Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Շաբաթավերջը 1400 Հոգի Մէկտեղեց Հայկական Հարցին Շուրջ

December 5, 2013
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1203haytadԱնցնող շաբաթավերջին, Հոլիվուտի «Լոզ» պանդոկն ու անոր կից գտնուող «Ռոյ Տոլպի» սրահը Հայկական հարցով մտահոգ աւելի քան 1400 հոգիի ժամադրավայրը հանդիսացաւ` շնորհիւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած խորհրդաժողովին ու տարեկան ձեռնարկին:

Շաբաթավերջի ձեռնարկները սկսան ուրբաթ օր` Հայ դատի խորհրդաժողովով, որ ի մի բերաւ արուեստագէտներ, մտաւորականներ, իրաւագէտներ, քաղաքական մարզի մասնագէտներ եւ պաշտօնատարներ, որոնք երեք օրերու վրայ երկարած նիստերու ընթացքին Հայկական հարցին առնչուող շարք մը քննարկումներ կատարեցին:

Քննարկումները կեդրոնացած էին չորս նիւթերու վրայ` «Շարժապատկեր եւ արուեստներ», «Հայրենիք-սփիւռք», «Արեւմտեան Հայաստան» եւ «Անդրազգային արդարութիւն»: Տեղի ունեցան նաեւ երկու աշխատանիստեր, որոնք նուիրուած էին հայութիւնը դէպի քաղաքական կեանք մղելու ջանքերուն եւ արդի ճարտարագիտութիւնը ի նպաստ Հայ դատին օգտագործելուն:

Կիրակի օր տեղի ունեցաւ համացանցային աննախընթաց հանրային քննարկում մը` Միջին Արեւելքի, Հայաստանի, Եւրոպայի, Աւստրալիոյ, Հարաւային Ամերիկայի, Քանատայի ու Ամերիկայի ու Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն միջեւ:

Հայ դատի շաբաթ օրուան տարեկան ձեռնարկին ընթացքին մրցանակներ շնորհուեցան Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիին («Տարուան անձնաւորութիւնը»), Արցախի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանին («Խրիմեան Հայրիկ»), հռչակաւոր մարզիկ Ճերի Թարխանեանին («Ժողովուրդի ախոյեան»), Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Խաչօ Աշաճեանին («Տարուան օրէնսդիրը»), Արա Սիւտճեանին («Վահան Քարտաշեան») եւ Մանաս Պուճիքեանին («Ժառանգութիւն»):

Յիշեցնենք, թէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկի հովանաւորութիւնը ստանձնած էր Կալեան ընտանիքը: «Բարեսիրութիւնը հիմնաքարերէն մէկը եղած է Կալեան ընտանիքին, ներառեալ` տէր եւ տիկին Չարլի եւ Ճուլիա Կալեանները, տէր եւ տիկին Քարլօ ու Ճիզելլա Կալեանները, տէր եւ տիկին Էնճըլօ եւ Լոռի Կալեանները եւ Մանիք Կալեանը», նշուած էր այս մասին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Միօրեայ Սեմինար Դպրեվանքին Մէջ

RelatedPosts

Եափուճեան Ընտանիքի Նուիրատուութեամբ՝ Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» Եւ «Բեկոր Աշոտ» Մասնաճիւղերու Վարչութեան Բարենորոգուած Ժողովասենեակի Բացումը
Գաղութէ Գաղութ

Եափուճեան Ընտանիքի Նուիրատուութեամբ՝ Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» Եւ «Բեկոր Աշոտ» Մասնաճիւղերու Վարչութեան Բարենորոգուած Ժողովասենեակի Բացումը

November 21, 2026
Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակներու Ցուցահանդէսը
Գաղութէ Գաղութ

Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակներու Ցուցահանդէսը

November 21, 2026
Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին Նշանատախտակի Բացում
Գաղութէ Գաղութ

Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին Նշանատախտակի Բացում

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.