Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զարաքօլու Խիղճի Պարտք Կը Նկատէ «Վկայութիւններ»-Ու Թրքերէնով Հրատարակումը

December 24, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՓԱՆՈՐԱՄԱ»

ragip_zarakolu_Panorama«Այս մէկը խիղճի հարց է: Չեմ կրնար խիղճս անտեսել ու անոր դէմ քայլերու դիմել», ըսած է թրքական «Պելկէ» հրատարակչութեան հիմնադիր-տնօրէն, յայտնի իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօլու` պատասխանելով հայ լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք չի՞ վախնար Վերժինէ Սվազլեանի «Հայոց ցեղասպանութիւն. ականատես վերապրողների վկայութիւններ» գիրքը հրատարակելէ եւ Հայաստանի մէջ անոր շնորհանդէսին մասնակցելէ ետք Թուրքիա վերադառնալէ:

Զարաքօլու երեքշաբթի, դեկտեմբեր 10-ին ժամանած էր Երեւան, Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ  գիրքի շնորհանդէսին մասնակցելու համար: Բանագէտ, բանահաւաք, ցեղասպանագէտ բանասիրական գիտութիւններու տոքթ. Վերժինէ Սվազլեանի նշեալ գիրքը լոյս տեսած էր 2011-ին` հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Գիրքը թարգմանուած է նաեւ թրքերէնի եւ Զարաքօլուի կողմէ հրատարակուած` (1500 տպաքանակով) այս տարի:

«Ռակըպ Զարաքօլուին ասացի, որ իր համար այս նախաձեռնութիւնը վտանգաւոր է լինելու: Նա էլ պատասխանեց, թող (բանտ) նստեցնեն ինձ, բայց կարեւորն այն է, որ գիրքն արդէն տպուած կը լինի», լրագրողներուն ըսած է Սվազլեան` յիշեցնելով, որ թրքական «Թարաֆ» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ Զարաքօլու ըսած է, որ այս գիրքով ներկայացուած է ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլ նաեւ թուրք ժողովուրդին պատմութիւնը:

Զարաքօլուի կարծիքով, թրքական իշխանութիւնները չեն յանդգնիր իր նկատմամբ որեւէ քայլ իրականացնել` այս գիրքը հրատարակելուն համար:

«Նախապէս եւս տպած ենք նման գիրքեր: Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ իրենց փորձերն անյաջողութեան կը մատնուին: Թուրքիոյ իշխանական խաւը կ՛ուզէ մեզի նմանները լռեցնել», ըսած է ան` յիշեցնելով, թէ իր գործունէութեան համար տակաւին կը հետապնդուի թրքական իշխանութիւններուն կողմէ եւ իր հերթական դատական նիստը պիտի կայանայ այս հինգշաբթի: Անոր որդին արդէն իսկ երկու տարի է, որ բանտարկուած կը մնայ:

«Թուրքիոյ իշխանութիւններուն պարտադրած պաշտօնական պատմութեան ընկալումը քանդուեցաւ մտաւորականութեան կողմէ, եւ սառոյցը կը հալի: Օրէ օր կ՛աւելնայ թիւը այն մարդոց, որոնք ճշմարտութեան ճանապարհը բռնած են, կը փնտռեն այդ ճանապարհը», ըսաւ թուրք իրաւապաշտպանը:

«Սվազլեանին անունը ծանօթ է թուրք հասարակութեան: Անոր այլ գիրքերը թարգմանուած են  թրքերէնի եւ անոնք պատուանդան պիտի դառնան այս նոր գիրքին համար, որ պիտի կանգնի իբրեւ արձան` այդ պատուանդանին վրայ: Գիրքին մէջ կան անառարկելի փաստարկներ, զորս հասարակութիւնը պիտի սկսի քննելու», աւելցուց ան:

Սվազլեանի կարծիքով, գիրքին թրքերէն տարբերակը նշանակալի դեր պիտի կատարէ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ:

ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան այս առթիւ նշեց, որ հաստափոր գիրքին վրայ թրքերէնով գրուած «ցեղասպանութիւն» բառը յեղափոխում կրնայ մտցնել թուրքերու մտածողութեան մէջ:

«Թուրքերէն տարբերակում ոչինչ փոխուած չէ: Կարեւոր է, որ տեղանունները նոյնպէս փոխուած չեն: Իր կատարած ահռելի աշխատանքով Ռակըպ Զարաքօլուն մեզ ստիպեց փոխել մեր պատկերացումները թուրքի վերաբերեալ», ըսած է Մելքոնեան:

 

 

 

Նախորդը

Թաներ Աքչամի Յօդուածաշարքը «Թարաֆ»-ի Մէջ. «Մուսթաֆա Քեմալն Ու 2015-ը» (Ա.)

Յաջորդը

Հայ-Թրքական Կնճիռի Մետալին Միւս` Լրացուցիչ Երեսը. Ռուսիան Եւ Հայ Դատը

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.