Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրանի Նոր Կառավարութիւնը Մեծ Կարեւորութիւն Կու Տայ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Ընդլայնումին» Կ՛ըսէ Զարիֆ

December 17, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ
Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ

Նախանցեալ օր Թեհրանի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան հանդիպում ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆի հետ: Վկայակոչելով իրանական «Փրես Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին կայքէջը` «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ըստ Իրանի արտաքին գործոց նախարարին, Իրան մեծ կարեւորութիւն կու տայ դրացի երկիրներու եւ յատկապէս Հայաստանի հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնումին: Ան բարձր գնահատեց Հայաստանի եւ Իրանի երկարամեայ եւ բարեկամական յարաբերութիւնները: Իրանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց, որ Իրան պատրաստակամ է աւելի եւս ամրապնդելու այդ յարաբերութիւնները` նշելով, որ Իրան-Հայաստան տնտեսական եւ առեւտրական համագործակցութիւնը ամուր հիմքեր ունի: Ան նաեւ աւելցուց, որ Թեհրան եւ Երեւան պէտք է շարունակեն իրենց բանակցութիւնները եւ համագործակցութիւնը շրջանային եւ միջազգային խնդիրներուն մէջ:

Շաւարշ Քոչարեան իր կարգին յոյս յայտնեց, որ երկու երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու փոխադարձ այցելութիւնները ճամբայ հարթեն աւելի ամրապնդելու եւ զարգացնելու Թեհրան-Երեւան յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ: Ան վերահաստատեց Հայաստանի աջակցութիւնը 24 նոյեմբերին Ժընեւի մէջ Թեհրանի եւ վեց մեծ պետութիւններու` Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ, Ռուսիոյ, Չինաստանի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ միջեւ կնքուած համաձայնագիրին:

Քոչարեան նաեւ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի` Ասիական եւ Խաղաղովկիանոսեան հարցերով արտաքին գործոց փոխնախարար Իպրահիմ Ռահիմփուրի հետ:

 

Նախորդը

Այսօր Պարտադիր Կուտակային Համակարգին Դէմ Բողոքի Ցոյցը Տեղի Պիտի Ունենայ

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Հանդիպումներ Ունեցան Նախագահ Սարգսեանի Եւ Նալբանդեանի Հետ

RelatedPosts

Փեսքով. «Փութինը Եւ Փաշինեանը  Պիտի Քննարկեն Հայաստանի Եւրոպական  Ձգտումներու Եւ Ռազմակայանի Հարցերը»
Հայկական

Փեսքով. «Փութինը Եւ Փաշինեանը Պիտի Քննարկեն Հայաստանի Եւրոպական Ձգտումներու Եւ Ռազմակայանի Հարցերը»

November 28, 2026
Զախարովա. «ԹՐԻՓՓ-ի Իրագործման  Ժամանակ Պէտք Է Հաշուի Առնուին  Ռուսիոյ Եւ Իրանի Շահերը»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «ԹՐԻՓՓ-ի Իրագործման Ժամանակ Պէտք Է Հաշուի Առնուին Ռուսիոյ Եւ Իրանի Շահերը»

November 28, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։