Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիրքի Պատրաստութեան Մրցանքի Ծնունդ Հանդիսացող Գիրքի Շնորհահանդէս

January 11, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_119820140110201202Երէկ` ուրբաթ, 10 յունուարի երեկոյեան ժամը 6:30¬ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպած գիրքի պատրաստութեան միջդպրոցական մրցանքին մասնակցած եւ առաջին երեք մրցանակներու ու յիշատակութեան արժանացած գրութիւններու եւ նկարներու գիրքի շնորհահանդէսը:

Սարգիս Նաճարեան.
Սարգիս Նաճարեան.
Յակոբ Հաւաթեան
Յակոբ Հաւաթեան

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` յայտնելով, որ 3-րդ տարին ըլլալով կազմակերպուող այս մրցանքը իր շուրջ համախմբեց 7-10-րդ դասարաններու աշակերտները` զանոնք մղելով գրելու, գիրք պատրաստելու, հայ գիրին ու գիրքին նկատմամբ սէր ունենալու, գիտակցելու անոնց արժէքին ու կարեւորութեան: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներուն, ուսուցիչներուն, դատական կազմի անդամներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այս աշխատանքի իրականացման մէջ: Յ. Հաւաթեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային առաջնորդարանի «Սեպուհ Շահպազեան» ֆոնտին` յանձինս Յարութ Շահպազեանի, որ ստանձնած էր գիրքի հրատարակութեան ծախսերը: Ան դիտել տուաւ, որ այս գիրքը` նոր սերունդի գրիչէն ծնունդ առած, պիտի ըլլայ անթառամ ծաղիկ մը վաղամեռիկ Սեպուհ Շահպազեանի յիշատակին: Իր խօսքի աւարտին ան հաստատեց, որ Համազգայինի հրատարակչատունը պիտի շարունակէ այս մրցանքը` տեղեկացնելով, որ 2014¬ի նիւթը պիտի ըլլայ` «Հայ աշակերտը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ»:

Փոլ Հայտոսթեան
Փոլ Հայտոսթեան
Շահէ եպս. Փանոսեան
Շահէ եպս. Փանոսեան

Ապա դատական կազմին անունով խօսք առաւ Սարգիս Նաճարեան. ան հաստատեց, որ այս նախաձեռնութիւնը ինքնանպատակ չէ, այլ կը բխի մեր ազգային մտահոգութիւններէն, թելադրուած է մեր հայեցի դաստիարակութենէն: Ան դիտել տուաւ, որ մեր մայրենիի պահպանումը ինքնութեան կարեւորագոյն հիմնասիւներէն է` ազգային արժէքներու գիտակցութեան տէր սերունդներու թրծման կողքին, որովհետեւ անոնք պիտի ըլլան ապագան: Ս. Նաճարեանի համաձայն, նորահաս սերունդներու դաստիարակութիւնը պէտք է սկսի փոքր տարիքէն եւ բոլոր միջավայրերուն մէջ` տուն թէ դպրոց, որովհետեւ եթէ ամուր հիմեր չդրուին սկզբնական շրջանին, ապագան կարելի չէ երաշխաւորել: Ան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց «Սեպուհ Շահպազեան» ֆոնտին, որ գործնապէս կը սատարէ կրթական եւ հայեցի դաստիարակութեան աշխատանքներու իրականացման:

Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան ողջունեց նման նախաձեռնութիւններ եւ աշխատանքներ, որոնք անպայման իրենց պտուղն ու արդիւնքը պիտի տան` ի շահ հայ ապագայ սերունդներու, հայ գիրի ու գրականութեան:

Աւարտին իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ գնահատանքով խօսեցաւ փոքրիկ հեղինակներուն գրիչէն ծնունդ առած գրութիւններուն եւ նկարներուն անդաստանը հանդիսացող այս հրատարակութեան մասին, որ կարեւոր սկիզբ է ապագայ կայուն սերունդներու կազմաւորման համար, քաջալերանք է մեծ ու ինքնավստահ քայլեր առնելու:

Անդրադառնալով «Սեպուհ Շահպազեան» ֆոնտի յատկացումին` առաջնորդ սրբազանը զայն նկատեց նոր սերունդին ընդմէջէն վաղամեռիկ մանուկին յիշատակը ապրեցնելու քայլ մը:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Տեսակէտ. Բազում Խօսք Վասն Ոչինչի

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.