Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը դասեց 2-րդ` 16 խումբերուն մէջ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ասիոյ ֆութսալի բաժակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ մայիսի սկիզբը` Վիեթնամի մէջ:
Նշենք, որ վերոնշեալ մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 22 փետրուարին` Հու Շի Մին քաղաքին մէջ (Վիեթնամ) գտնուող «Կրանտ Սայկոն» պանդոկին մէջ:
Նշենք, որ 16 խումբերը պիտի բաժնուին 4 խմբակի, իւրաքանչիւրը` չորս խումբ:


