Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 Օրերը»

December 19, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԱԴԱՄԵԱՆ

80 տարեկան եղաւ:
Ճիշդ իմ տարիքս` 1933-2013:
Այս առիթով փափաքեցայ 26 տարի ետ երթալ եւ ընթերցողիս հրամցնել պատմութեան անցած էջեր…
Եւ թերեւս փափաք արթնցնել մեր նոր սերունդին մէջ` հայերէնով կարդալու «Մուսա Լերան 40 օրերը» գլուխ գործոց վէպը…

Յ. Ա.

 Նոպէլեան Մրցանակակիրը`
Եւ «Մուսա Լերան 40 Օրերը»

Elie-Wiesel_PortraitՆիւ Եորք գտնուիլ` կը նշանակէ օրական ութ ժամ հեռատեսիլի հետեւիլ: Ամիսներ առաջ` հոկտեմբերին, ես այդ կացութեան մէջ կը գտնուէի: Հեռատեսիլին գերի եղած էի ուզած չուզած: Կորպաչով, Ռիկըն, Տանիէլով, Եուրի Օրլոֆ` օրական քսան երեսուն անգամ նոյն դիրքով եւ նոյն պատկերով դիտել կը ստիպուիս:

Սակայն օր մը քիչ մը բնականէն տարբեր նկար մը տեսանք: Խօսնակը առաջ քշեց համեստ մարդ մը, լայն ճակատ, հաստ յօնք, պատկառելի խոշոր քիթ, եւ ամէնէն յատկանշականը` բանաստեղծի ցիր ու ցան մազեր: Եւ անակնկալը` մարդուն անունը Էլի Վիեսել եւ 1986-ի Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին տիրացած անձն է:

Նախ ըսեմ, թէ անունը ինծի բոլորովին անծանօթ էր: Խօսնակին հարցուփորձէն իմացայ, եւ` այս մէկը շատ յստակօրէն, թէ մարդուն անկեղծ եւ միակ մտահոգութիւնը փոքր ազգերու իրաւազրկուած ըլլալուն կը վերաբերէր: Եւ մանաւանդ` շեշտուած կերպով անցեալին  իրաւազրկուածներուն: Կամաց մը «հայ ժողովուրդ» բառն ալ սպրդեցաւ մարդուն բերնէն, եւ որ, յանկարծ, յայտագիրը «բէն ը բէ խփէ», եւ, հանրածանօթ ուտելիքի գովազդ մը` մոռցնել տուաւ եղածը:

Յաջորդ օրը եւ միւս օրերը ընտանեկան հարցերով զբաղած` չհետեւեցայ մամուլին եւ այդպէս ալ Նիւ Եորքէն անցանք Փարիզ, քանի մը օր մօրաքրոջս տունը մնալու եւ յետոյ վերադառնալու` տուն:

Փարիզ: Հինգ օրեր: Մէկ յոբելենական հանդէս: Մէկ եկեղեցի: Կէս օր հանդիպում Ծառուկեաններուն հետ: Եւ գիշեր մըն ալ կովկասեան ընթրիքի մը` Կարպիս Ջրբաշեաններուն բնակարանը: Ժամը 7:00-9:00  ըլլալիք բան մըն էր, բայց տեւեց մինչեւ կէս գիշերը անց ժամը մէկը: Հոն էին նաեւ մայր եւ աղջիկ Ծառուկեանները: Իսկ Ծառուկեանը ներկայ էր` հեռաձայնով, որով գիշերը քանի մը անգամ խօսեցանք հետը:

Այդ իրիկուն Ջրբաշեան, հազիւ բարեւ մը փոխանակած էր հետս, երբ սեղանէն հաստափոր  գիրք մը երկարելով` ինծի ըսաւ.

musa-dagh-006«Յակոբ, ա՛ռ, այս գիրքը քեզի կը պատկանի: Նոր հրատարակուած է եւ կարեւորը այն է, որ յառաջաբան մը կայ մէջը գրուած` այս տարուան Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակակիր` Էլի Վիեսելի կողմէ:

Աղուէսը ինչպէ՞ս կը յափշտակէ հաւը, ես ալ գիրքը խլեցի բարեկամիս ձեռքէն եւ կողքին վրայ կարդացի. «Մուսա Լերան 40 օրերը»: Վէպին ֆրանսերէն թարգմանութեան վերահրատարակութիւնն էր: Առաջին անգամ ֆրանսերէնի թարգմանուած էր 1936-ին եւ հրատարակուած էր նոյն «Ալպեն Միշէլ» հրատարակչատան կողմէ:

