Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութիւնը Վերապրողներու Վկայութիւնները` Թրքերէնով

December 10, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վերժինէ Սվազլեան եւ հատորին հայերէն տարբերակը
Վերժինէ Սվազլեան եւ հատորին հայերէն տարբերակը

Ռակըպ Զարաքօլուի «Պելկէ» հրատարակչատունը նոր ու ստուար հատոր մը եւս հրատարակեց Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Այս անգամ ան ընթերցողներու տրամադրութեան տակ կը դնէ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի  անդամ, գիտնական ու Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ նիւթերու մասնագէտ Վերժինէ Սվազլեանին լայնաշունչ մէկ գործը, որ կը բովանդակէ Ցեղասպանութենէն վերապրողներու յուշեր, վկայութիւններ, ինչպէս նաեւ` այդ տառապալից շրջանին մասին յօրինուած հայերէն ու թրքերէն երգեր:

Վերժինէ Սվազլեանին այս գիրքը 55 տարիներու աշխատանքի մը արդիւնքն է: Թէեւ հոն խօսողները այլեւս կենդանի չեն, բայց հեղինակը մէկ երկիրէն միւս երկիրը շրջելու ընթացքին հաւաքած է անոնց վկայութիւնները ու տեսողական փաստաթուղթերու վերածած զանոնք` այդ վկայութիւնները բառ առ բառ թուղթին յանձնելով:

«Պելկէ» հրատարակչատունը, որ Ցեղասպանութեան մասին ցարդ հրատարակած է շատ կարեւոր գիրքեր, այս անգամ հրատարակած է բոլորովին տարբեր տեսակի գիրք մը, որուն թարգմանութիւնը կատարած են Տիգրան Տէր Ողորմեաճեան եւ Պետրոս Չաւիքեան:

Վերժինէ Սվազլեանին աշխատասիրութիւնը հայերէնով հրատարակուեցաւ 2011-ին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի եւ Հնագիտական հիմնարկի համատեղ նախաձեռնութեամբ: Հայերէնով հրատարակուելէն հազիւ երկու տարի ետք գիրքը կ՛արժանանայ թրքերէնով հրատարակուելու բախտին:

Վերժինէ Սվազլեան գիրքին մուտքը գրելէ եւ Հայոց ցեղասպանութեան մայր գիծերուն ու արդիւնքներուն մասին տեսակէտներ պարզելէ ետք, ձայնը տուած է քանի մը հարիւր վերապրողներու, որոնցմէ մէկ մասը կը պատմէ իր անձնական յուշերն ու ապրումները, իսկ միւս մասն ալ կը պատմէ ընդհանուր պատահարներն ու զանգուածին ապրումները: Յատուկ կարեւորութիւն ունի նաեւ այն բաժինը, ուր կը տրուին տխուր երգեր, որոնք կը պատմեն հայ ժողովուրդին ապրած ցաւն ու տառապանքը: Ընդհանրապէս 700 գլուխ վկայութիւն եւ երգ կայ այս գիրքին աւելի քան հազար էջերուն վրայ:

Վերժինէ Սվազլեան դիտել կու տայ, որ սկզբնական շրջաններուն շատ կը դժուարանար վերապրողները խօսեցնել. անոնք կը մերժէին խօսիլ եղածներուն մասին, կամ չէին ուզեր յիշել այդ տխուր օրերը: Բայց անգամ մը որ կը սկսէին խօսելու, թափ կու տային իրենց պոռթկումներուն ու կը պատմէին մեծ յուզումով: Անոնցմէ ոմանք, այնքան տառապած ըլլալով հանդերձ, թուրք ժողովուրդին հանդէպ թշնամութիւն չէին զգար եւ կ՛ընդունէին, որ թուրքերուն մէջ եւս բարի մարդիկ կային, իսկ Ցեղասպանութիւնը կազմակերպուած էր երիտթուրքերուն կողմէ:

Վերժինէ Սվազլեանին կողմէ ի մի բերուած այս յուշերը պատմական որեւէ ուսումնասիրութենէ շատ աւելի խօսուն են եւ` շատ աւելի յուզիչ: Ընթերցողը իր մորթին վրայ կը զգայ մարդոց կողմէ բերուած վկայութեան ծանրութիւնը: Այս տեսակէտէն կարելի է ըսել, որ այս գիրքը բաւական տարբեր շունչ ունի ցարդ Ցեղասպանութեան մասին հրատարակուած բազմաթիւ գիրքերէ:

«Պելկէ» հրատարակչատունը շատ կարեւոր ձեռնարկ մը իրականացուցած է այս գիրքին հրատարակութեամբ:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Սպառնալիքները Պիտի Մղեն Աւստրալիան Ցեղասպանութեան Ճանաչման

Յաջորդը

Հայեւթուրք Երկխօսութեան Խաբկանքն Ու Իրականութիւնը

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.