Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժպտերես Լուսանկարիչը.Վաչէ Ասլանեանի (Սթիւտիօ Վաչէ) մահուան քառասունքին առիթով)

November 22, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կ.Ա.

«Քու յիշատակդ այս գիշեր զիս լալու չափ  կը յուզէ»
Վ. Թէքէեան

 

VATCHEԿեանքի փիլիսոփայութեան եւ օրէնքին համաձայն, մարդոց սահմանուած է ծնունդ եւ մահ: Մարդիկ կ՛ուրախանան անձի մը ծնունդով եւ կը տխրին սիրելիի մը բաժանումով: Այս առումով շատ դժուար ընկալելի գաղափար մըն է մահուան իրականութիւնը: Յոյն փիլիսոփայ` Պղատոն մահուան իմաստին մասին հետեւեալ երկու մտածումները արտայայտած է, մէկը` կատարեալ ոչնչութիւն, իսկ միւսը` հոգիին ճամբորդութիւնը դէպի անդրաշխարհ: Այն մարդը, որ վատ կեանք ապրած է, մահէն ետք կ՛ոչնչանայ, իսկ լաւ անուն վաստկած մարդը իր մահէն ետք  կ՛անմահանայ հոգին անդրաշխարհ  մեկնելէ ետք նոյնիսկ, որովհետեւ ան իր կեանքին սկզբունքը ըրած է ապրիլ մարդկային արժէքներով:

Քառասուն օրեր անցան, բայց կարծես երէկ էր, երբ հողին յանձնեցինք ժպտերես լուսանկարիչ եւ վեհոգի հայորդի Վաչէ Ասլանեանը (Սթիւտիօ Վաչէ):

Թէեւ գիտէինք, որ Վաչէն կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ, բայց չսպասեցինք, որ մահը այսքան շուտ պիտի խլէ զինք եւ խլէ իր սիրասուն ընտանիքէն, հարազատներէն եւ բազմահարիւր բարեկամներէն, որոնք կ’ափսոսան այսօր իր վաղաժամ կորուստը:

Վաչէն ծնած էր 1957-ին եւ երկուորեակ զաւակն էր Երուանդ եւ Վերժին Ասլանեաններուն: Նախակրթութիւնը ստացած էր Թէքէեան վարժարանին մէջ: Ան մեծցած էր արուեստագէտ ընտանիքի մը տաքուկ բոյնին մէջ: Հայրը գեղանկարիչ ըլլալով` իր ազդեցութիւնը ձգած է անոր վրայ, իսկ երէց եղբայրը` Յարութը (Սթիւտիօ Յարութ) նկարչութեան թեքնիքները սորվեցուցած եւ ամրացուցած է Վաչէին  ունեցած նկարչական ունակութիւնը:

1981-ին ան ամուսնացած է Աստղիկ Քերեսթեճեանի հետ եւ բախտաւորուած երկու զաւակներով` մէկ մանչ եւ մէկ աղջիկ: 1983-ին Վաչէն արդէն նետուած է մարտահրաւէրի մը դիմաց, երբ Նոր Հաճըն թաղամասին մէջ բացաւ իր անձնական սթիւտիոն: Ան ինքնաշխատութեամբ կատարելագործեց ինքզինք` համբաւ շահելով հայ թէ օտար հասարակութեան մօտ: Առհասարակ փնտռուած անուն մը դարձաւ Սթիւտիօ Վաչէն լիբանանահայ գաղութին մէջ, որովհետեւ իր լուսանկարիչի ոսպնեակէն նկարահանուած պատկերներն ու վիտէօ-երիզները կը պատրաստէր բծախնդիր աշխատանքով եւ իւրայատուկ դրոշմով: Ան սիրուեցաւ ոչ միայն իր ասպարէզին գործընկերներուն կողմէ, այլ նաեւ` յաճախորդներուն կողմէ, որոնք այսօր գնահատանքով կ՛արտայայտուին Սթիւտիօ Վաչէին աշխատանքին եւ անձին մասին:

Անոր նկարագիրին բնորոշ գիծերն էին` սէր, յարգանք, բծախնդիր աշխատանք, լաւագոյնին ձգտող: Ան շնորհիւ իր ունեցած հաւատքին պայքարեցաւ իր մէջ բոյն դրած անողոք հիւանդութեան դէմ լաւատեսութեամբ եւ համբերութեամբ:

Վաչէին յուղարկաւորութեան օրը ներկայ գտնուող հոծ բազմութիւնը լաւապէս կ՛արտացոլացնէր իր ունեցած մարդկային արժէքը:

Ափսոս, սիրելի՛ Վաչէ, կեանքիդ թելը շուտ ընդհատուեցաւ: Դուն քու կեանքիդ օրինակով միշտ ներկայ պիտի մնաս բոլորիս յիշողութեան մէջ:

Թող այս տողերը խունկ ու աղօթք դառնան շիրիմիդ վրայ:

Հանգիստ քու յոգնաբեկ մարմինիդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

 

 

Նախորդը

Սիրելի Ագապի Մղտեսեանի Վառ Յիշատակին

Յաջորդը

«Հանրապետութիւնը»` Հանրապետութեան Հայելին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.