Ներսը առաջին էջերուն վրայ զետեղուած էր նոպելեան մրցանակակիրին յառաջաբանը: Անկողին մտնելէ առաջ կարդացի վերոյիշեալ գրութիւնը: Որոշեցի տուն վերադարձիս թարգմանել զայն:

Այդպէս ալ ըրի:

Կրնայ ըլլալ, որ յառաջաբանի բոլոր միտքերուն համամիտ չըլլան շատ մը հայեր, սակայն հեղինակը ուզած է բան մը ըսել եւ բաւական լաւ ըսած է իր ըսելիքը:

Բարի դիպուած մը` պիտի ըսէի ես:

Հայ դատի ջաղացքին ջուր լեցնող մը:

Եթէ թուրքերը ըլլային նոյն կացութեան մէջ, վստահաբար Էլի Վիեսելը կը հրաւիրէին Թուրքիա եւ… ոսկորները խայտան` Փիեռ Լոթիին:

Լաթաքիա ձեռքս կ՛անցնի «Լա Ռըվիւ Տիւ Լիպան»-ը: Կը կարդամ իր մասին դրուատալից տողեր: Ամէնէն հետաքրքրականը կ՛ըլլայ այն, որ Էլի Վիեսել կը հանդիսանայ Առաջին Գրագէտը որ ստացած ըլլայ խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը: Այդ պատիւը միշտ տրուած էր քաղաքական կամ հասարակական գործիչ անձնաւորութիւններու:

Հոն կը կարդամ, ի միջի այլոց, Էլի Վիեսելի ըսածներէն. «Կը գրեմ` աւելի հասկնալու համար, քան թէ` հասկցուելու:»

Եւ այս խօսքը ըսողը տասնեակ մը (այժմ աւելի քան 50:  Համացանցէն տեղեկացայ: Յ.Ա.) հատորներով իջած է միջազգային գրականութեան մէջ: Չեմ գիտեր թէ ան երբեւիցէ թարգմանուած է հայերէնի: Եթէ ոչ, ահաւասիկ առիթը…

Մինչ այդ ես ուրախ եմ որ տանս գրադարանը հարստացաւ ֆրանսերէն «ՄՈՒՍԱ ՏԱՂ»ով, Հայերէնի եւ անգլերէնի կողքին:

ՅԱԿՈԲ ԱԴԱՄԵԱՆ

Լաթաքիա, 27 նոյեմբեր 1986

 

Մոռացման Ոճիրը
Էլի Վիեսել

Թարգմանեց` ՅԱԿՈԲ ԱԴԱՄԵԱՆ

Երեւակայական կամ յուշագրական այս վէպը գլուխ գործոց մըն է: Ես կարդացի զայն ազատագրումէն (Ֆրանսայի) ետք: Քսան տարեկան էի: Կու գամ վերստին կարդալու: Հոն կը գտնեմ ոգեշնչման ուժն ու վիրաւոր խղճմտանքը, որ իր ատենին տակնուվրայ ըրած էր էութիւնս:

Այս հայկական գիւղական համայնքը տառապելով իր ուժերէն վեր եղող պատմութեան ցնցումներէն` ինծի եղած է մտերիմ: Մահէն դարանակալ հետապնդուած` ան կը պահանջէ իր ազատութիւնը: պաշարուած անգութ թշնամիէ մը, դաւուած` անտարբեր ընկերութենէ մը, ան կ՛ընտրէ զինեալ դիմադրութիւնը: Ազատագրելու համար իր պատի՞ւը: Ազատագրելու` մարդկութեան պատիւը:

Կը հասկցուին շարժառիթները, որոնք մղեցին Ֆրանց Վերֆելը հետաքրքրուելու այս ողբերգութեամբ: Աւստրիացի հրեայ, ապաստանարան փնտռող աքսորեալ մը, չէր կրնար չյուզուիլ այս դժնդակ ճակատագրէն, որ դարերէ ի վեր կարծես կը հետապնդէր հայ ժողովուրդը իր արիւնոտ եւ միաժամանակ սգաւոր  ճանապարհին վրայ:

