Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւաք` «Ազդակ»-ի Նոր Տարուան Բացառիկ Թիւի Հրատարակութեան Առիթով

January 11, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ երեկոյեան «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը` «Ազդակ»-ի 2014-ի Ամանորի բացառիկ թիւին հրատարակութեան առիթով:

Մտերմիկ հանդիպումին ներկայ գտնուեցան «Ազդակ»-ի անձնակազմը, Նոր տարուան բացառիկ թիւի աշխատակիցները, ինչպէս նաեւ մամլոյ մշակներ եւ «Ազդակ»-ի աջակիցներ:

Բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի խմբագրակազմի անդամ Արշօ Պալեան, որ ներկայացուց բացառիկի ընգրկած նիւթերը` նշելով, որ բացառիկին աշխատանքները ընթացած են հիմնուելով այն համոզումին վրայ, որ գոյութիւնը կը պահպանուի աւանդութիւնը շարունակելու ընդմէջէն:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ»-ի խմբագրակազմին ու անոր աշխատակիցներուն, ինչպէս նաեւ բացառիկի հրատարակութեան հովանաւորութիւնը ստանձնող տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պեզիքեաններուն:

«Բացառիկին երեւցող այս բաժինին կը միաձուլուի նաեւ աներեւոյթ բաժին մը, ուր յստակ կերպով կ՛երեւին «Ազդակ»-ի տնօրէնին հետեւողական աշխատանքը, նիւթերուն լեզուական սրբագրութիւնն ու մշակումը մեծ համբերութեամբ ու բծախնդրութեամբ ստանձնած ընկեր Տիգրան Ճինպաշեանին ջանքերը, բացառիկի նիւթերը ապահովելու քարտուղարութեան հետապնդումները, գրաշարներուն արհեստավարժութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ շրջանցել օրաթերթի ընթացիկ եւ բացառիկ թիւերուն հեւքը, սրբագրիչներուն աչքին լոյսը եւ տրամադրած սուղ ժամանակը` կարելի եղածին չափ անթերի դարձնելու հրատարակութիւնը, զոյգ էջադրողներուն բծախնդրութիւնը, «Սթիւտիօ Աշնակ»-ի տրամադրած լուսանկարներու հարուստ արխիւը, ինչպէս նաեւ ծանուցումներ հաւաքելու ծանր աշխատանքը ստանձնած անձնակազմին ճիգերը», ըսաւ ան:

Ապա խօսք առաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ յայտնեց, թէ երբ ամէնուրեք կը խօսուի մամուլի տագնապին մասին, «Ազդակ» կը շարունակէ օրաթերթային հեւքոտ աշխատանքին կողքին, արաբերէն կայքէջ ունենալ, մամլոյ լսարան կազմակերպել, «Պզտիկ-Մզտիկ» եւ գրական յաւելուած հրատարակել, մանկապատանեկան մրցանքներ կազմակերպել, «Ազդակ»-ի կայքը օրական դրութեամբ թարմացնել, արագ լրահոսի բաժինը թարմացնել եւ տարին երկու հաստափոր բացառիկներ հրատարակել:

«Մեր ճիգերը, որոնք կ՛իրականանան, հաւաքական աշխատանքի արդիւնք են, խմբագրական, յօդուածագրական, լրատուական, գրաշարական, սրբագրութեան, էջադրումի, տպագրական եւ ցրուումի, որոնք համակարգուած կերպով կ՛ընթանան: Իբրեւ արդիւնք այս աշխատանքին, երբ որոշ ծրագիրներու համար կը դիմենք հովանաւորներուն, անոնք իսկապէս կ՛աջակցին մեր աշխատանքներուն` մեզի զգացնելով, որ իրենք կը հաւատան մամուլի առաքելութեան: Հետեւաբար մենք ոչ միայն պէտք է պահենք ինչ որ կար, այլ նաեւ զարգացնենք մեր աշխատանքը, որպէսզի մամուլը լիարժէք ձեւով իր առաքելութիւնը կատարէ», ըսաւ Շ. Գանտահարեան:

Ան անդրադարձաւ Սուրիոյ վերաբերող լուրերուն` հաստատելով, որ «Ազդակ» զգուշ կը վարուի սուրիահայութեան վերաբերող լուրերուն նկատմամբ եւ կը փորձէ ապատեղեկատուութեան ծուղակը չներքաշուիլ` խուսափելով հայութեան մասին խուճապ ստեղծող լուրերն ու անհիմն տեղեկութիւնները հրատարակելէ: «Այս իմաստով մենք կը շարունակենք մեր խմբագրազտումի ոսպնեակը զգօն պահել, որպէսզի մնանք հաւաստի աղբիւր», հաստատեց Շ. Գանտահարեան:

Ան ըսաւ, որ այս տարուան ընթացքին «Ազդակ» իր աջակիցները իր շուրջ պիտի համախմբէ` լսելու համար «Ազդակ»-ի աշխատանքին մասին տեսակէտներ, կատարելու համար քննարկումներ եւ իմանալու համար բարեփոխումի առաջարկներ:

Շ. Գանտահարեան իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պեզիքեան ամոլին:

Ապա խօսք առաւ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն եւ «Ազդակ»-ի Նոր տարուան բացառիկի նիւթերու լեզուական սրբագրութեան ու մշակումի պատասխանատու Տիգրան Ճինպաշեան, որ յայտնեց, թէ ինք հաճոյքով կատարած է այդ աշխատանքը եւ  ուրախութիւն յայտնեց, որ մեծ թիւով յօդուածագիրներ ընդառաջած են բացառիկին աշխատակցելու հրաւէրին:

Ան գնահատեց կատարուած աշխատանքը` շեշտելով, որ կան մեծ թիւով յօդուածներ, որոնք բաւական ծաւալուն են եւ փաստաթղթային շատ կարեւոր նշանակութիւն ունին:

«Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ տակաւին կան մարդիկ ու մտաւորականներ, որոնք կը մտածեն, որ գրաւոր խօսքը մնայուն խօսք է, եւ ազգային հիմնախնդիրներու մասին անոնց յօդուածներուն հրատարակութիւնը կարեւոր է», ըսաւ ան:

Տ. Ճինպաշեան յայտնեց, որ ինք ուրախութեամբ գործակցած է «Ազդակ»-ի անձնակազմին հետ` աւելցնելով, որ այդ փորձառութիւնը յոյս կը ներշնչէ, որ «Ազդակ»-ի մէջ կան երիտասարդներ, որոնք մամուլի գործը պիտի շարունակեն:

Այս շրջագիծին մէջ, Տ. Ճինպաշեան կարեւորութեամբ ընդգծեց երիտասարդներու կողմէ «Ազդակ»-ի մէջ պատրաստուող էջերուն եւ գրութիւններուն էական ըլլալը:

«Իբրեւ տնօրէն երբ աշակերտական շարադրութիւններ կը սրբագրեմ, շատ քիչ անգամ կը հանդիպիմ անսխալ գրութիւններու, հազուագիւտ է նաեւ, որ ըլլան յօդուածներ, որոնք գրեթէ անթերի ըլլան: Մեր լեզուն կը նահանջէ, ոչ թէ արեւմտահայերէնը, այլ առհասարակ լեզուն կը նահանջէ` իբրեւ միտք, գաղափար արտայայտելու ճկուն միջոց: Հայերէնը հարուստ լեզու է եւ հայոց լեզուով կարելի է ամէն տեսակ գաղափար արտայայտել, սակայն մտածելու եւ այդ մտածումը թուղթին յանձնելու համար իսկապէս լեզուական կարողութիւններ պէտք է ունենալ: Իսկ լեզուի զարգացման առաքելութեան մէջ մամուլը իր դերը ունի կատարելիք: Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղեմ, որ ձեր շրջապատին մէջ մարդիկ անպայման կարդան եւ գրեն», ըսաւ ան:

Տ. Ճինպաշեան շնորհաւորեց «Ազդակ»-ի անձնակազմը:

Մտերմիկ հանդիպումը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ:

Նախորդը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս 2014-ը Կը Հռչակէ «Տարեցներու Տարի»

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Երեսփոխան Մուխայպերը Եւ Հապիպ Աֆրամը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.