Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Պատր եւ ընդհանուր քարտուղար Շըհատէ Ապու Նըմրի իրենց մասնակցութիւնը բերին Ապու Տապիի «Ինթըրքոնթինենթըլ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած Արաբական ճատրակի ֆետերասիոնի ընդհանուր համագումարին:
Այս համագումարին ընդհանրապէս քննարկուեցաւ 2014 տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն հարցը:
Այս առիթով ֆետերասիոնի նախագահ Պատր հանդիպումներ ունեցաւ արաբական ֆետերասիոններու կարգ մը նախագահներու հետ, որոնց հետ փորձեց գտնել այն կարելիութիւնները, որոնց միջոցով կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի մէջ այս մարզաձեւը աւելի զարգացնել:


