Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական Հայրենիքի. Փութաջան Փութինին Բութակը…

December 9, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

putajan-putinԱմէն լար ունի իր յատուկ բութակը: Ձախ կամ աջ ուղղելով` կարելի է ամրացնել կամ թուլացնել, երաժշտութիւն ու մեղեդի սփռող լարային գործիքի ետին գտնուող թելը:

Ուրեմն բութակէն կախեալ է լարային գործիքի մը ձայնասփռած մեղեդին:

Բնականաբար բութակին վրայ լաւապէս տիրապետած երաժիշտն է որ կը տիրանայ հռչակի եւ կը նկատուի վիրթուոզ:

Դեկտեմբեր 2-ին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի այցելութիւնը Հայաստան` կը նմանէր այն վիրթուոզին, որ կրցած էր լաւապէս կատարել իր լարախաղացի դերը եւ հմտօրէն տիրապետել բութակին` Հայաստանին վրայ:

Կրկնենք թուականն ու յատկապէս վայրը` դեկտեմբեր 2, Գիւմրի…

Ճիշդ այդ թուականին էր… դեկտեմբեր 2, 1920-ին, որ հարիւրաւոր տարիներու թմբիրէն դուրս գալով, հազիւ երեք գարուններ բոլորած անկախ Հայաստանի պետութիւնը, պայմաններու բերմամբ ստիպուած էր յանձնուիլ Խորհրդային Միութեան համայնավար ղեկավարութեան եւ վերստին մահաքունի մէջ մտնել: Օր մը ետք, դեկտեմբեր 3, 1920-ին Ալեքսանտրապոլի (…այժմ Գիւմրի) մէջ, կնքուեցաւ դաշնագիր մը, որուն մէջ կը նշուէր, թէ Կարսն ու Նախիջեւանը վիճելի տարածքներ էին: Սակայն ստորագրութեան պահուն, արդէն հայկական կողմը կորսնցուցած էր իրաւական իր հիմքը եւ, բնականաբար, Ալեքսանտրապոլի այս դաշնագիրը բնաւ չունեցաւ վաւերացման կարգ:

Փութին նախընտրած էր մայրաքաղաքէն հեռու…Հայաստանի երկրորդ քաղաքը` Գիւմրին նկատի ունենալ իբրեւ իր այցելութեան առաջին վայրը…

Հոն, ուր կը գործէ լայնատարած եւ գերարդիական սահմանապահ 102-րդ զօրամասի կեդրոնատեղին: Հոն, ուր քանի մը օր ետք, դեկտեմբեր 7-ի կէսօրուան ժամերուն պիտի նշուի ահաւոր երկրաշարժին 25-ամեակը: Հոն, ուր ցայսօր չեն սպիացած այդ փլատակներն ու աւերակները: Հոն, ուր վերջին ամիսներուն արտագաղթը այնքան մը ընդհանրացած է, որ հետզհետէ այցելուն կը նկատէ, թէ դատարկուելու սկսած է այդ երբեմնի բանուկ քաղաքը:

Արդեօք կարելի չէ՞ր միջազգային փրոթոգոլային օրէնքները յարգելով` Ռուսիոյ նախագահը մուտք գործէր մայր դուռէն` մայրաքաղաք Երեւանէն, փոխան մաքսատան մօտակայքը գտնուող, հիւսիսային սահմանամերձ քաղաքէն:

Դեռ աւելի՛ն. Փութինի այցելութեան թուականը  կը յատկանշուէր այն երեւոյթով, որ դեռ հազիւ երկու օր Լիթուանիոյ մայրաքաղաք  Վիլնիւսի մէջ կատարուած էր Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովը, որուն մասնակցած էր նոյնինքն Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որ իր խօսքին մէջ պատրաստակամութիւն յայտնած էր աւելի ընդգրկուն Եւրոպա մը կառուցելու բաղձանքը:

Փութին նաեւ այցելեց Երեւան, Ծիծեռնակաբերդ, ուր զետեղեց փունջ մը ծաղիկ, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն: Ի վերջոյ, ան նախագահն է Հայաստանի բնակչութենէն աւելի հաշուող ռուսահայ գաղութի մը, որ իր ղեկավարած երկրի զանազան քաղաքներէն ներս շօշափելի թիւ կը հաշուէ:

Այսպէս կը գործէ փութաջան Փութինին բութակը:

Նախորդը

Շարունակուող Եղեռնը Մեր Հոգիներուն Մէջ

Յաջորդը

«Թէեւ Խորհրդաժողովը «Իսլամաց(ու)ած Հայեր» Խորագիրը Կը Կրէր, Սակայն Յատկապէս Ցեղասպանութիւնն Ու Անոր Առնչութեամբ Կատարուած Իսլամացման Արարքը, Իբրեւ Կեդրոնական Նիւթերէն, Հոն Տեղ Գրաւած, Յստակ Արտայայտութիւն Կը Գտնէին» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Իշխան Չիֆթճեան

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.