Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանի Կարօտով»

November 30, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Անցնող երկու շաբթուան ընթացքին Սիտնիէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Քանատայէն հասած մահուան գուժերը քիչ մը փոթորկեցին հոգիս եւ, աւելի շատ, զգացումներս ալեկոծեցին: Ընդհանրապէս, երբ մահուան լուր մը առնես, արդէն որոշ ցնցում մը կ՛ապրիս: Սակայն զուգադիպաբար երեք մահերն ալ թէեւ իրարու անծանօթ մարդիկ էին, սակայն նոյն միջավայրին եւ նոյն կարօտով հեռացան այս աշխարհէն:

Առաջինը մեր տան տանտիրուհին էր` տիկին Արմէնուհի Հաճեանը, որ 1982-ի վերջերը գաղթած էր Սիտնի եւ հոն պարբերական մեր կապերուն մէջ Պուրճ Համուտի կարօտով կ՛ապրէր:

Երկրորդը տիկին Սոնա Խտըշեանն էր, որ 1989-ի վերջերուն գաղթած էր Միացեալ Նահանգներ: Ամուսինը քաղաքացիական պատերազմի զոհ գացած եւ զաւակները ուսումի համար Միացեալ Նահանգներ փոխադրած` ինքն ալ միացաւ անոնց: Ցաւակցութեան ատեն քոյրը վկայեց, որ վերջին ամիսներուն, երբ ալցայմըրէ կը տառապէր, միշտ պայուսակը շտկելու մէջ էր, Պէյրութ վերադառնալ կ՛ուզէր:

Երրորդը տիկին Շաքէ Կոստանեանն էր, որ նաեւ  զաւակներուն միացաւ 1989-ին: Սակայն զաւակները Քանատա չմնացին. մէկը Հայաստան փոխադրուեցաւ, իսկ միւս երկուքը` Լոս Անճելըս:

2011-ին Քանատա այցելութեանս ժամանակ հանդիպած էինք անոր իր տան մէջ: Առանձին էր, սակայն` ինքնաբաւ եւ ուրախ: Սակայն Պէյրութի կարօտը կը կրծէր անոր հոգին:

Երեք տարբեր մահեր` երեք տարբեր երկիրներու մէջ: Բոլորն ալ` Լիբանանի կարօտով ապրած, Լիբանանի անցեալի յիշատակներով երազ հիւսած եւ օտարութեան մէջ, ծերանոցի կամ հանգստեան տան մէջ իրենց մահկանացուն կնքած, նաեւ օտարութեան մէջ, այդ ցուրտ հողին յանձնուած… Ճոնի մը, Թոմասի մը կամ Մայքըլի մը կողքին. երեւոյթ մը, որուն պատճառով նոյնիսկ գերեզմանոցի օրը գերեզման երթալդ չի գար, որովհետեւ հայկականութիւն չի բուրեր:

Երեք տարբեր մահեր` նոյն սերունդէն: Սերունդ մը, որ կամաց կամաց սկսած է անհետանալ: Սերունդ մը, որ իր երիտասարդութիւնն ու ընտանեկան բոյնը այս մայրիներու երկրին մէջ կերտեցին, սակայն լիբանանահայութեան չար բախտէն անոնք ցիր ու ցան եղան: Սերունդ մը, որ ամբողջ քաղաքացիական պատերազմի առաջին տասը-տասնհինգ տարիները տոկաց, յետոյ զինաթափ եղաւ եւ միացաւ իր զաւակներուն բռնած ճամբուն: Սերունդ մը, որ հաւատաց Լիբանանի կարեւորութեան, եւ երբ հեռացաւ անկէ, սիրտը հոս մնաց մինչեւ մահուան օրը:

Արմէնուհին, Սոնան եւ Շաքէն ես կը ճանչնամ, սակայն վստահ եմ, որ կան հարիւրաւոր արմէնուհիներ, սոնաներ եւ շաքէներ, որոնք օտար ափերուն մէջ օրէ օր, տարուէ տարի կը մարին, եւ մենք անոնց կարօտով եւ յիշատակներով կ՛ապրինք:

Վստահ եմ, որ կեանքի մէջ ի՛նչ ալ պատահի, տեղ մը ծննդավայրին կարօտը չի մեռնիր մէջդ, ծննդավայրի յիշատակներդ սրտիդ խորքը կը մնան եւ այդ մէկը հետդ կը տանիս առ յաւէտ:

Յարգա՛նք այդ սերունդին, որ կրցաւ ապրիլ եւ յոյս տալ իր ընտանիքին: Յարգա՛նք այդ սերունդին, որ դիմադրեց եւ զոհուեցաւ ամբողջ տասնամեակներ: Յարգա՛նք այդ սերունդին, որ ամբողջ կեանք մը զոհեց` սպասելով վաղուան վարդագոյն օրերու Լիբանանին եւ այդ երազով ալ առ յաւէտ բաժնուեցաւ մեզմէ:

 

Նախորդը

Տեսակէտ-Ազատ Բեմ. Քերրի՛, Քեռի՞ Ես, Թէ՞… Գերի

Յաջորդը

Անթառամեան Հոֆմանի Դասախօսութիւնը Նիւ Եորքում

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.