Քուալա Լամփուրի մէջ (Մալեզիա) տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը (4-3 արդիւնքով)` այս անգամ իրեն զոհ դարձնելով Սէուտական Արաբիան:
Քամել Էլիաս հեթրիք մը իրագործեց, մինչ վերջին կոլը նշանակեց Քարիմ Ապու Զէյտ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Լիբանան աւելի ամրապնդեց պարագլուխի դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 9 կէտ:
Այսօր` հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին, ժամը 14:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Լիբանան իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ Քուէյթի դէմ: Յաղթանակ կամ նոյնիսկ հաւասարութիւն մը արձանագրելու պարագային, Լիբանան Արեւմտեան Ասիոյ այս ախոյեանութիւնը պիտի աւարտէ պարագլուխի դիրքին վրայ` նկատի ունենալով, որ իր ետին գտնուող նոյնինքն Քուէյթ ապահոված է 7 կէտ:
Ստորեւ` դասաւորումը.
| ՄՐՑ. | ԿԷՏ | |
| 1.- Լիբանան | 3 | 9 |
| 2.- Քուէյթ | 3 | 7 |
| 3.- Իրաք | 3 | 4 |
| 4.- Սէուտական Արաբիա | 4 | 1 |
| 5.- Քաթար | 3 | 1 |


