Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Առնչութեամբ Հատուածական Քաղաքական Խաղերը Կը Վնասեն Հայկական Շահերուն

November 25, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Harout-SassounianՔանի որ բոլոր աշխարհի հայերը անխտիր կը պաշտպանեն Արցախի շահերը, շատերուն մօտ հարց կը ծագի, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի կառավարութիւնը մինչեւ այսօր չէ ճանչցած անոր անկախութիւնը:

Հայաստանի ղեկավարները մտահոգուած են, որ Արցախի անկախութեան վաղաժամ ճանաչումը կրնայ վնաս հասցնել Ազրպէյճանի հետ խաղաղ կարգաւորման գործընթացին, եւ հնարաւոր է, որ Հայաստանը ենթարկուի միջազգային ճնշումի եւ պատժամիջոցներու: Բացի ատկէ, նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած է, որ եթէ Ազրպէյճանը պատերազմ յայտարարէ, Հայաստանը այն ատեն պիտի ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը:

Ընդդիմադիր քաղաքական գործիչները կը պնդեն, որ Արցախի ճանաչումը շատոնց հասունցած է, եւ կը մեղադրեն կառավարութիւնը` անոր անկախութիւնը պաշտօնապէս չճանչնալուն համար: Անոնք նաեւ կը զարմանան, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ակնկալել Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը այլ երկիրներու կողմէ, երբ Հայաստանը ի՛նքը առաջին ճանչցողը չէ եղած: Մեկնելով այս փաստարկներէն` ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութեան անդամները պարբերաբար բանաձեւ կը ներկայացնեն Հայաստանի Ազգային ժողովին` Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչնալու համար: Անկասկած, նման բանաձեւերը օրակարգ կը բերուին այն անկեղծ համոզումով, որ Հայաստանը պարտաւոր է ճանչնալ Արցախի ազատագրուած տարածքը: Սակայն շատեր կը պնդեն, որ ընդդիմութեան իրական մտադրութիւնը ծանր կացութեան մէջ ձգել է կառավարութեան մեծամասնութիւնը, որուն անդամները յանդգնութիւն կ’ունենա՞ն դէմ քուէարկելու Արցախի անկախութեան:

Նման բանաձեւերը անյարմար իրավիճակներ կը ստեղծեն ոչ միայն իշխանամէտ, այլ նաեւ ընդդիմադիր միւս երեսփոխաններուն համար, որոնք ստիպուած կ’ըլլան աջակցիլ բանաձեւին, որպէսզի չստեղծուի այն սխալ տպաւորութիւնը, թէ իրենք դէմ են Արցախի անկախութեան:

Նոյեմբեր 13-ին «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Զարուհի Փոստանջեան դարձեալ ներկայացուց նման բանաձեւ մը, որ վերջնական քուէարկութեամբ ստացաւ 10 թեր եւ 0 դէմ ձայներ: Թէեւ ոչ ոք դէմ քուէարկեց, սակայն բանաձեւը չընդունուեցաւ, քանի որ 131 երեսփոխաններուն մեծամասնութիւնը որոշած էր պոյքոթի ենթարկել նիստը` չքուէարկելու համար ընդդէմ Արցախի անկախութեան:

Զարմանալի է, որ Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի պաշտօնեաները միեւնոյն ձեւով արձագանգեցին այդ օրինագիծին: Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին կապերու յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Աթանէսեան իր համաձայնութիւնը յայտնեց Հայաստանի խորհրդարանական մեծամասնութեան դիրքորոշումին. «Այս պահուն Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը նպատակայարմար չէ, քանի որ գոյութիւն ունին կարգ մը կարեւոր խնդիրներ»:  Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան եւս համաձայնութիւն յայտնեց, որ` «Ներկայ փուլին Արցախի ճանաչումը պիտի հակասէ Հայաստանի շահերուն, որովհետեւ ան պիտի դառնայ միակ երկիրը, որ ճանչցած է Արցախը` այժմ անբարենպաստ իրավիճակ ստեղծելով Հայաստանի համար»:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլայեւը համաձայն է հայ պաշտօնեաներուն հետ. «Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ անկախ պետութիւն ճանչնալու մասին բանաձեւի քննարկումը բացասաբար պիտի անդրադառնայ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վրայ եւ պիտի խանգարէ այդ գործընթացը»: Ազրպէյճանցի քաղաքագէտ Ֆիքրաթ Սատիխովը աւելի կոշտ կերպով արձագանգեց. «Նման ճանաչումը Ազրպէյճանին ուղղուած լուրջ մարտահրաւէր է, որ, ի հարկէ, անպատասխան պիտի չմնայ: Երեւանը լաւապէս կը գիտակցի, որ նման քայլ մը Հայաստանի կողմէ կը համարուի կարմիր գիծի շրջանցում, որ դեռ Ազրպէյճանը ետ կը պահէ իր հողերը ազատագրելու համար ուժային եւ արմատական քայլերէն»: Սատիխով նաեւ աւելցուցած է. «Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը հասկնայ, որ անջատողական վարչակարգի անկախութեան ճանաչումով արմատական պիտի դարձնէ եւ սրէ իրադրութիւնը եւ պիտի զայրացնէ միջազգային կազմակերպութիւններն ու տարածաշրջանի պետութիւնները»:

Հակառակ Արցախի ճանաչման հնարաւոր բարդ հետեւանքներուն` աշխարհասփիւռ  հայութիւնը խանդավառօրէն կ’աջակցի Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան: Սակայն նախընտրելի պիտի ըլլայ, որ նման օրինագիծեր խորհրդարանի քննարկման ներկայացուին բոլոր խմբակցութիւններուն համաձայնութիւնը ապահովելէն ետք միայն: Այլապէս, երբ խորհրդարանական ընդդիմադիր քանի մը երեսփոխաններ այս հարցը օրակարգ կը բերեն մեծամասնութեան փափաքին հակառակ, ապա կը թուի, որ անոնք զուտ հատուածական շահեր կը հետապնդեն` սխալ ազդանշան ուղարկելով Ազրպէյճանին եւ աշխարհի միւս երկիրներուն, թէ իբր Հայաստանը դէմ է Արցախի անկախութեան: Բացի ատկէ, նման բանաձեւերու ընդդիմախօսները, սովորաբար կը մեղադրուին այս կարեւորագոյն հարցով Ազրպէյճանին կողմնակից ըլլալու մէջ` ատով իսկ խափանելով  հայկական ջանքերը` ապահովելու Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը:

Արցախի անկախութեան աջակցելու համար առաւել նախընտրելի ռազմավարութիւնը պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական հզօրացումը, որպէսզի անոր ղեկավարները Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման պատեհ ժամը որոշելու ատեն շատ չմտահոգուին միջազգային դատապարտման եւ պատժամիջոցներու մասին:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

 

Նախորդը

Հայերի Եւ Ազրպէյճանցիների Շփումներից. Ազրպէյճանցին` Ընկեր, Ազրպէյճանը` Թշնամի

Յաջորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Հաւատքին Բարիքներէն` Հրաշագործութիւնները…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.