Վեհափառ հայրապետը 2014 տարին հռչակած է «Տարեցներու տարի»: Այս առիթով վեհափառ հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի յառաջիկայ կիրակի, 12 յունուարին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ: Վեհափառ հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն մէջ:
Վեհափառ հայրապետը իր պատգամի վերջաւորութեան հետեւեալ թելադրութիւնը կը կատարէ.
ա) Իւրաքանչիւր ընտանիքի առաջնահերթ ու նուիրական պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ իր տարեց անդամներուն նկատմամբ անհրաժեշտ հոգածութիւնը ցուցաբերել բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ:
բ) Մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ յատկապէս մեր նոր սերունդին մօտ տարեցներուն նկատմամբ մեր ունեցած յարգանքը, սէրն ու նախանձախնդրութիւնը անհրաժեշտ է աւելի խորացնել: Այս ուղղութեամբ մեր ընտանիքները, դպրոցներն ու ակումբները վճռական դեր ունին կատարելիք:
գ) Անհրաժեշտ է նիւթապէս սատարել գործող ծերանոցներուն եւ ընկերաբժշկական կեդրոններու գործունէութեան, որպէսզի անոնք կարենան առաւել եւս բարելաւել ու ծաւալել իրենց մարդասիրական ծառայութիւնը:
դ) Տարեցներու գծով մեր հոգածութիւնը աւելի կազմակերպ դարձնելու եւ առաւել ծաւալելու անհրաժեշտութենէն մղուած, անհրաժեշտ է նոր ծրագիրներ մշակել արդիական ու մասնագիտական մօտեցումներով: Մեր ունեւոր ազգայինները պէտք է լրջօրէն մտածեն յիշեալ կարիքներուն մասին:


