ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Լիբանանեան քաղաքական կեանքի կարուսելը կը շարունակէ իր ձանձրալի պտոյտը: Լիբանանի քաղաքական երկնքին տակ ոչինչ նորութիւն է: Կառավարութեան կազմութեան հարց, նախագահի ընտրութիւն, երեսփոխանական ընտրութիւններ, այս բոլորը ոչինչ կը փոխեն առօրեայ հոգերով ծանրաբեռնուած լիբանանցի քաղաքացիներուն կացութենէն, որովհետեւ անոնց կեանքի պայմաններուն տեսանկիւնէն դիտուած կառավարութեան, նախագահի կամ խորհրդարանի գոյութիւնը անոնց չգոյութեան նման է:
Քաղաքական վերոնշեալ հարցերը միայն ձեւական կարեւորութիւն կը ներկայացնեն եւ ոչ խորքային, իսկ անոնց շուրջ ընթացող բիւզանդական վէճերը եւ հիչքոքեան անորոշութիւնը որոշակի փոփոխութիւններ չեն խոստանար, այլ պարզապէս լիբանանեան հասարակութիւնը կը հիփնոսացնեն, անոր ուշադրութիւնը շեղելով իրեն համար կենսական եղող հարցերէն: Անոնք բազում խօսքեր են` վասն ոչինչի:
Լիբանանցիներուն մօտ տարածուած է ամենագիտութեան ախտը, որուն ախտանշաններէն մէկն է վերոնշեալ հարցերուն մասին խօսիլն ու վիճիլը: Իրականութեան մէջ ատիկա ժամավաճառութիւն մըն է կամ լաւագոյն պարագային` զբաղում մը: Դժբախտաբար քաղաքացին անտեղի հաւատարմութեամբ կառչած կը մնայ որոշ պատկերասփիւռի կայանէ մը հրամցուող «ճշմարտութիւններուն» եւ այդպիսով նոյնիսկ իրեն համար կենսական չեղող այս հարցին մէջ կ՛ապակողմնորոշուի եւ ճշմարտութենէն խոտորելով կը վերածուի այդ կայաններուն ու անոնց հովանաւորներուն թութակին: Կացութեան մասին աւելի առարկայական ընդհանուր պատկեր մը ունենալու համար անհրաժեշտ է լրատու տարբեր կայքերու «անխնամ» տեղեկութեանց վրայ յենիլ, սակայն այստեղ եւս երբեմն ապատեղեկատուութեան գոյութենէն պէտք է զգուշանալ:
Լիբանանեան քաղաքական կարուսելը կանգ պիտի չառնէ, այլ պիտի շարունակէ պտտիլ. երբ կառավարութիւնը կազմուի, հերթը պիտի գայ անոր աշխատանքային ծրագիրին, ապա` նախագահի ընտրութեան, ընտրական նոր օրէնքին եւ խորհրդարանական ընտրութեանց, եւ այս բոլորին զուգահեռ հոս ու հոն տեղի ունեցող ապահովական դէպքեր եւ ականահարումներ պիտի գան քաղաքացիին միապաղաղ առօրեան աւելի «հետաքրքրական» դարձնելու: Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ սուրիացի գաղթականներու հարցը, որուն պայթումը կրնայ վերակենդանացնել 1960-70-ական տարիներու պաղեստինցի գաղթականներու կացութեան պայթումով ստեղծուած կացութիւնը: Ի վերջոյ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, մանաւանդ Լիբանանի երկնակամարին տակ:


