Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատայի Թուրքերը Պէտք Է Դատապարտեն Եւ Ոչ Թէ Արդարացնեն Ցեղասպանութեան Ժխտումը

January 13, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Քանատայի թուրքերը նախորդ ամիս ձեռնարկած էին ստորագրահաւաքի մը` պահանջելով Թորոնթոյի աւագ դպրոցներու 11-րդ դասարանի ուսումնական ծրագիրէն վերցնել  Հայոց ցեղասպանութեան մասին բոլոր յղումները:

Այս ստորագրահաւաքը մաս կը կազմէ թուրք ժխտողականներու երկարատեւ ջանքերուն` փոխելու Թորոնթոյի Շրջանային դպրոցական խորհուրդի (TDSB) 2008 թուականի որոշումը, որուն համաձայն, աշակերտներուն կը դասաւանդուին Հայոց, Հրէական եւ Ռուանտական ցեղասպանութիւններուն մասին: Խորհուրդին որոշումը յաջորդեց 2002 թուականին Քանատայի Ծերակոյտին եւ 2004 թուականին խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման: Բացի ատկէ, 2006 թուականէն Քանատայի վարչապետները յաջորդաբար հանդէս եկած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող տարեկան պաշտօնական յայտարարութիւններով` հակառակ թրքական կառավարութեան կողմէ գործադրուած բուռն քաղաքական ճնշման ու տնտեսական շանթաժին:

2008 թուականին թրքական այլ նմանատիպ ստորագրահաւաք մը չյաջողեցաւ ստիպել վերոյիշեալ խորհուրդը փոփոխելու ցեղասպանութեան ուսումնական ծրագիրը` աւելի քան 11 հազար ստորագրութիւն հաւաքելէ ետք, յատկապէս Թուրքիայէն: Իսկապէս, Անգարայի կառավարութիւնը եւ Թորոնթոյի մէջ անոր թրքական կամակատարները վերջին եօթը տարիներուն ընթացքին դիմած են կարելի բոլոր միջոցներու` ուսումնական ծրագիրը խափանելու համար:

Ստորեւ մէջբերուած են Թորոնթոյի Շրջանային դպրոցական խորհուրդի ցեղասպանութեան ուսումնական ծրագիրին դէմ թրքական դիմումնագիրով ներկայացուած անհիմն բողոքները` անոնց յաջորդող իմ հերքումներովս.

– Թրքական դիմումնագիր. «Իբրեւ Թորոնթոյի դպրոցներ յաճախող աշակերտներու թրքախօս ծնողներ, մենք խորապէս մտահոգուած ենք «Հայոց ցեղասպանութեան» վերաբերեալ ներկայի ուսումնական ծրագիրին եւ 2008 թուականէն Թորոնթոյի Շրջանային դպրոցական խորհուրդին կողմէ ընդունուած ուսումնական նիւթին բացասական ազդեցութեամբ»:

Իմ պատասխանս. Թորոնթոյի դպրոցներուն մէջ ՈՉ մէկ բռնութիւն կամ ճնշում կիրարկուած է թուրք ոեւէ աշակերտի նկատմամբ, հակառակ անոր որ Ցեղասպանութեան ուսումնական ծրագիրը քանի մը տարիէ կը դասաւանդուի: Պատճառը այն է, որ հայերը այսօրուան անհատ թուրքերը պատասխանատու չեն նկատեր այն ոճրագործութիւններուն, որոնք Օսմանեան Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ գործադրուած են գրեթէ 100 տարի առաջ, բացառութեամբ անոնց, որոնք ժխտողականութեամբ իրենք զիրենք կը շաղկապեն այդ ոճիրներուն հետ: Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդը, պատասխանատուութիւն կը կրէ Հայոց ցեղասպանութեան շարունակուող հետեւանքներու համար: Ցեղասպանութեան փաստերու ժխտումը շատ աւելի լուրջ եւ բացասական հոգեբանական ազդեցութիւն ունի հայերուն վրայ, քան ուսումնական ծրագիրին մէջ անոր ընդգրկումը` թուրքերուն վրայ: Աւելի՛ն, ճշմարտութիւնը կարելի չէ ծածկել միայն այն պատճառով, որ անիկա չվիրաւորէ զգացումները անոնց, որոնք կ՛ուզեն քողարկել պատմական իրողութիւնները: Կարելի՞ է արդեօք պաշտպանել Հրէական ողջակիզումի ջնջումը պատմութեան դասագիրքերէն` ժամանակակից գերմանացիները չվիրաւորելու համար:

– Թրքական դիմումնագիր. «Հայերու Ցեղասպանութեան վերաբերեալ դասագիրքը եւ այլ գիրքեր, ինչպիսին է Պարպարա Քոլորոսոյի «Արտասովոր չարիքը», անընդհատ կը վարկաբեկեն համայնքի մը պատմական տուեալները` միւսներուն հաշուոյն եւ բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենան Թորոնթոյի դպրոցներու թրքական ժառանգութեամբ աշակերտներուն վրայ»:

Իմ պատասխանս: Չի կրնար երկու տարբերակ կամ երկու վարկած ըլլալ Հայոց ցեղասպանութեան ապացուցուած փաստերուն վերաբերեալ: Կայ միայն մէկ ճշմարտութիւն:

– Թրքական դիմումնագիր. «Մենք խորապէս համոզուած ենք, որ փոխադարձ յարգանքի, փոխըմբռնման եւ խաղաղ գոյակցութեան արժէքները կրնան ձեռք բերուիլ պատմութեան մասին ազնիւ եւ բաց երկխօսութեան միջոցով: Աւելի՛ն, արդար եւ անաչառ ուսուցումը հիմնուած պիտի ըլլայ պատմական փաստերու, եւ ոչ թէ միայն ընտրեալ համայնքներու պատումներուն վրայ` անտեսելով միւսները: Պէտք է նաեւ նշել, թէ այս պատմական պնդումներէն որեւէ մէկուն վերաբերեալ դատավճիռ գոյութիւն չունի, իսկ պատմաբաններուն կարծիքները կը տարբերին այս իրադարձութիւններու մանրամասնութիւններուն եւ սահմանումներուն առնչութեամբ»:

Իմ պատասխանս. «Փոխադարձ յարգանքը, փոխըմբռնումը եւ խաղաղ գոյակցութիւնը» չեն կրնար ձեռք բերուիլ խեղաթիւրումներու եւ կեղծիքներու միջոցով: Միայն ճշմարտութիւնը ընդունելէ եւ համապատասխան հատուցում տալէ ետք Քանատայի թուրքերը կրնան խօսիլ նման վեհ գաղափարներու մասին: Բացի ատկէ, հակառակ թրքական պնդումներուն, կայ քանի մը դատավճիռ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ, սկսեալ 1919 թուականի թրքական ռազմական դատարաններու վճիռներէն մինչեւ արժանթինեան, զուիցերիական եւ ամերիկեան դատարաններու վճիռները: Ուշագրաւ է, որ ՄԱԿ-ի խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնախումբը 1985 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին զեկոյց ընդունած է: Իւրաքանչիւր ցեղասպանութեան համար ամէնէն ճիշդ  ատեանը Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւնն է, քանի որ ցեղասպանութեան համաձայնագիրը ՄԱԿ-ի փաստաթուղթ է:

Ամփոփելով նշենք, թէ թրքական այս վերջին դիմումնագիրը դատապարտուած է լիակատար ձախողութեան, քանի որ անոր նախաձեռնողը` Քանատայի թրքական միութիւններու դաշնութիւնը, առայժմ հաւաքած է 2000-էն ալ նուազ ստորագրութիւն, մինչ իրենք կը պնդեն, թէ Քանատայի մէջ ունին 200,000 անդամ: Հետաքրքրական է, որ ստորագրողներուն մեծ մասը ոչ թէ Քանատայէն է, այլ Թուրքիայէն, ուր դիմումնագիրը լայնօրէն տարածուած է կայքերուն վրայ:

Քանատայի թուրքերուն համար աւելի արժէքաւոր նախաձեռնութիւն պիտի ըլլայ այլ  դիմումնագիրի մը ձեռնարկելը, կոչ ուղղելով թրքական կառավարութեան` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ պատշաճ փոխհատուցում կատարելու այս հրէշաւոր ոճրագործութեան զոհերու ժառանգորդներուն` Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Հայաստանի Կախումը Ռուսաստանից. Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Հայաստանի Համար Ճակատագրական Ուժ Են

Յաջորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Յիսուս Քրիստոսի Անունո՛վ Եւ Դաւանութեա՜մբ…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.