Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Հարցականներ Յառաջացնող Կասկածելի Լուր Մը

December 19, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ֆրանսայի նախագահական պալատի կայքէջին վրայ 16 դեկտեմբերին զետեղուած հակիրճ հաղորդագրութիւն մը կը նշէր, որ Ֆրանսայի նախագահը այդ օր ընդունած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութեանց համակարգումի խորհուրդի ներկայացուցիչները: Հաղորդագրութիւնը կը թուէր հանդիպումին ընթացքին արծարծուած նիւթերը, որոնց շարքին չէր գտնուեր Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծի հարցը:

Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթը վերոնշեալ հանդիպումէն ճիշդ մէկ օր ետք հրապարակեց «Մօտ օրէն Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ օրէ՞նք մը» խորագիրը կրող կարճ, սակայն բազմաթիւ հարցականներ ստեղծող լուր մը, ըստ որուն Ֆրանսայի կառավարութիւնը յառաջիկայ ամիսներուն նշեալ օրինագիծը պիտի ներկայացնէ, սակայն այդ քայլը դիւանագիտական պատճառներով նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի յունուար 2014-ին նախատեսուած Թուրքիա այցելութենէն առաջ պաշտօնապէս պիտի չյայտարարուի, այլ հաւանաբար աւելի ուշ, մայիս 2014-ին` Հոլլանտի Հայաստան այցելութեան ընթացքին: «Լը Մոնտ» ընթերցողին ուշադրութեան յանձնեց, որ Հոլլանտ այդ այցելութիւնը հաստատած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգումի խորհուրդին հետ հանդիպումին ընթացքին: Աւելի՛ն. օրաթերթը նշեց, որ օրինագիծը կրնայ որդեգրուիլ ապրիլ 2015-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման ընթացքին:

Եթէ Ֆրանսայի իշխանութիւնները «դիւանագիտական պատճառներով» Հոլլանտի յառաջիկայ ամիս Թուրքիա այցելութենէն առաջ չեն ուզեր ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ներկայացնելու մասին պաշտօնապէս յայտարարութիւն մը կատարել, ապա ինչո՞ւ այս լուրը սպրդեցուած է ֆրանսական մամուլի առաջնակարգ ներկայացուցիչի մը էջերուն մէջ եւ ո՞վ կը կանգնի ատոր ետին:

Ապատեղեկատուութիւն բուրող այս լուրին հրապարակման թայմինկը նախ եւ առաջ մտածել կու տայ, որ անոր թիրախը Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդ-ֆրանսական իշխանութիւններ յարաբերութիւններն են: Ինչպէս ծանօթ է, խորհուրդը Ֆրանսայի նախագահութեան հետ սերտ կապեր ունի եւ 16 դեկտեմբերի հանդիպումէն անմիջապէս ետք այս տեղեկութեան հրապարակումը կրնայ երկու կողմերուն միջեւ փոխադարձ վստահութիւնը հարուածել: Իշխանութիւնները կրնան մտածել, որ հայերը կ՛ուզեն ականահարել նախագահին հազիւ մէկ ամիս ետք նախատեսուած Թուրքիա այցելութիւնը, իսկ հայկական կողմը կրնայ մտածել, որ իշխանութիւնները այդ տեղեկութիւնը անուղղակի կերպով կը բացայայտեն` օրինագիծը բանակցութեանց ընթացքին Թուրքիայէն զիջումներ ապահովելու միջոցի վերածելու համար, ինչ որ իրապէս ալ բացառուած չէ: Այդ լուրը ճիշդ ըլլալու պարագային նաեւ կրնայ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը պառակտելու փորձ մը ըլլալ, ուստի պէտք է զգուշանալ այդ թակարդը իյնալէ:

Այս տեղեկութեան աղբիւրը կրնան ֆրանսական իշխանութիւնները կամ երրորդ կողմ մը ըլլալ, սակայն ոչ հայկական կողմը, որովհետեւ լուրին կանխահաս հրապարակումը որեւէ շահ չ՛ապահովեր. ընդհակառակն` վնաս կը պատճառէ ֆրանսահայոց ծրագիրներուն: Հայկական կողմը անշուշտ յաջողութեան հասնելու համար պիտի նախընտրէ լուռ կերպով յառաջ մղել ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, որուն որդեգրումը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ փոխհատուցման համար իրաւաբանական կարեւոր ազդակի վերածուած է, վկայ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Զուիցերիոյ դէմ արձակած վճիռը: Նշեալ դատարանը Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը հակասահմանադրական նկատող փետրուար 2012-ի վճիռը  օգտագործեց` հիմնաւորելու համար Թուրք աշխատաւորներու կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեքի խօսքի ազատութիւնը ոտնահարուած նկատող իր վճիռը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Մոլութիւններ, Թմրեցուցիչ, Ալքոլ Եւ Ծխախոտ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Նախաձեռնութեամբ. Պուրճ Համուտի Բոլոր Դպրոցներու 1-4-րդ Դասարաններու Աշակերտները Ամանորը Դիմաւորեցին Խանդավառութեամբ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.