեանը: Ապա ան ներկայացուց օրուան հեղինակը` Մինաս Գոճայեանը, անդրադառնալով  անոր անցեալի գործունէութեան, իրագործումներուն եւ դերակատարութեան: Դանիէլեան թուեց Գոճայեանի նկարագրային յատկանիշները` շեշտելով անոր մէջ յանձնառու մտաւորականը:  «Մինասը չցնցուեցաւ համաշխարհայնացումի հովերէն, եղաւ այն յանձնառու մտաւորականը, որ հաստատ մնաց իր տեսակէտներուն վրայ, մնաց պատնէշի վրայ, հակառակ իր դէմ ցցուած դժուարութիւններուն», ընդգծեց Դանիէլեան` խօսքը փոխանցելով «Կամար»-ի խմբագրակազմի անդամներէն Արամ Սեփեթճեանին: Իր կարգին, Սեփեթճեան բարձր գնահատեց Գոճայեանի գրական ու մտաւորական արժանիքները` շեշտելով անոր դրական ներդրումը այդ մարզերուն մէջ:

Ապա խօսք առաւ Մինաս Գոճայեան, որ շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ անդրադարձաւ իր այցելած Արեւմտահայաստանի թէ Կիլիկիոյ գրաւեալ հողերուն: Սահիկներու օգնութեամբ Գոճայեան ներկայացուց այդ շրջաններու, անոնց բնակչութեան այժմու իրավիճակը, տրամադրութիւնները այցելող հայ հիւրերուն նկատմամբ եւ այլն: «Ինչո՞ւ այս գիրքը գրեցի», հարց տուաւ հեղինակը եւ ըսաւ. «Գացի իմ արմատներուս ծնունդ տուած հայրերուս հողը տեսնելու, գացի աւելի լա՛ւ ճանչնալու այն մարդը, որ այսօր կը բնակի իմ պապերուս հողին վրայ, զոր մենք կը կոչենք Արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիա»: 2006-ին  «Չորք Մարզվանի յուշամատեան պատմագիրքը» հրատարակելէ ետք ան ներքին մղումով մը այցելած է իր պապենական բնօրրանը եւ իր ապրումները հրատարակած այս գիրքով: «Այս գիրքով կ՛ուզեմ իմ ներդրումս կատարել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով», աւելցուց Գոճայեան: «Այսպէս կոչուած այսօրուան Թուրքիոյ մէջ թուրքերը փոքրամասնութիւն են եւ բազմաթիւ թուրքեր, քիւրտեր, թաքուն հայեր ծագումով հայ են, բայց բան չեն գիտեր իրենց անցեալի մասին», ընդգծեց ան: Աւարտին, հեղինակին, հայր Մեսրոպ Հայունիին, հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանին եւ «Կամար»-ի խմբագիրներուն տեղի ունեցաւ գիրքին գինեձօնը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Ֆութպոլի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբի Երթի Մրցումներուն Յայտագիրը

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.