Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՕՄ-Ը 23,679 ՏՈԼԱՐՈՎ Կ՛ՕԺԱՆԴԱԿԷ ՃԱՓՈՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԱՂԷՏԵԱԼՆԵՐՈՒՆ

June 22, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Գլպաշեան չեքը կը յանձնէ Ճափոնի դեսպանին

Հայ ժողովուրդը ոչ միայն գիտէ երախտապարտ ըլլալ, այլ անհրաժեշտ ու յարմար պահուն գիտէ արժանաւոր կերպով փոխադարձել իրեն նկատմամբ կատարուած օժանդակութիւնը, ցուցաբերուած զօրակցութիւնը:

Այս իրողութեան լաւագոյն արտայայտութիւններէն էր երէկ` 21 յունիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանատան մէջ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեանի ձեռամբ ՀՕՄ-ի նախաձեռնութեամբ հաւաքուած 23,679 տոլարի չեքի յանձնումը դեսպան Քոիչի Քաուաքամիի` իբրեւ օժանդակութիւն Ճափոնի երկրաշարժի աղէտեալներուն:

ԼՕԽ-ը ներկայացնող պատուիրակութիւնը նաեւ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Ճափոնի երկրաշարժին իբրեւ հետեւանք զոհուածներուն համար: Հանդիպումին ընթացքին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Սօսի Սաղըրեան դիտել տուաւ, որ 1988-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն ետք Ճափոն եղաւ այն երկիրներէն, որոնք օժանդակութեան ձեռք երկարեցին հայ աղէտեալներուն, իսկ այսօր հայութիւնը կը փոխադարձէ ՀՕՄ-ի ճամբով այդ գումարը փոխանցելով Ճափոնի ժողովուրդին:

Անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-ճափոնական սերտ ու անկեղծ յարաբերութիւններուն, երկու ժողովուրդներուն միջեւ տարբեր միջոցներով կայացած համագործակցութեան:

Ճափոնի դեսպանը ԼՕԽ-ի պատուիրակութեան եւ Շրջանային վարչութեան ճամբով ճափոնցի ժողովուրդին խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս ՀՕՄ-ին` այս օժանդակութեան համար, դիտել տալով, որ այս գումարը պիտի փոխանցուի երկրաշարժէն տուժած շրջաններու պատասխանատու մարմիններէն կազմուած օժանդակութեան յանձնախումբին:

Տեսակցութեան ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ Ճափոնի դեսպանատան նեցուկով իրականացած ծրագիրներուն, որոնց համար կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի պատուիրակութիւնը:

Աւարտին դեսպանը ողջունեց ՀՕՄ-ի կողմէ առնուած քայլն ու կատարուած նախաձեռնութիւնը` շեշտելով, որ երկու ժողովուրդներուն միջեւ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի:

 

Նախորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱԲԲԱՀԱՅՐԸ

Յաջորդը

ՏԵՍԱԿԷՏ. ՕՍՄԱՆՑԻ ԿԱՅՍԵՐ ՊԷՍ ԽՕՍՈՂԸ ՎԱՂՆ ԱԼ ՕՍՄԱՆՑԻ ԿԱՅՍԵՐ ՊԷՍ ԿԸ ԳՈՐԾԷ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։