Վռնտուած իր հողէն, հալածուած իր քրիստոնէական հաւատքին հաւատարմութեանը համար, հայ ժողովուրդը, հրեայ ժողովուրդին նման, կրցաւ հարմարիլ անստգութեան` մնալով արմատացած անփոխելի յիշատակութեան մէջ, հաւաքական յիշատակութիւն, ուր մահը ինքն իսկ յաղթուած է, որովհետեւ մահուան յիշատակը հոն նման է յաւիտենականութեան:

Իր սփռուածութեանը մէջ հայ ժողովուրդը, հրեայ ժողովուրդին նման, կը համախմբուի` առանց ուրիշին հետ նոյնանալու, կ՛ուզէ կապուիլ իր լեզուին, տարբեր ձեւով ըսած` իր ցեղային եւ ազգային ինքնութեան եւ նաեւ` հաւատքին:  Ցնցիչ այս կապակցութիւնները, կը գտնենք մինչեւ իսկ իրենց մարտիրոսութեան մէջ:

Գրուած` Գերմանիոյ մէջ, Հիթլերի իշխանութեան տիրանալէ առաջ, այս վէպը կը մարգարէանար գալիքը: Զայն կարդալով` ինծի համար դժուար է ընդունիլ թէ Ֆրանց Վերֆել կ՛ոգեկոչէր անցեալ մը, զոր չէր ճանչնար: Այնքան նշաններ, այնքան դէպքեր,  այնքան  պատկերներ ինծի կը թուին ըլլալ` ընտանի:

Elie-WieselՋարդի տեսարաններուն պաղ եւ հաշտուած վայրագութիւնը, վոհմակին սմսեղուկ անյագութիւնը, արեան հրապոյրը` մոլեռանդ սպաննողին մօտ, ողջակիզութեան կանչը` զոհերուն մօտ: Վայրը ոճիրին: Կը հետեւիմ իրեն քայլ առ քայլ եւ ինքզինքս բնաւ շրջապատին օտար չեմ զգար: Աշխարհը պատերազմի մէջ է, սակայն այս պատերազմին մէջ է, ուրիշ պատերազմ մը մղուած է մեծ պետութեան մը կողմէ` խարանուած, հալածուած, ճնշուած փոքրամասնութեան մը դէմ: Տեղահանութիւններ, բռնագաղթ, անվերջ նուաստացումներ, ոճիր եւ ջարդ` նպատակ ունենալով բնաջնջումը համայն ժողովուրդի մը: Հեղինակը արդեօք անցեա՞լ մը կ՛ոգեկոչէ, թէ՞ ոչ մարգարէացած ապագայ մը: «Մուսա Տաղ»-ը տեսակ մը «կեթօ» չէ՞, ուր վերապրողները, հպարտ թռիչքով մը եւ յուսահատ արիութեամբ, կը պատրաստուին մահուան` կռիւով, պատերազմով, ոչնչանալու փոխարէն հեռաւոր ճամբաներու արիւնոտ փոշիներուն մէջ:

Գաբրիէլ Բագրատունեանն ու իր մարտնչող ընկերնե՜րը … Ինծի այնպէս կը թուի, թէ հանդիպած եմ անոնց տարբեր տեղ մը, քան թէ իրենց գտնուած տեղը, տարբեր տեղ մը, քան թէ այս վէպին մէջ: Ոմանց խելացնոր արիութիւնը, ոմանց խոնարհութիւնը կամ երկչոտութիւնը, պատանիներու խիզախութիւնը, ծերունիներու յամառութիւնը, կղերականներու չափաւորութիւնը` կայսրութեան մը դէմ, որ, քայքայման գագաթնակէտին, կը մերժէ ամէն գութ: Ինչպէ՜ս կարելի է չմտաբերել Երրորդ Ռայխը, որ հակառակ իր 1944-ի պարտութիւններուն` միշտ կը կառչէր, կրկնապատկուած թափով մը, բնաջնջելու Եւրոպայի հրեաներուն մնացորդացը:

