Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցող ֆութպոլի քառանդամ մրցաշարքի մը իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի 17 տարեկանէն վար կրտսերներու հաւաքականը երէկ ծանր պարտութեամբ սկսաւ մրցաշարքը, երբ իր կատարած առաջին մրցումին 4-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Ռումանիայէն:
Վաղը` 23 յունիսին, հայրենի կազմը իր երկրորդ մրցումը պիտի կատարէ, երբ իր դէմ ունենայ Հիւսիսային Իրլանտան: Կ՛ակնկալուի, որ հայրենի մարզիկները` մոռնալով իրենց կրած այս ծանր պարտութիւնը, յաջողին յաղթանակ մը արձանագրել:
Մրցաշարքին մասնակցող վերջին խումբն է հիւրընկալ երկիրը` Պուլկարիա, որ պիտի ըլլայ Հայաստանի վերջին մրցակիցը:


