Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանի Եւ Լիբանանի Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդի Գործակցութեամբ. «Մանկավարժ Մասնագէտներու Պատրաստութեան Ծրագիր»

November 28, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_3149Հայկազեան համալսարանը եւ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը 27 նոյեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայկազեան Համալսարանի մէջ ընդունելութեան մը ընթացքին յայտարարեցին սկզբնաւորումը գործակցութեան մը` նպատակ ունենալով պատրաստութիւնը ազգային վարժարաններու 10 ուսուցիչ-տնօրէններու, որոնք պիտի հետեւին մանկավարժութեան բաժանմունքին մէջ մագիստրոսի (MA in Educational Administration, MA in Special Education) դասընթացքներու ծրագիրի մը` յաջորդ տասը տարիներուն ընթացքին: Համալսարանն ու Ուսումնական խորհուրդը հաւասարապէս պիտի տրամադրեն անհրաժեշտ ֆոնտերը:

Վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեան
Վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեան
Շահէ եպս. Փանոսեան
Շահէ եպս. Փանոսեան

Յայտագիրը սկսաւ Հայկազեան համալսարանի հոգաբարձութեան անդամ Սեդա Գարակէօզեանի բարի գալուստի խօսքով: Ան նշեց, որ «Հայկազեան համալսարանը կը շարունակէ իր կրթական ծրագիրներով հետեւողական եւ շինիչ դեր խաղալ հայ ազգի ուսուցիչ-տնօրէններ եւ առաջնորդներ պատրաստելու իր առաքելութեան եւ կոչումին»: Ապա ան հրաւիրեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, որ խօսք առաւ այս առիթով եւ շեշտեց, որ «համագործակցութեան առիթը արդիւնքն է ժամանակակից կեանքի պահանջներուն: Անիկա, նոյնպէս, առիթն է սերունդներու կազմաւորման եւ ժամանակակից կարողականութեան տիրացած մարդուժի պատրաստութեան հրամայականներու» որոնք հաւասարապէս կը յուզեն Հայկազեան համալսարանն ու Ազգային ուսումնական խորհուրդը»: Ան շարունակեց ընդգծելով, որ «մարդուժի պատրաստութեան հարցը հաւաքաբար մեզ յուզող հիմնահարցերէն մին է, որ կ՛ենթադրէ հաւաքական կամք ու ճիգ»: Վերջապէս, սրբազան հայրը այս առիթով շնորհաւորեց Հայկազեան համալսարանին հետ սկիզբ առնող այս միացեալ ուղեւորութիւնը եւ մաղթեց, որ «ժամանակակից կարողութեամբ զինուած մանկավարժ ուժերու պատրաստութեամբ իրողապէս պատուենք հայեցի կրթութիւն ջամբող հայ վարժարանը»:

Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեան գոհունակութիւն յայտնեց այս համագործակցութեան համար եւ ըսաւ. «Եթէ լիբանանեան համալսարաններու առաքելութիւնը կ՛ամփոփուի բարձրագոյն ուսում ջամբելու մէջ, Հայկազեանի առաքելութիւնը կ՛ընդլայնուի ազգային, հոգեւոր, մշակութային ու տնտեսական մտահոգութիւններով եւս, եւ եթէ եկեղեցւոյ մը առաքելութիւնը մասնաւորապէս հոգեւոր ու ընկերային աշխարհին կը հասնի, հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը տարածուի հայ իրականութեան բոլոր ոլորտներուն վրայ: Այսպէս կը դիտենք մենք մեր նոր համագործակցութեան պատկերը»:

Յայտագիրը աւարտեցաւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ:

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Անքնութիւն. Պատճառները Եւ Բարելաւման Միջոցները» Նիւթով

Յաջորդը

«Բագին»-ի Ընթերցման Հանդիպումներու Ծիրին Մէջ. Տոքթ. Թամար Յովհաննիսեան Խօսեցաւ Սփիւռքահայ Գրական Դէմքերէն Յակոբ Կարապենցի Մասին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.