Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Կուս Հիտինք շատ հաւանաբար վերստանձնէ Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը` խումբը առաջնորդելով դէպի Եուրօ-2016` Ֆրանսա:
Ըստ հոլանտական մամուլին, կը կարծուի, որ այժմու մարզիչ Կուս Հիտինկ 2014-ի Մոնտիալէն ետք լքէ իր պաշտօնը, բացի եթէ ան յունուար 2014-ին իր պայմանագրութիւնը նորոգէ:
Հիտինք, որ Ամանորի արձակուրդի գացած է Ափրիկէ, Հոլանտա իր վերադարձին այս հարցը պիտի արծարծէ Հոլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ:
Նշենք, որ նախապէս Հիտինք Հոլանտայի մարզիչը եղած է 1995-էն մինչեւ 1998-ի Մոնտիալին կիսաւարտականի արձանագրուած պարտութիւնը` Ֆրանսայէն:


