Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոչ Եւս Է Ռուբէն Պարսումեան

December 14, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒՕ ՀԱՃԵԱՆ

p15-mahaztՄեզմէ անակնկալ կերպով բաժնուեցաւ Ռուբէն Պարսումեան` նուիրեալ, ծառայասէր եւ ուղղամիտ ընկեր, եղբայր եւ հայ մարդ: Հալէպահայ յետեղեռնեան երկրորդ սերունդի վերջին հայ ուսուցիչներէն եւ ազգային գործիչներէն էր Ռուբէն, որուն անձնական շնորհները եւ բացառիկ մտաւորական արժէքը ոչ բոլորին յայտնի էին իր չափազանց համեստութեան պատճառով:

Նիւ Եորքի Համազգայինի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն էր, կազմակերպութիւն մը, որուն անխոնջ կերպով ծառայեց չորս տասնամեակներ: Ամերիկաբնակ գրողներու մօտիկ ընկեր, ինչպէս` Յակոբ Կարապենց եւ Ժիրայր Աթթարեան, կէս-կատակ կէս-լուրջ Ռուբէն կը պատմէր, որ իրեն կ՛ըսէին, «Դուն մի՛ գրեր, որ ընթերցող ունենանք», քանի որ ան բացառիկ գրական քննադատի աչք ունէր:

Այնթապցիի հպարտ զաւակ, իր առաջին լեզուն եղած էր թրքերէնը: Հինգ տարեկանին, դպրոցի առաջին օրը տուն վերադարձաւ լալով, որովհետեւ ո՛չ դասընկերները զինք կը հասկնային, ո՛չ ալ ինք անոնց: «Էրմենիճէ քոնուշուրլար, եաւրում», ըսած էր իրեն մեծ մայրը (հայերէն կը խօսին, ձագս): Այս աշխարհէն հեռացաւ հայերէնին տիրապետելով շատ քիչերու պէս, լեզու մը, որուն հանդէպ պաշտամունք ունէր: Իր կեանքի մեծագոյն մտահոգութիւններէն էր մեսրոպեան ուղղագրութեան վերականգնումը հայրենիքի մէջ, անկախութենէն ետք, նպատակ մը, որուն իրագործման համար մեծ խոչընդոտները զինք չէին յուսահատեցներ: Իր կեանքի մեծ ցաւն էր իր եղբօր, Յակոբ Պարսումեանին առեւանգումն ու անհետացումը անյայտ պայմաններու մէջ, Պէյրութի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ:

Մինչեւ իր կեանքին վերջին օրերը եղբօրը ճակատագիրը իրեն առեղծուած մը մնաց: Փոքր տարիքէն որբացած, Յակոբ, Ռուբէն եւ իրենց քոյրը` Սիլվա (այժմ նիւեորքաբնակ) իրենց մանկութիւնը ու պատանեկութիւնը անցուցած են Հալէպի պատսպարանին մէջ: Նախախնամութեան դասաւորումով, թէեւ սիրուած եւ միշտ շրջապատուած ընկերներով, որոնց հանդէպ կը ցուցաբերէր այնթապցի մարդու հիւրասիրութիւնը, Ռուբէն հրաժեշտ առաւ այս աշխարհէն` տարիքը առած, որբ ու մինակ:

Ռուբէն գնաց առանց որեւէ բարոյական պարտքի եւ բոլորս իրեն հանդէպ պարտական մնալով: Կը մաղթենք, որ միանայ իր եղբօր եւ իր երկու ընկերներուն, որոնք մէկ տարի առաջ մեզմէ հեռացան` Արիս Սեւակը` իր Նիւ Եորքի լաւագոյն ընկերներէն եւ Պետրոս Հաճեան` երիտասարդութեան ընկերներէն, որուն հետ Հալէպի մէջ պաշտօնավարած էր. իրեն պէս նուիրեալ հայեր, որոնք մեր մշակոյթի ջահը վառ պահեցին եւ զայն նոր սերունդներուն փոխանցեցին, բայց գլխաւորաբար, բառին ամբողջական իմաստով, բարի մարդիկ: Աստուած Ռուբէնին հոգին լուսաւորէ եւ իր հարազատներուն մխիթարութիւն պարգեւէ:

Հողը թեթեւ լինի վրան:

 

 

 

Նախորդը

Երկնքի Բժիշկները

Յաջորդը

Հարցազրոյց` Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ Համաժողովին Մասնակցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Չորս Պատգամաւորներուն Հետ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.