Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռապըրթ Ֆիսքի Յօդուածը. Հայերու Ոսկորներուն Վրայ Պատերազմը Կը Շարունակուի Այսօր Ալ…

December 18, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

fisk-1Յայտնի լրագրող Ռապըրթ Ֆիսք յօդուած մը հրատարակեց Սուրիոյ մէջ շարունակուող ներքին պատերազմին մասին եւ կանգ առաւ այն հայերուն վրայ, որոնք 1915-ի Ցեղասպանութենէն ճողոպրելով Սուրիա ապաստանած հայերու թոռներն են, եւ որոնք եւս այսօր զոհ կ՛երթան Սուրիոյ ներքին պատերազմին:

Այն հողերուն վրայ, ուր թաղուած էին 1915-ին սպաննուած հայերուն ոսկորները, դարձեալ պատերազմ մը կը շարունակուի, կը գրէ Ռապըրթ Ֆիսք, հայերը դարձեալ կը սպաննուին, հայկական եկեղեցիները յարձակման կ՛ենթարկուին:

Ռապըրթ Ֆիսք կը պատմէ, որ մօտաւորապէս երեսուն տարի առաջ Տէր Զօրի մէջ, Հապուր գետի բարձունքին վրայ երեւան հանած էր 1915-ի Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայերու գանկերն ու ոսկորները, ասոնք զոհուած մէկուկէս միլիոնէն միայն քանի մը հոգիի ոսկորներն էին: 1915-ին դիակները այնքան շատ էին, որ գետին ուղղութիւնն ալ փոխուած էր

«Երեսուն տարի առաջ հայ ընկերներս, որոնք կ՛ընկերանային ինծի, ոսկորները վերցուցած ու տեղաւորած էին Տէր Զօրի մէջ կառուցուած յուշարձան-եկեղեցիին գետնայարկին մէջ, կը գրէ Ֆիսք: Թող ամչնար թուրք պետութիւնը, որ այդ ցեղասպանութիւնը կ՛ուրանար: Եւ հիմա դարձեալ այդ նոյն հողերուն վրայ է, որ ներքին պատերազմ կը շարունակուի, ու այդ պատերազմին զոհ կ՛երթան նաեւ հայեր: Հայերը, որոնք 1915-էն ետք ապաստան գտած էին Սուրիոյ հողերուն վրայ, հիմա դարձեալ սկսած են խոյս տալ դէպի Լիբանան, Եւրոպա կամ Ամերիկա: Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի վերջ հայերը դարձեալ կը սպաննուին, անոնց եկեղեցիները կը քանդուին: Այն եկեղեցին, որ իբր թէ վերջին հանգստարանն էր Ցեղասպանութեան զոհերուն, նմանապէս վնաս կրեց, բայց յայտնի չէ, որո՞նք էին այդ յարձակումին հեղինակները:

margadeՌապըրթ Ֆիսք կը պատմէ, որ այս մասին խօսած է Դամասկոսի հայոց առաջնորդ Արմաշ Նալպանտեան սրբազանին հետ. սրբազանը ըսած է, որ եկեղեցիին վնասուիլը այնքան կարեւոր չէ, որքան` Ցեղասպանութեան յիշատակին վնասուիլը, ուստի բուն մտահոգութիւն պատճառող հարցը Ցեղասպանութեան մոռացումն է: Այնուհանդերձ, Ռապըրթ Ֆիսք դիտել կու տայ, որ թէեւ շատ ալ գեղեցիկ շէնքի մը չէ այդ եկեղեցին, բայց ան Ցեղասպանութեան յիշատակն է եւ կը վկայէ կատարուած Ցեղասպանութեան մասին, ինչպէս որ հրեանները ողջակիզման զոհ գացած հրեաներուն ի յիշատակ կառուցած են Եատ Վաշէն յուշարձանը: Թէեւ հրեաներն ալ, թուրքերուն նման, ամօթալի կերպով կը պնդեն, որ 1915-ը ցեղասպանութիւն չէր, բայց 1915-ի մասին խօսելու ընթացքին կը գործածեն Շոա բառը, որ իրենց լեզուին մէջ ողջակիզումի իմաստն ունի: Հալէպի հայոց եկեղեցին հրկիզուեցաւ ու վնասուեցաւ Սուրիոյ Անկախ Բանակ կոչուած ուժերուն կողմէ, այն ուժերուն կողմէ, որոնք զօրակցութիւն գտան ամերիկացիներէն ու Սէուտական Արաբիայէն եւ անոնց կողմէ տրամադրուած գումարներով զինուեցան ու հիմա կը կռուին Ասատի ուժերուն դէմ: Այս ուժերն էին որ Ռաքքայի մէջ հրկիզեցին հայ կաթողիկէներու եկեղեցին.  հարիւրաւոր թուրք ռազմիկներ, որոնք 1915-ին հայերը ոչնչացնողներուն թոռներն էին, տեղ գրաւեցին այդ ապստամբ զինուորներուն միջեւ: Այսքան չէ: Երբ հայերը կ՛ոգեկոչէին Ա. Աշխարհամարտի զոհերուն յիշատակը, Դամասկոսի Թարգմանչաց վարժարանին վրայ ինկաւ ռումբ մը, երկու ռումբեր ալ ինկան դպրոցի երկու հանրաշարժներուն վրայ: Աշակերտներէն Յովհաննէս Աթոքեանեան եւ Վանեսսա Պետրոս մահացան: Մէկ օր վերջ Պէյրութէն դէպի Հալէպ գացող հանրաշարժ մը, որ հայերով լեցուն էր, խափանուեցաւ ապստամբ ուժերու կողմէ, հայերը կողոպտուեցան:

Երկու օր վերջ Հալէպի մէջ Գէորգ  Պօղոսեան մեռաւ թնդանօթի ռումբի մը տակ: Թէեւ Սուրիոյ մէջ ցարդ սպաննուած հայերուն թիւը 65 է, բայց մենք կրնանք մտածել, որ այս կերպով մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 1.500.065-ի, կը գրէ Ֆիսք: Անշուշտ հայերն ալ, Սուրիոյ այլ քրիստոնեաներուն նման, նախագահ Ասատին կողքին կանգնած չեն, բայց անոնք տեղ ալ չեն գրաւեր Ասատի դէմ ապստամբող ուժերուն կողքին: Հայերը երկու տարի վերջ ձեռնարկներ պիտի իրականացնեն իրենց ողջակիզման 100-րդ տարեդարձին առիթով, իսկ Սուրիոյ ապստամբներուն զօրակցող Թուրքիան ալ նոյն օրերուն պիտի նշէ Կալիփոլիի պատերազմին հարիւրամեակը: Այդ պատերազմի ընթացքին հերոսաբար կռուող զիուորներուն միջեւ անշուշտ կային հայեր ալ, որոնք կը կրէին թուրք զինուորի համազգեստ: «Բայց ձեր ուզած գումարով գրաւի կրնամ բռնուիլ, որ Կալիփոլիի պատերազմի այդ ոգեկոչման ընթացքին ոչ մէկը պիտի յիշատակէ հայերու ալ անունը», կը գրէ Ռապըրթ Ֆիսք:

 

 

Նախորդը

Սեբաստիոյ Սուրբ Գէորգ Հայկական Եկեղեցին Պիտի Վերանորոգուի

Յաջորդը

«Բայց Ե՞րբ Կը Լինի Այդ»… Ե՞րբ Կը Բարեփոխուի Քաղաքական Թրքութիւնը

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.