Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ժամանակակից Հանելուկներ

January 13, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

RuinsՄանուկներու եւ կրտսեր պատանիներու համար հանելուկ լուծելը հաճելի ժամանց է:

Որոշ տարիքէ մը ետք հանելուկները նոյնքան հետաքրքրական ու շահագրգռող չեն ըլլար: Այդ պատճառով է, հաւանաբար, որ Աստուած ստեղծած է թերամիտ քաղաքական մարդիկը, որպէսզի տիրական դառնան աշխարհի քաղաքական բեմին ու զայն «հարստացնեն» ճատրակի խնդիրներու նման այլօրինակ հանելուկներով. այն տարբերութեամբ, որ եթէ մանկական հանելուկներն ու ճատրակի խնդիրները  կը նպաստեն միտքի ու դիտարկումի զարգացման, քաղաքական հանելուկները բացարձակ մեծամասնութեամբ կործանարար ու ողբերգական հետեւանքներ կ՛ունենան:

Թուենք ժամանակակից եւ իրարու առնչուող քանի մը հանելուկներ` պատասխաններ գտնելու պարտականութիւնը ձգելով ընթերցողներուն:

Ա.- Իրաքի մէջ Սատտամ Հիւսէյնը դատապարտող ու կախաղան հանող արեւմուտքցի «մարդասէրներ»-ը ստեղծեցին կացութիւն, որ լայն ասպարէզ բացաւ ծայրայեղական ուժերու յելուզակութիւններուն առջեւ: Այսօրուան Պաղտատի իշխանաւորները կը ճգնին հակակշիռի ենթարկել Արեւմուտքի իրենց հովանաւորներուն կողմէ ատելի հռչակուած կրօնամոլ տարրերը, որոնք ամէն օր մահ կը սփռեն ռմբահարումներով ու զինուորական աւելի յանդուգն գործողութիւններով (Ֆալուճայի գրաւումը, օրինակի համար): Ուաշինկթըն կը խոստանայ օժանդակութիւն տրամադրել այսօրուան Պաղտատին, ընդդէմ «Քայիտա»-ի ու անոր դաշնակիցներուն (եկէք, չարծարծենք այն հանելուկը, թէ այդ խմբաւորումները ո՛վ ստեղծեց), եւ սակայն, արիւնալի ողբերգութիւնը կը շարունակուի յարաճուն թափով:

Բ.- Նոյն տպարանէն լոյս տեսած ընդդիմադիրներ մահ ու աւեր կը սփռեն Սուրիոյ մէջ, սակայն քաջալերանք կը ստանան նոյն այն ուժերէն, որոնք Իրաքի մէջ մահացու պայքար հռչակած են ծայրայեղականներւն դէմ: (Հանելուկը սկսաւ պարզուելու տեղ բարդանալ, չէ՞…): Կրօնամոլ ծայրայեղականներ, որոնք Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն հետ զինակցած էին իշխանափոխութիւն յառաջ բերելու նպատակով, քանի մը մեծ բեկորներու վերածուած են ու զիրար կը ջարդեն, կ՛աշխատին զիրար չէզոքացնել, առանց հրաժարելու անմեղ քաղաքացիներու դէմ ոճրային վազքէն: «Ժընեւ-2»-ը սկսած է կորսուիլ այս հանելուկային վիճակին մէջ, որովհետեւ հանելուկը ստեղծողներն իսկ յայտնապէս անկարող դարձած են հակակշիռի տակ բերելու իրենց ստեղծած վիճակը: (Յայտնապէս բառը չգործածեցինք պատահական կերպով…):

Գ.- Եգիպտոսի մէջ, հանելուկը կտրեց քանի մը հանգրուան եւ աչքերը սեւեռած է նոր… «փապուղիներու»: Չա՛ր ու բռնապետ հռչակուած Մուպարաքը նախ ոգի ի բռին պաշտպանող Ուաշինկթըն եւ գործակիցներ շուտով կանգնեցան Մուպարաքը տապալող Մուրսիի կողքին` հրապարակ նետելով ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւունքներու մասին նշանախօսքեր: Տարի մը ետք, հանելուկը աւելի բարդացաւ, երբ Մուրսի տապալեցաւ ու այսօր կը կանգնի դատարանի սեմին: Ո՞վ որո՞ւ կողքին է, ո՞վ զո՛վ կը պաշտպանէ` այդքան ալ յստակ չէ, թէեւ… զէնքի առեւտուրը նոր ուղիներ կը գտնէ:

Դ.- Հարաւային Սուտանը, անկախութեան երրորդ տարին չամբողջացուցած, ինկած է քաղաքացիական արիւնալի պատերազմի մը գիրկը: Հոն, կրօնական ծայրայեղականութեան պատճառաբանութիւնը չ՛արծարծուիր, այլ կը խօսուի ցեղախմբային մրցակցութիւններու լեզուով:

Ե.- Լիբանանի մէջ փորձ կը կատարուի 15-ամեայ պատերազմին պատճառ դարձող հանելուկները վերստին հրամցնել շատ բան չլուծած երկրին ու ժողովուրդին: Հաւանաբար հանելուկները ստեղծողները կը վստահին այն իրողութեան, որ պատերազմի աւարտէն ասդին հասակ առած է սերունդ մը, որ չի գիտեր պատերազմին ահաւորութիւնը եւ պատրաստ է ներգրաւուելու այժմէական հանելուկներու դաշտին մէջ: Վճարողներ ու վարձկաններ միշտ ալ կարելի է գտնել նման հանելուկներ խաղալու համար:

Զ.- Ռուսական քաղաքներ դարձեալ բեմ կը դառնան ծայրայեղականներու ոճրային ռմբահարումներուն: Մոսկուա կը փորձէ կարծր կեցուածք ցուցաբերել, ան ալ շուարումի մատնուած է ու չի կրնար լուծել Արեւմուտքին հետ գործակի՞ց թէ մրցակից խաղալու հանելուկը…

Է.- Հայաստանի մէ՞ջ… Հոն հանելուկները տարբեր դիմագիծ կը կրեն, բարեբախտաբար չունին արիւնալի դրսեւորումներ, թէեւ ըստ էութեան գլխաւոր աղբիւրներէն շատ ալ հեռու չեն:

Ահաւոր վնասներ պատճառող այս հանելուկները վստահաբար ջուր կը խմեն նոյն աղբիւրէն, որ կը բխի մարդկայնութիւնը ամենաբիրտ կերպով ոտնակոխ ընող շահամոլներու խաղերէն: Հանելուկները բեմ կը հանուին համայնքային, ցեղախմբային, ու հազար ու մէկ մաշած ժամանակավրէպ դարձած զգեստներով, շնորհիւ վարպետ… դերձակներու:

Ու մեծագոյն հանելուկը կը մնայ հետեւեալը. մարդիկ մինչեւ ե՞րբ կրնան համբերել, հանդուրժել, ու բռնադատուիլ անտարբերութեան…

 

8 յունուար 2014

Նախորդը

Հայ Կնոջ Կեանքի Ուղիին Հետքերով. (Հեղինակ` Սոնա Զէյթլեան)

Յաջորդը

Հայաստանի Կախումը Ռուսաստանից. Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Հայաստանի Համար Ճակատագրական Ուժ Են

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.