Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ յուշագիր մը ներկայացուց ՄԱԿ-ի պատկան մարմնին մօտ` բողոքելով Իսրայէլի դէմ, որ այլեւայլ միջոցներով կը փորձէ լրտեսութիւն կատարել Լիբանանի նկատմամբ: Մանսուր ներկայացուց նաեւ այս գծով պատրաստուած խտասալիկ մը, Իսրայէլի լրտեսական քայլերուն եւ սարքերուն մասին:


