Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ ութ մարզիչներ կրնան զրկուիլ իրենց ունեցած արտօնագիրներէն, եթէ պատահի, որ մինչեւ 20 դեկտեմբեր 2013 ֆետերասիոնին չդիմեն Բ. կարգի իրենց ունեցած արտօնագիրները նորոգելու համար:
Եթէ անոնք չենթարկուին ֆետերասիոնին որոշումին, անոնց ունեցած Բ. կարգի մարզիչի արտօնագիրները կը դադրին ի զօրու ըլլալէ:
Այդ ութ մարզիչներն են` Արթուր Աբրահամեան, Վարդան Ղազարեան, Ռազմիկ Գրիգորեան, Արթուր Յովհաննիսեան, Սերկէյ Յովհաննիսեան, Արշաւիր Պետրոսեան, Սլաւիկ Սուքիասեան եւ Աղասի Վարդանեան:


