Անտրես Սվենսըն, որ Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը ամէնէն շատ կրած մարզիկն է, պիտի լքէ միջազգային ասպարէզը, յայտնեց Շուէտի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը:
Էլֆսպուրկի միջնապահը, որ 148 անգամ կրած է Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը, իր մասնակցութիւնը բերած է երկու մոնտիալներու եւ երկու` Եւրոպայի ախոյեանութիւններու:
Ան միջազգային իր առաջին մրցումը կատարած է 1999-ին` Հարաւային Ափրիկէի դէմ:


