Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աւետաբեր» Երգչախումբի Ծննդեան Համերգը. Յաջող Իրագործում Մը

January 9, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

alex-avedaperՏօնական ցնծութեան այս օրերուն «Ծննդեան համերգ»-ով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանի «Աւետաբեր» երգչախումբը, հովանաւորութեամբ առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, խմբավարութեամբ Երուանդ Քէշիշեանի:

Լիբանանահայ առաքելական մեր եկեղեցիներու դպրաց դասերու ձայնաւոր երկսեռ երիտասարդներէ բաղկացած 40 անդամներով «Աւետաբեր» երգչախումբը իրաւամբ արժեւորեց իր անունը, 3 յունուար 2014-ին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, գաղութի երաժշտասէր եւ հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայացնելով սքանչելի համերգ մը: Յայտագիրը կազմուած էր հայկական շարականներով, արաբերէն հոգեւոր երգերով, ինչպէս նաեւ դասական օտար լեզուներու երգերով, որոնք ունին համաշխարհային համբաւ եւ թարգմանուած են բազում լեզուներու:

Համերգին ներկայ եղան Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, հոգեւոր դասու հայրեր, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ հանդիսականներ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» շարականով, շարունակուեցաւ «Այսօր տօն է սուրբ ծննդեան», «Խնկի ծառի նման ես», «Վարանիմք», «Զանճառելի Լուսոյ մայր» հոգեւոր երգերով. ֆրանսերէն հոգեւոր երգ մը մեկնաբանեց խումբը, մենակատարներ` Սէրլի Գէորգեանի, Նաթալի Գնտոյեանի եւ Մատլէն Ինճէեանի մասնակցութեամբ:

Ողջունելի եղաւ ունկնդրութիւնը «Ալլէլուեա» միջազգայնացած երգին, մենակատարութեամբ Արեւիկ Գրիգորեանի, հնչեղ եւ քաղցրալուր սոփրանօ մը, որ ապագայ կը խոստանայ:

«Լուռ գիշեր» համաշխարհայնացած սքանչելի երգը մեկնաբանեց երգչախումբը` անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով, «Աւէ Մարիա» Աստուածամօր նուիրուած մեներգը մեկնաբանեց ծանօթ երգչուհի սոփրանօ Անայիս Կետիկեան: Հնչեց նաեւ «Մեծասցուցէ»-ն` մենակատար Սիրան Արծրունի:

Քառաձայն երգչախումբի անդամները գրեթէ բոլորն ալ ունին հաճոյալուր ձայներ, որոնց ընդմէջէն ստեղծուեցաւ հոգեթով մթնոլորտ,  արժանանալով ջերմ ծափահարութիւններու:

Երգչախումբին խմբավար Երուանդ Քէշիշեան մեկնաբանեց երկու մեներգ` օտար լեզուներով, արժանանալով ջերմ ծափերու: Բացի խմբավարի իր շնորհքէն, Երուանդ ունի մշակուած եւ հաճելի ձայն, ինչ որ կը նպաստէ խմբավարական իր արուեստին:

Յայտագիրը շարունակուեցաւ ամենայն յաջողութեամբ, Քրիստոսի ծնունդին նուիրուած եւ դարերու հնչեղութիւնը մեզի փոխանցող շարականներով, ինչպէս` «Ով զարմանալի» եւ «Այսօր ձայնն հայրական», մենակատարներ` Զեփիւռ Ճամպուլեան եւ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան:

Յիշեցինք այս անունները, առանց մոռնալու քառեակ երգեցողութիւնը, մասնակցութեամբ Երուանդ Քէշիշեանի, Անի Մաջուլեանի, Ցոլեր Կրպոյեանի, Արեւիկ Գրիգորեանի, Գէորգ Գուշաքճեանի եւ Արա Կարէեանի:

Հարկ է մատնանշել, թէ երգչախումբ պահելը շատ դժուար է, որովհետեւ աշխատանք է, մէկուն բացակայութիւնը կը խանգարէ համերգին ներդաշնակութիւնը, կը պահանջէ ներկայութիւն, երգ եւ երաժշտութիւն սիրելու կոչում: Պարզապէս հաւաքական նուիրում` յանուն երգարուեստի, այս պարագային հա՛յ երգին: Իր բացման խօսքով այս կարեւոր հարցին անդրադարձաւ Մարալ Մխսեան` նշելով ձեռնարկին կարեւորութիւնը եւ նման նախաձեռնութիւններու նկատմամբ Ազգային առաջնորդարանին քաջալերանքը:

Համերգին վերջին երգերը եղան հայրապետական մաղթերգը եւ «Կիլիկիա» կարօտաբաղձ երգը:

Հուսկ` իր օրհնութեան խօսքը ներկայացնելու հրաւիրուեցաւ առաջնորդ սրբազանը` Շահէ եպս. Փանոսեան, որ գովելի նախաձեռնութիւն նկատեց նորակազմ «Աւետաբեր» երգչախումբին ծննդեան համերգը: Ան շեշտը դրաւ մեր երիտասարդութեան երգն ու երաժշտութիւնը սիրելու կարեւորութեան եւ այդ սէրէն բխած անոնց ներդրումին վրայ` նշելով, որ համերգը այդ իրականութեան լաւագոյն փաստն է: Սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց խմբավարին, որուն հետեւողական ջանքերուն եւ ամիսներէ ի վեր կատարած աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղաւ համերգը յաջողցնել: Շահէ սրբազան օրհնեց երգչախումբին երիտասարդ-երիտասարդուհիները մաղթելով յարատեւ յաջողութիւն: Ներկայ ժողովուրդին Նոր տարին շնորհաւորեց ան եւ մաղթեց խաղաղութիւն համայն աշխարհին եւ հայ ժողովուրդին: Յիշատակելի ձեռնարկ մը նկատեց ծննդեան այս համերգը, եւ ամէնուն մաղթեց Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:

Յ. Գ.- «Թելէ Լիւմիէր» պատկերասփիւռի կայանը նկարեց համերգը:

Նախորդը

Որպէսզի Գիտութեանց Ովկիանոսին Մէջ Չդառնանք «Զանգուածային Տգիտութեան» Ու Հետեւանքներուն Պատանդը

Յաջորդը

Սայիտ Աքլ Հայ Ժողովուրդը Պանծացուց Լիբանանեան Հեռատեսիլէն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։