Իրենց խորշին մէջ, հայերը քառասուն օրերու ընթացքին, կ՛ըմբոշխնեն, կը վայելեն խախուտ անկախութիւն մը, որ գիտէին, թէ կարճ պիտի տեւէր, եւ սակայն անոնք կ՛օգտուէին անկէ: վսեմացնելու համար իրենց թաքնուած գոյութիւնն ու սանձուած ցանկութիւնները: Երիտասարդներուն համար մեծ արկածախնդրութիւնն է: Թողլքուած հարսին համար առիթն է հրապուրուիլ անծանօթէն եւ սիրել զայն: Ամէն ինչ կ՛ընթանայ արագացուած կռոյթով մը: «Մուսա Տաղ»-ի հայերը կարծես կ՛ապրին ժամանակէն դուրս: Ինչպէս աւելի ետք հրեաները իրենց կեթոյին մէջ, կը կիրարկեն խտացեալ ապրելու արուեստը, յաղթանակներ եւ պարտութիւններ, յոյսեր եւ յուսալքումներ, ցասումներ եւ հաշտութիւններ, բոլորն ալ արագ կ’անցնին: Մէկ օրը` տարիներ են, մէկ գիշերը` յաւիտենականութիւն:

Franz-Werfel_HAԻնչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ Ֆրանց Վերֆել ծանօթ էր ողջակիզում (հոլոքոսթ) բառի իմաստին եւ մեքանիզմին` Ողջակիզումէն առաջ: Արուեստագէտի նախազգացո՞ւմ, թէ՞ պատմական յուշ`  մէկը կապուած միւսին:

Սակայն մենք կը սխալինք, երբ բաղդատութեան դնենք երկու դէպքերը: Շատ պարզունակ պիտի թուէր: Թալէաթ եւ Էնվեր կ՛ուզէին լուծել հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, մինչդեռ Հիթլեր որոշած էր ջնջել երկրագունդի մինչեւ վերջին հրեան: Եւ տակաւին, թուրք զինուորները չունէին գերման սպաներուն մշակոյթը: Հայաստանի մէջ կատարուած վայրենի ջարդի` առաջին ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարուն (ընդգծ. թարգմանիչէն), եւ Լեհաստանի մահուան գործարաններուն միջեւ կայ տարբերութիւն մը, ոչ թէ չափի, այլ` էութեան: Արդեօք անոնք իրարու կապուած են տարբե՞ր կերպով, թէ՞ ոչ` յիշատակութեամբ:

Յստակ է, որ յիշատակութիւնն է, որ կ՛ակնարկուի այս վէպով: Պաշարուած հայերը մահէ չէ որ կը սոսկային, այլ մոռացումէ: Իրենց անձնազոհութիւնը ի զո՞ւր պիտի վատնուէր: Այս է տագնապեցնող հարցը, որ կը հալածէ անոնց նոր սերունդը՞: Անոնցմէ ոմանք, հարկադրելու համար թրքական կառավարութիւնը` յանձնառու ըլլալու անցեալին նկատմամբ, կը դիմեն բռնութեան: Ցաւալի քաղաքականութիւն մը, որ միայն վնաս կը պատճառէ իրենց դատին: Ահաբեկչութիւնը կարելի չէ արդարացնել: Սակայն, իրենք, թուրքերը պէտք էր որ հասկնային հայերու մորմոքն ու ցասումը, որոնց յիշատակութեան իրաւունքն իսկ կ՛ուրանան: Ինչո՞ւ կարելի պիտի չըլլայ հաւաքուիլ ժողովի մը երկու կողմերու մասնակցութեամբ «տիալոկ»-ի բանակցութեան մը սկիզբը դնելու: Այսօրուան թուրքերը պատասխանատու չեն արիւնալի դէպքերուն որոնք պատահած են յիսուն տարի առաջ, սակայն անոնք պատասխանատու են իրենց այժմու կեցուածքին համար նոյն այդ այդ դէպքերուն նկատմամբ:

Ճիշդ ասոր համար է որ Ֆրանց Վերֆելի այս մեծ վէպը, որուն վերահրատարակութիւնը մենք կ՛ողջունենք, կրնայ օգտակար ըլլալ ԻՐԵՆՑ եւ մեզի բոլորիս: Ոգեկոչման հզօր հրաւէր մը ըլլալուն: Ան մեզի կը բանայ դէպի վշտակցութիւն: Եւ կամ ալ, այդ մէկը մեզմէ կախեալ է, դէպի ՅՈՅՍ:

 

 

 

Նախորդը

Էջեր Հալէպահայու Մը Օրագրէն

Յաջորդը

Կաթուզօ Կ՛ամբաստանուի Մրցումներու Արդիւնքներուն Հետ Խաղացած Ըլլալու Յանցանքով

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.