Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշատետր. Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ (313). ԱԿՆՈՑԸ

December 24, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռ. Հ.

Որոշ տարիքէ մը վերջ մարդիկ կը ստիպուին ակնոց գործածել: Թէեւ ութ, տասը տարեկանէն սկսեալ ակնոց գործածող մանուկներ ալ կան, բայց ընդհանրապէս որոշ տարիքէ մը վերջ է, որ ակնոցը գրեթէ ստիպողական կը դառնայ: Կը նշանակէ, որ տարիներու ընթացքին բան մը փոխուած է աչքին մէջ եւ հիմա մարդ ակնոցի մը պէտք ունի հեռուն կամ մօտիկը աւելի լաւ տեսնելու համար: Ակնոցը աչքին լաւագոյն օգնականն ու ընկերն է: Մեր քաղաքակիրթ աշխարհը ստեղծեց նաեւ անտեսանելի ակնոց մը: Ատիկա «լենս» կոչուած ապակին կամ ոսպնեակն է, որ աչքին վրայ կը դրուի, եւ որով կը բարելաւուի տեսողութեան որակը: Այս ոսպնեակը անշուշտ անտեսանելի ակնոց մըն է:

Ակնոցը իր հեղինակութիւնը չէ կորսնցուցած եւ որոշ տարիքէ մը վերջ ան մարդոց ամէնէն շատ փնտռած իրեղէններէն մէկը դարձած է: Ոմանց գործը ալ աւելի դժուարացած է որովհետեւ կը գործածեն երկու երեք տեսակ ակնոց, մէկը մօտիկի, մէկը հեռուի, մէկը արեւի համար, եւ այլն: Կրնանք մեր շուրջ տեսնել մարդիկ, որոնք շարունակ իրենց ակնոցը կը փնտռեն: Եւ քանի որ աչքը շատ բան տեսնելով հանդերձ ինքզինք չի կրնար տեսնել, ոմանք ալ ակնոց կը փնտռեն, հակառակ որ այդ ակնոցը արդէն իրենց քթին վրայ է:

Հին շարժանկարներու կամ հին վէպերու մէջ կը տեսնէինք կամ կը կարդայինք մարդոց մասին, որոնք միայն մէկ ապակի կը դնէին իրենց աչքին առջեւ: Ֆրանսերէնով` «մոնոքլ»: Հայերէնը կա՞յ: Այդ ապակին կը բռնուէր աչքին մկաններուն շնորհիւ: Կ՛երեւի, թէ բաւական վարպետութիւն պէտք էր այդ մէկ ապակիով ակնոցը գործածելու համար: Մէկ ապակիով ակնոցը պատմութենէն սրբուած է:

Բայց մեր աչքը տեսողութեան դաշտէն ներս ակնոցէն տարբեր օգնականներ ալ ունի: Օրինակ` «դիտակ»-ը: Հեռաւոր տեսարանի մը մանրամասնութիւնները մեր նստած տեղէն տեսնելու համար դիտակի մը պէտք ունինք: Հրաշագործ է դիտակը: Բայց մարդ որքա՞ն յաճախ կը ստիպուի դիտակ գործածել: Աշխարհի վրայ սա պահուն ի՞նչ է թիւը այն մարդոց, որոնք մէկ անգամ իսկ դիտակ չեն գործածած: Զբօսաշրջութիւնը սիրողներ երբեմն տեսարժան վայրեր այցելելու ընթացքին բարձրադիր կէտերու վրայ դրուած հասարակաց դիտակներ կը տեսնեն: Դրամ կը նետես գործիքին մէջ, ու ան կը սկսի քեզի ցոյց տալ հեռաւոր տեսարաններ:

Բայց կան նիւթեր կամ մարմիններ, որոնք այնքան հեռու են, որ դիտակով ալ չեն տեսնուիր: Մասնաւորաբար` երկնային մարմինները, սկսելով աստղերէն: Ասոնց համար ալ կը գործածենք ո՛չ թէ դիտակ, այլ` հեռադիտակ կամ հեռադէտ: Բառարանը ունի «աստղադիտակ» բառն ալ, որմէ ծնունդ առած է «աստղադիտարան» բառը, մեզի ամէնէն առաջ յիշեցնելով Բիւրականի աստղադիտարանը: Բայց գլխաւոր բառը «հեռադիտակ»-ն է: Հեռադիտակը աստղագիտութեան հիմը կը կազմէ:

Հեռադիտակը աստղագիտութեան հիմքը կը կազմէ, բայց գիտնական ըլլալու պէտք չունինք, որպէսզի հասկնանք, որ ամէնէն հզօր հեռադիտակներուն տեսածներէն ալ անդին կայ անսահման տիեզերք մը, որ առ այժմ մեզի համար անտեսանելի է եւ կը պահէ ամբողջ իր խորհուրդը: Օր մը զանոնք եւս պիտի կարենա՞նք տեսնել մեր նստած տեղէն սա կամ նա գործիքով, չեմ գիտեր:

Բայց մեզի անտեսանելի հեռաւոր մարմիններու կողքին, մեզի անտեսանելի մօտիկ մարմիններ ալ կան, որոնք անտեսանելի են անոր համար, որ չափազանց փոքրիկ են եւ «մերկ աչքով» տեսանելի չեն: Ասոնց համար ալ կը գործածենք «մանրադիտակ» կոչուած գործիքը: Ասիկա կը մեծցնէ դիտուած մարմնին պատկերը ու տեսանելի կը դարձնէ զայն: Հրաշագործ գործիք մըն է այս, որ մեզի անտեսանելի աշխարհի մը ինչ ինչ խորհուրդները կը բանայ: Եւ եթէ հեռադիտակը աստղագիտութեան հիմը կը կազմէր, մանրադիտակն ալ կենսագիտութեան կամ բնական գիտութիւններուն հիմը կը կազմէ:

Օդանաւերուն, կարծեմ նաեւ նաւերուն կողմէ գործածուած գործիք մը կայ, որ նմանապէս աչքին շատ կարեւոր մէկ օգնականն է: Ասիկա «ռատար» կոչուած գործիքն է, որ օդաչուին կամ նաւապետին ցոյց կու տայ շուրջբոլորի մարմինները: «Ռատար»-ին ալ հայերէնը չունինք ապահովաբար:

Մեր աչքերուն օգնող գործիքներու շարքը աւարտին բերելու համար յիշեմ գործիք մըն ալ, որուն եւս հայերէնը ես չունիմ: Փերիսքոփ: Ասիկա այն դիտակն է, զոր ընդծովեան կը գործածէ, երբ կ՛իջնէ ջուրին տակ:

Գիտական աշխարհէն եթէ ոստում մը ընենք դէպի բանաստեղծութեան աշխարհ, պիտի կարդանք Զարեհ Խրախունիին «Ակնոցներ» խորագրեալ բանաստեղծութեան առաջին ու վերջին քանի մը տողերը:

Ուշ գիշերին – Երբ անկողին կը մտնեմ
Նախքան գոցելն աչքերս ու լոյսը սնարիս
Աչքի լոյսիս պէս պահպանուած
  աչքիս լոյսին պայծառութեան հոգատար
Զոյգ ակնոցներս կը մաքրեմ
Լամբարիս տակ կը դնեմ
  որ մութին մէջ – ու մթին
  անդունդն ի վար խոր քունիս
  պիշ պիշ յառին, դիտեն զիս
  նային ինծի` ինձմէ ներս:
Ի՞նչ կը տեսնեն – ի՞նչ կ՛երեւի-
Առեղծուած: – Միայն թէ
Երբ դեռ քնատ ձեռք կ՛երկարեմ ակնոցիս
Կը տեսնեմ թէ փոշոտեր է, աղտոտեր –
Կարծես թէ ան ողջ գիշերն է գործածուեր…:

Այո: Ակնոցը: Շատերու աչքին լոյսը:

 

Նախորդը

«Մելգոնեանցիներու Աշխարհը» (Հեղինակ` Թորոս Թորանեան)

Յաջորդը

Մահը Իբրեւ Ստեղծագործական Սկիզբ…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.