

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, երէկ` չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Միշել Մըր» համալիրին մէջ կը տիրէր խանդավառ ու հետաքրքրական մթնոլորտ: Արդարեւ, Պուրճ Համուտի բոլոր վարժարանները յաճախող 1-4-րդ դասարաններու աշակերտները ապրեցան խանդավառ, ուրախ եւ արկածախնդրական պահեր:
Արդարեւ, երկու անջատ ելոյթներով աշակերտներուն ներկայացուեցան կախարդական խաղեր, ճկունութեան ցուցադրութիւններ, պարեր, մկանային խաղարկութիւններ եւ այլ հետաքրքրական պատկերներով ներկայացումներ:
Ապա խօսք առաւ Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան, որ դիտել տուաւ, թէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը միշտ հետամուտ եղած է փոքրիկներուն յատուկ նախաձեռնութիւններ կազմակերպելու` աւելցնելով, որ Ամանորը լաւ առիթ է համախմբուելու եւ միասնաբար խանդավառ ու հետաքրքրական պահեր անցընելու: Ան շեշտեց, որ նոր սերունդը մեծ կարեւորութիւն ունի քաղաքապետութեան համար, որովհետեւ անիկա կը ներկայացնէ ապագան եւ շարունակութիւնը: Ապա Ճ. Գրիգորեան համառօտ կերպով անդրադարձաւ Նոր տարուան առիթով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնութիւններուն եւ ծրագիրներուն:
Իր խօսքի աւարտին փոխքաղաքապետը բարեբեր, ուրախ եւ խաղաղութեամբ ու յաջողութեամբ լի տարի մը մաղթեց աշակերտներուն:
Ապա դաշտը յանձնուեցաւ ֆիզիքական ճկունութեամբ եւ հետաքրքրական խաղեր ներկայացնելու տաղանդով օժտուած «Ֆենթեսթիք ուըրլտ» խումբի տղոց եւ աղջիկներուն, որոնք աշակերտներուն պարգեւեցին հաճելի պահեր: Հետաքրքրական էր մանաւանդ ներկայութիւնը աշխարհի ամէնէն հասակաւոր անձին:


