Երէկ առաւօտեան Լիբանան-Իսրայէլ սահմանամերձ շրջանները վկայեցին փոխադարձ հրթիռարձակումի պահեր:
Լիբանանեան հողերէն հրթիռներ արձակուեցան դէպի Իսրայէլ, որ իր կարգին պատասխանեց հրթիռարձակումին:
Առաւօտեան ժամը 7:00-ին պատահած այս հրթիռարձակումէն ետք, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած միջազգային խաղաղապահ ուժերը փութացին հակակշռելու տիրող կացութիւնը:
ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը շեշտեց, որ լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերը անսացած են ինքնազսպումի ենթարկուելու իր խորհուրդներուն:
Լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ռաշայայի Խրայպէ հովիտին մէջ գտած է «Կրատ» տիպի հրթիռներու չորս տախտակէ մարտկոցներ:
Բանակին հաղորդագրութեան համաձայն, երկու հրթիռներ ինկած են Քրիաթ Շմոնայի մէջ, մէկը` Ուազզանիի մօտակայքը, իսկ այլ հրթիռ մը` Քֆարշուպայի մէջ:
Նշենք, որ Իսրայէլ 23 հրթիռներ արձակած էր դէպի Խրայպէ եւ անոր շրջակայքը:


